
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ ցամաքային ուժեր ուղարկեն Միջին Արեւելք, այլապէս մասնակից կը դառնան շրջանին մէջ նոր պատերազմի մը»:
Փենսիլվենիա նահանգին մէջ բանակի վեթերաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Օպամա ըսաւ. «Պէտք չէ Միջին Արեւելքի մէջ դարձեալ ցամաքային մեծ պատերազմի մը մէջ մտնենք: Ատիկա մեր ազգային անվտանգութեան եւ ուժերուն համար լաւ չէ»:
Ան շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ ամերիկեան օդային հարուածներու ազդուութիւնը մատնանշեց: «Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերու ռմբակոծման սկիզբէն ի վեր այդ խմբաւորումը աւելի քան հինգ հազար օդային հարուածներ ստացած է», ըսաւ ան` յիշեցնելով, որ իր երկիրը կը մարզէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող տեղական ուժեր:
Օպամա յայտնեց, որ վերջին ճակատամարտերը ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալու կարելիութիւնը ցոյց տուած են եւ խոստովանեցաւ, որ այժմ զրոյցները մօտալուտ նպատակի մը մասին են, եւ «այդ խմբաւորման վերջ տալուն նկատմամբ կասկած չունինք»:


