Միջազգային

2014-ը Երկիր Մոլորակի  Ամէնէն Տաք Տարին Եղած Է

2014-ը Երկիր Մոլորակի Ամէնէն Տաք Տարին Եղած Է

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Սայընս Տէյլի» պարբերաթերթը, կը հաղորդէ, որ 2014-ը Երկիր մոլորակի կլիմայական փոփոխութեան հիմնական ցուցանիշները` հողի եւ Ովկիանոսի ջերմաստիճանի բարձրացումը, ծովու մակարդակի եւ ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը, շարունակեցին մատնանշել Երկիր մոլորակի տաքնալը: Այդպիսի վկայութիւններ ամփոփուած են Ամերիկեան օդերեւութաբանական հասարակութեան «2014-ի կլիմայի վիճակը» տարեկան զեկուցումին մէջ: Զեկուցումին մէջ կիրարկուած են 58 երկիրներէ 413 գիտնականներու հետազօտութիւններուն արդիւնքները` ներառելով օդի ջերմաստիճանի, նշանաւոր եղանակով...

Ապահովութեան Խորհուրդը Հրապարակեց  Իրան-Վեցեակ Համաձայնութիւնը  Որդեգրող Որոշում Մը

Ապահովութեան Խորհուրդը Հրապարակեց Իրան-Վեցեակ Համաձայնութիւնը Որդեգրող Որոշում Մը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հրապարակեց Իրան-Վեցեակ համաձայնութիւնը որդեգրող թիւ 2231 որոշումը: Բանաձեւը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ: ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին յայտարարեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը կը հաստատէ, որ Իրան իրաւունք ունի խաղաղ նպատակներու համար հիւլէական ծրագիր զարգացնելու` աւելցնելով, որ Վիեննայի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը ցոյց կու տայ, որ քաղաքական կամքը կրնայ ամէնէն բարդ խնդիրները լուծել: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը...

Սուրիոյ Սահմանամերձ Թուրքիոյ Սուրուճ Աւանին Մէջ Պայթում Մը  Կը Պատճառէ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Սուրիոյ Սահմանամերձ Թուրքիոյ Սուրուճ Աւանին Մէջ Պայթում Մը Կը Պատճառէ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Առնուազն 28 անձեր սպաննուեցան եւ 100 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Ուրֆա նահանգի Սուրուճ աւանին մէջ քաղաքապետութեան պատկանող մշակութային կեդրոն մը ականահարուեցաւ: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը մտավախութիւն յայտնեց, որ զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ` աւելցնելով, որ յանցագործները պիտի յայտնաբերուին ու դատուին: Ականահարումը ենթադրաբար ՏԱՀԵՇ-ի անդամ 18 տարեկան կնկայ մը կողմէ գործադրուած անձնասպանական գործողութիւն մըն է: Ընկերվարական երիտասարդական միութիւններու դաշնակցութեան առնուազն 300...

Տաւութօղլու Իր Կուսակիցներուն  Յանձնարարած Է Արտակարգ Ընտրութիւններու  Պատրաստ Ըլլալ

Տաւութօղլու Իր Կուսակիցներուն Յանձնարարած Է Արտակարգ Ընտրութիւններու Պատրաստ Ըլլալ

Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար եւ երկրի վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կուսակցութեան նահանգային ղեկավարներուն արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու պատրաստ ըլլալու յանձնարարական տուած է: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով կառավարութեան մէջ իր աղբիւրներուն, հաղորդած է, որ ռամատանի առիթով Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային ղեկավարներու հետ: Ան յայտնած է, որ թէեւ կը շարունակէ համախոհական...

Երեք Շաբաթ Փակ Մնալէ Ետք.  Յունաստանի Մէջ Դրամատուները Կը Վերաբացուին

Երեք Շաբաթ Փակ Մնալէ Ետք. Յունաստանի Մէջ Դրամատուները Կը Վերաբացուին

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ դրամատուներու բոլոր բաժանմունքները բացուած են երեք շաբթուան փակումէն ետք, որ ստացած էր «դրամատնային արձակուրդ» անուանումը: Դրամատուներու շարժման վերահսկողութիւնը կը պահպանուի, ուստի նախկինին նման կարելի է դրամատնային մեքենաներէն կամ հաշիւներէն անձ գլուխ առաւելագոյնը 60 եւրօ հանել: Յունաստանի ազգային դրամատան եւ Յունաստանի դրամատուներու միութեան նախագահ Լուքա Քացելի բացատրած է, թէ պարտադիր չէ, որ աւանդատուները 20 յուլիսէն...

Թուրքիան Կը Մերժէ Տարանցման  Համաձայնութիւն Տալ Ռուսական Կազին

Թուրքիան Կը Մերժէ Տարանցման Համաձայնութիւն Տալ Ռուսական Կազին

Թաներ Եըլտըզ «Ռոսպլաթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած է, որ իր երկիրը զիջումներու պիտի չերթայ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան «Թրքական հոսք» նախագիծի իրականացման հարցերուն մէջ: «Թրքական հոսք»-ը կ՛արտօնէ Ուքրանիան շրջանցելով ռուսական կազը արտածել Եւրոպա: «Մոսկուան մեզի միայն իբրեւ տարանցող երկիր կը տեսնէ: Մեզի համար ատոր մէջ ոչ մէկ իմաստ կայ: Մենք շահագրգռուած ենք միացեալ մատակարարումներ ստեղծելու մէջ:...

Փակուելէն 54 Տարի Ետք.  Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Կը Վերաբացուի  Քուպայի Դեսպանատունը

Փակուելէն 54 Տարի Ետք. Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Կը Վերաբացուի Քուպայի Դեսպանատունը

Այսօր Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնապէս կը վերաբացուի Քուպայի դեսպանատունը: Քուպայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Կարճ, սակայն հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան երեսուն քուպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ շուրջ հինգ հարիւր հրաւիրեալներ»: Քուպայի դեսպանատունը կը վերաբացուի այն նոյն շէնքին մէջ, ուր նախապէս կը գտնուէր:

Կազայի Մէջ Պաշտօնակատարներու  Ինքնաշարժներ Ականահարուեցան

Կազայի Մէջ Պաշտօնակատարներու Ինքնաշարժներ Ականահարուեցան

Երէկ Կազայի մէջ շարք մը պաշտօնատարներու, ներառեալ Համաս շարժումէն անդամներու ինքնաշարժները ականահարուեցան: Առաւօտեան ժամը վեցէն ետք տեղի ունեցած հինգ պայթումներու պատճառներով երկու անձեր թեթեւ վէրքեր ստացան: Լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ ականահարուած հինգ ինքնաշարժները կը պատկանէին Համաս եւ Իսլամական ժիհատ շարժումներու անդամներու: Յիշեցնենք, որ վերջերս ՏԱՀԵՇ-ի համակիր սալաֆականներ սպառնացած էին Համասի ղեկավարութեան:  

«Բրիտանիան Միացեալ Նահանգներու  Պիտի Օժանդակէ Քանդելու Համար  «Խալիֆայութիւն»-ը»  Կ’ըսէ Քամերոն

«Բրիտանիան Միացեալ Նահանգներու Պիտի Օժանդակէ Քանդելու Համար «Խալիֆայութիւն»-ը» Կ’ըսէ Քամերոն

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Բրիտանիա յանձնառու է Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցելու` քանդելու համար ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ հաստատուած «խալիֆայութիւն»¬ը: Ան նշեց, որ կ’ուզէ, որ Բրիտանիան յաւելեալ դերակատարութիւն ունենայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մէջ, սակայն բրիտանական խորհրդարանին զօրակցութեան կը կարօտի: Բրիտանացի օրէնսդիրները երկու տարի առաջ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան մը...

Հիւսիսային Իրլանտայի Մէջ  Ոստիկանութեան Դէմ Յարձակում

Հիւսիսային Իրլանտայի Մէջ Ոստիկանութեան Դէմ Յարձակում

Հիւսիսային Իրլանտայի Արմաղ գաւառի Լըրըն քաղաքին մէջ անծանօթ մը մարդասիրական օժանդակութեան մարմինի մը հեռաձայնելով յայտնեց, որ ոստիկանութեան դէմ ռումբ մը արձակուած է: Ոստիկանները նշուած վայրը ներկայանալով Վիքթորիա փողոցին մէջ կասկածելի սարք մը յայտնաբերեցին եւ փողոցի բնակիչները հեռացուցին, սակայն մինչ անոնք շրջանին մէջ հետազօտութիւն կը կատարէին, երկրորդ սարք մը պայթեցաւ, որմէ ետք ալ ոստիկանութեան ենթադրութեամբ` ազգայնականներ ոստիկանութեան դէմ հրավառ նիւթեր եւ...

«Չկայ Եւ Երբեք Պիտի Չըլլայ Ղարաբաղի Հարցի Զինուորական Լուծում»   Կ՛ըսէ Ռուպին

«Չկայ Եւ Երբեք Պիտի Չըլլայ Ղարաբաղի Հարցի Զինուորական Լուծում» Կ՛ըսէ Ռուպին

Էրիք Ռուպին «Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպին «Պրուքինկզ» հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ չկայ եւ երբեք պիտի չըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի զինուորական լուծում: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են ղարաբաղեան տագնապի արդար, խաղաղ, տեւական եւ բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ լուծման վրայ,...

«Իրան-Վեցեակ Համաձայնութիւնը Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Մէջ Անվտանգութեան Հաստատման Եւ Կը Փոխէ Սուրիոյ Մէջ Կացութիւնը»   Կ՛ըսէ Մոկերինի

«Իրան-Վեցեակ Համաձայնութիւնը Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Մէջ Անվտանգութեան Հաստատման Եւ Կը Փոխէ Սուրիոյ Մէջ Կացութիւնը» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Ֆետերիքա Մոկերինի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան նկատմամբ լաւատես է` նշելով, որ այդ համաձայնութիւնը խաղաղութեան կարիք ունեցող Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան կը նպաստէ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութիւնները կը փոխէ: «Համաձայնութիւնը պատմական քայլ է», նշեց ան` աւելցնելով. «Իրանի հետ համաձայնութեան քաղաքական կարեւորութիւնը նոր դիպաշարեր ու դռներ կը բանայ յարաբերութիւններուն...

Խորհրդարանին Մէջ Տնտեսական Բարեփոխումներու Օրինագիծի Որդեգրումէն Ետք. Յունաստանի Վարչապետը Կը Կեդրոնանայ Եւրոյի Գօտիին Հետ Համաձայնութեան Գործադրութեան Վրայ

Խորհրդարանին Մէջ Տնտեսական Բարեփոխումներու Օրինագիծի Որդեգրումէն Ետք. Յունաստանի Վարչապետը Կը Կեդրոնանայ Եւրոյի Գօտիին Հետ Համաձայնութեան Գործադրութեան Վրայ

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի բանբեր Կապրիել Սաքելլարիտիս յայտնեց, որ հակառակ խորհրդարանին կողմէ տնտեսական բարեփոխումներու որդեգրման հոլովոյթին մեծ դժուարութիւններու հանդիպելուն, վարչապետը կեդրոնացած է Եւրոյի գօտիին հետ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան վրայ: Յունաստանի խորհրդարանը չորեքշաբթի օր բուռն քննարկումներէ ետք ուշ գիշերին վաւերացուց բարեփոխումներու մասին օրինագիծը, որ անհրաժեշտ է ելեւմտական օգնութիւն ստանալու նպատակով Եւրոպական կայունացման մեքանիզմ նախագիծին հետ համաձայնագիր կնքելու համար: Օրինագիծին թեր քուէարկած...

Թուրքիոյ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութիւններու Առաջին Հանգրուանին Լոյսին Տակ.  «Այս Պահուս Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան Հետ Աւելի Լաւ Վիճակի Մէջ Ենք»   Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութիւններու Առաջին Հանգրուանին Լոյսին Տակ. «Այս Պահուս Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան Հետ Աւելի Լաւ Վիճակի Մէջ Ենք» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Ահմեթ Տաւութօղլո «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ երկրին մէջ համախոհական կառավարութիւն կազմելու գործին մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ամէնէն հաւանական գործընկերը Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն է: Ան նշած է, որ կուսակցութիւններու հետ բանակցութիւններու առաջին հանգրուանէն ետք ստեղծուած են յատուկ առանձին աշխատանքային խումբեր, որոնք պիտի աշխատին քաղաքական ուժերէն իւրաքանչիւրին հետ:...

Ըստ Խրիմի Դատախազին.  Նիքոլա Բ. Ցարի` Ռուսիոյ Գահէն Հրաժարումը Իրաւական Ուժ Չունի

Ըստ Խրիմի Դատախազին. Նիքոլա Բ. Ցարի` Ռուսիոյ Գահէն Հրաժարումը Իրաւական Ուժ Չունի

Նաթալիա Փոքլոնսքայա «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Խրիմի դատախազ Նաթալիա Փոքլոնսքայա յայտարարած է, որ Նիքոլա Բ. ցարի Ռուսիոյ գահէն հրաժարումը իրաւական ուժ չունի: Իր վիճայարոյց յայտարարութիւններով յայտնի Փոքլոնսքայա այդպիսի գնահատական հնչեցուցած է Լիւատիոյ մէջ ցարին նուիրուած յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին: Այս անգամ Փոքլոնսքայա մասնաւորաբար ըսած է, որ ռուսական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներկայացուած հրաժարման փաստաթուղթին պատճէնը ստորագրուած է մատիտով, առանց անհրաժեշտ իրաւաբանական...

Ազրպէյճանի Իշխող Կուսակցութեան Մէջ Կը Տիրէ Յուսահատութիւն

Ազրպէյճանի Իշխող Կուսակցութեան Մէջ Կը Տիրէ Յուսահատութիւն

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ներկուսակցական աղբիւրներէն ազրպէյճանական «Ազատլըք»-ին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ազրպէյճանի իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան մէջ յուսահատութիւն կը տիրէ, որովհետեւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները իշխանութեան համար խիստ լարուած պիտի անցնին, «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան մեծ թիւով անդամներ կորսնցուցած են երեսփոխան ընտրուելու յոյսը: Կուսակցութեան մէջ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է նաեւ «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան քարտուղար Սիաւուշ Նովրուզովի կողմէ Ազրպէյճանի...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Փութին եւ Օպամա ՍՊԻՏԱԿ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրը: ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Սիւզըն Ռայս յայտարարեց, որ իր երկրին պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր Միջին Արեւելքի մէջ կասկածներ ունեցող դաշնակիցներուն Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրին բարեմասնութիւնները ներկայացնելու Օպամայի վարչակարգի ջանքերուն ծիրին մէջ պիտի մեկնի Սէուտական...

«Մտադիր Ենք Իրաքեան Ոստիկանութեան Ուժերը Մեր Հողերուն Վրայ Մարզել»   Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Մտադիր Ենք Իրաքեան Ոստիկանութեան Ուժերը Մեր Հողերուն Վրայ Մարզել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Ժաաֆարի եւ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իրաքցի իր պաշտօնակից Իպրահիմ Ժաաֆարիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը մտադիր է յառաջիկայ հանգրուանին իրաքեան ոստիկանութեան ուժերը Թուրքիոյ մէջ մարզել: Ան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ այս ծրագիրի շարունակման պարագային Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ նաեւ իրաքեան բանակի սպառազինման եւ մարզումին: Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Իրաքի...

Գերմանական Պարբերաթերթը Կ՛անդրադառնայ  Աւստրիացի Ընտրական Դէտի Արցախ Այցելութեան

Գերմանական Պարբերաթերթը Կ՛անդրադառնայ Աւստրիացի Ընտրական Դէտի Արցախ Այցելութեան

Ենըվայն եւ Օքսընռայթըր Գերմանական «Ցու Էռսթ» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մանուէլ Օքսընռայթըր նշեալ պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած «Հան-Եորկ Ենըվայնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ միջազգային դէտ Աւստրիական ազատութիւն կուսակցութենէն վիեննացի քաղաքագէտ Հան-Եորկ Ենըվայնի Արցախ այցելութեան. այցելութիւն մը, որուն ընթացքին աւստրիացի քաղաքագէտին ընկերակցած էր յօդուածին հեղինակ Օքսընռայթըր: Վերջինս սիրայօժար կերպով «Ազդակ»-ին տրամադրեց իր վերոնշեալ յօդուածը,...

ՏԱՀԵՇ Սպառնացած Է Թուրքիոյ

ՏԱՀԵՇ Սպառնացած Է Թուրքիոյ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող «Տարուլհիլաֆէ» թրքերէն կայքը սպառնալիքներ տարածած է Թուրքիոյ հասցէին: ՏԱՀԵՇ Թուրքիան մեղադրած է լրատուամիջոցներու ազատութիւնը սահմանափակելու մէջ: Ահաբեկիչներու յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Թուրքիան փակած է իրենց կայք մուտքը` փորձելով սահմանափակել մամուլի ազատութիւնը: Յայտարարութեան վերջաւորութեան կ՛ըսուի, որ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ Թուրքիոյ ճնշումներուն իբրեւ հետեւանք իրենք հարկադրուած պիտի ըլլան «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալ»:

Page 847 of 881 1 … 846 847 848 … 881

Արխիւներ