
Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ անձնական օդանաւով մը մեկնեցաւ Սուրուճ, ուր վիրաւորներուն այցելելէ ետք յայտնեց, որ աւանին մէջ 32 զոհ պատճառած անձնասպանական յարձակումին թիրախը ազգային միասնականութիւնն էր եւ որեւէ ձեւով տարբեր չէ նախապէս Քայիտայի եւ ՔԱԿ-ի կողմէ Թուրքիոյ մէջ գործուած յարձակումներէն:
«Անկախ իրենց (զոհերուն, «Ա.») քաղաքական գաղափարախօսութիւններէն, անոնք բոլորն ալ մեր քաղաքացիներն էին», ըսաւ Տաւութօղլու:
Ան նշեց, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակին ինքնութիւնը ճշդուած է, եւ այժմ կը ստուգուին ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ անոր կապերը:
Տաւութօղլուի կ՛ընկերակցէին անոր կինը` Սարէ Տաւութօղլու, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վեճտի Կէօնիւլ եւ շարք մը նախարարներ: Ան Սուրուճէն ուղղուեցաւ Ատըեաման` մասնակցելու համար ՔԱԿ-ի կողմէ յարձակումի մը ընթացքին սպաննուած թրքական բանակի սպայի մը յուղարկաւորութեան:
«Հապերթիւրք» հաղորդեց, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը անցեալ ամիս սահմանը կտրելով մուտք գործած է Թուրքիա: Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը յունիսին զգուշացուցած էր, որ ՏԱՀԵՇ-ի երեք կին անդամներ` Ֆատիմէ Քուրթ, Էօզլեմ Եըլմազ եւ Նուրայ Տեմիրել Թուրքիոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւն կրնան գործել:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Վելի Աղպապա յայտնեց, որ ականահարման պատասխանատուն Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Սուրիոյ նկատմամբ վարած քաղաքականութիւնն է, ուստի ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Սեպահաթթին Էօզթիւրք պէտք է հրաժարին:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի յայտարարեց, որ «անվերապահօրէն» կը դատապարտէ յարձակումը: Ան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ըսաւ. «Ահաբեկչութիւնը անգամ մը եւս իր անգութ երեսը ցոյց տուաւ: Կ՛անիծեմ այդ մարդասպանները, որոնք առանց խտրութեան թիրախ դարձուցին մարդկային կեանքեր»:
Պոլսոյ Մէջ Ոստիկանութիւնը Բիրտ Ուժ Կիրարկած Է
Սուրուճի Մէջ Կատարուած Ահաբեկչութիւնը
Դատապարտող Ցուցարարներուն Դէմ
Պոլսոյ մէջ թրքական ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս բիրտ ուժ կիրարկած է Սուրուճի մէջ 32 զոհ պատճառած ահաբեկչական յարձակումին դէմ Թաքսիմ հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց կատարողներուն նկատմամբ: Ցուցարարները Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մեղադրած են ահաբեկիչներուն աջակցելու մէջ:
Ականատեսներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ ցոյցը խաղաղ բնոյթ կը կրէր, սակայն քանի մը ցուցարարներ սկսած են շիշեր նետել ոստիկաններուն ուղղութեամբ, այս պատճառով ալ ոստիկանները ռետինէ փամփուշտներ, արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած են ցուցարարներուն դէմ:
Ահաբեկչական գործողութեան պատճառով զոհուածներու յիշատակին տեղի ունեցած երթին մասնակիցները բարձրացուցած են պաստառներ հետեւեալ գրութեամբ. «Երիտասարդները մարդասպաններէն հաշիւ պիտի պահանջեն»:


