Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամա Եւ Էրտողան Քննարկած Են Թուրքիա-Սուրիա Սահմանի Անվտանգութիւնը Ապահովելու Կարելիութիւնները

Յուլիս 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան եւ Օպամա
Էրտողան եւ Օպամա

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած են օտարերկրացի զինեալներուն Սուրիա ներթափանցումը արգելակելու շուրջ եւ քննարկած Թուրքիա-Սուրիա սահմանի անվտանգութիւնը ապահովելու կարելիութիւնները:

Նախագահներուն հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «ղեկավարները քննարկած են համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ջանքերը` օտարերկրացի զինեալներու հոսքը դադրեցնելու եւ Թուրքիոյ ու Սուրիոյ միջեւ սահմանի անվտանգութիւնը ապահովելու հարցերուն մէջ», ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ կայունութեան հաստատման եւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու հասարակաց ջանքերը: Անոնք նաեւ քննարկած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ շարունակուող պատերազմին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Էրտողանի գրասենեակէն այս հարցին վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է Սուրուճի զոհերուն եւ Ուրֆայի մէջ երկու ոստիկաններու սպանութեան համար: «Նախագահ Օպամա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Առընչ. «Սուրիոյ Հետ Մեր Սահմանը Պաշտպանելու Համար
Ապահովական Համակարգ Պիտի Հաստատենք»

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ յայտարարեց, որ նախարարաց խորհուրդը Սուրիոյ հետ սահմանի պաշտպանութեան համար ստեղծած է ամբողջական համակարգ մը, որուն նպատակը ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն ներթափանցումը արգիլելն է, առանց որ ատիկա ազդէ սահմանային անցքերուն մարդասիրական նպատակներով երթեւեկին վրայ:

Ան նշեց, որ կարգ մը կողմեր «շատ ազդու գրգռութեան արշաւի ձեռնարկած են հասարակական կարծիքը զօրաշարժի ենթարկելու համար` յայտնելով, որ թրքական կառավարութիւնը բաւարար չափով չի պայքարիր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ»: Առընչ աւելցուց. «Այդ պնդումները ստոր սուտեր են եւ բացարձակապէս չեն համապատասխաներ ճշմարտութեան»:

Առընչ Ուրֆայի մէջ երկու ոստիկաններու սպանութիւնը նկատեց «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը կողմէ գործուած ոճիր մը» եւ խոստացաւ «պատշաճ կերպով հակադարձել այդ ոճիրին»:

Նշենք, որ թրքական ապահովական մարմինները երէկ այդ հարցով 3 կասկածելիներ ձերբակալեցին:

«Սքայ նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ թրքական կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է, որ միջազգային դաշինքը Թուրքիոյ օդուժի զօրակայաններէն մէկը օգտագործէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումներ գործելու համար:

«Անատոլու» հաղորդեց, որ Քիլիսի մէջ թուրք զինուոր մը սպաննուած է եւ ուրիշ մը վիրաւորուած, երբ Սուրիոյ սահմանէն կրակ բացուած է:

Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ թրքական բանակը հակադարձած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ կատարուած հրացանաձգութեան:

 

Նախորդը

«Կը Քննարկուի «Միացեալ Կիպրոսի Դաշնակցութիւն»-ը» Կ՛ըսէ Աքընճը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?