Մուսուլի մէջ Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան մամլոյ պատասխանատու Սայիտ Մամուզինի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի մէջ ներքին պառակտումներու պատճառով խմբաւորման անդամ 50 զինեալներ սպաննուած են:
Մամուզինի «Սումարիյա Նիուզ»-ին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի վերջերս Մուսուլի մէջ խմբաւորման ղեկավարներուն յղած է նամակ մը, որուն մէջ քննադատած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ բախումները:
Մամուզինի աւելցուցած է, որ Պաղտատին քննադատած է Փեշմերկաներուն առջեւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն նահանջը` նշելով, որ անցնող օրերուն ընթացքին սպաննուած են խմբաւորումին անդամ շուրջ 50 զինեալներ: