Միջազգային

ՄԱԿ Հաշուած Է 21-րդ Դարու  Վերջաւորութեան Երկրին Բնակչութեան Թիւը

ՄԱԿ Հաշուած Է 21-րդ Դարու Վերջաւորութեան Երկրին Բնակչութեան Թիւը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ժողովրդագրական զեկուցումին համաձայն, 2030-ին երկիր մոլորակի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 8,5 միլիառի, իսկ 2050-ին` 9,7 միլիառի: Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան թիւը շուրջ 7,3 միլիառ է: Փորձագէտներու հաշուարկներուն համաձայն, 2022-ին Հնդկաստանը իր բնակչութեան թիւով պիտի գերազանցէ Չինաստանը, իսկ 2050-ին Նիկերիան պիտի դառնայ աշխարհի երրորդ ամէնէն շատ բնակչութեամբ երկիրը` այդ ցուցանիշով շրջանցելով Միացեալ Նահանգները: Զեկուցումին համաձայն, 2050-ին...

Հիւսիսային Քորէան Կ՛աւարտէ Մեծագոյն  Հրթիռներու Համար Նախատեսուած  Հարթակի Կառուցումը

Հիւսիսային Քորէան Կ՛աւարտէ Մեծագոյն Հրթիռներու Համար Նախատեսուած Հարթակի Կառուցումը

PanARMENIAN կայքը կը հաղորդէ, որ 2012-ին «Ինհա-3» հրթիռը ծիրի վրայ դրաւ հիւսիսային քորէական առաջին արբանեակը. ատիկա հաստատեցին Միացեալ Նահանգներու փորձագէտները: Արբանեակը կրող հրթիռին երկարութիւնը 31 մեթր էր: Այժմ Հիւսիսային Քորէան կը պատրաստուի հրթիռի մը գործարկումին, որ կրնայ երկու անգամով գերազանցել «Ինհա-3»-ի տուեալները: Գործարկման հարթակին բարձրութիւնը 67 մեթր է եւ կառուցուած է արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող 50 մեթր բարձրութեամբ կառոյցին վրայ...

Թուրքիա.  Քիւրտ Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ  Զրկելու Հոլովոյթը Ընթացք Առաւ

Թուրքիա. Քիւրտ Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Հոլովոյթը Ընթացք Առաւ

Քրտական խնդիրի լուծումէն հրաժարելէ ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան որոշած է ձերբազատիլ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 80 աթոռներ գրաւող քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Էրտողանի յանձնարարութեամբ քրտական կուսակցութեան դէմ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջին քայլը եղած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Սուլէյման Սոյլուի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանին...

12 Տարիէ Ի Վեր Առաջին  Անգամ Ըլլալով.  Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց  Նախարարը Այցելեց Թեհրան

12 Տարիէ Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով. Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Թեհրան

Ֆապիւս եւ Զարիֆ 12 տարիէ ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը ըլլալով` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը Իրանի նախագահին յանձնեց նոյեմբերին Փարիզ այցելելու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հրաւէրը: Իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆապիւս ըսաւ, որ այդ...

Ասատ Իրաքի Վարչապետի Բանագնացին Հետ  Քննարկած Է Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Հարցը

Ասատ Իրաքի Վարչապետի Բանագնացին Հետ Քննարկած Է Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Հարցը

Ֆալիհ Ֆիյատ եւ նախագահ Ասատ ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի բանագնաց, ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ֆալիհ Ֆիյատի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն եւ մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր: Անոնք հաստատած են, որ անհրաժեշտ է շարունակել պայքարը ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ, մինչեւ որ երկու երկիրները մաքրուին ահաբեկիչներէն: Զրոյցը ընթացած է շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ...

Բարձրաստիճան Սպաներու  Ձերբակալում` Ազրպէյճանի Մէջ

Բարձրաստիճան Սպաներու Ձերբակալում` Ազրպէյճանի Մէջ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան կից փտածութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան աշխատակիցները երկու օր առաջ ձերբակալած են Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան Գլխաւոր զինուորական տեսչութեան երեք բարձրաստիճան սպաներ, որոնք կը մեղադրուին փտածութեան մէջ: Պաքուի Սապայիլի շրջանի դատարանը հրամայած է զանոնք բանտարկել: Թէեւ ձերբակալուած սպաներուն անունները Ազրպէյճանի մէջ յայտնի են, սակայն, գլխաւոր դատախազութիւնը տակաւին պաշտօնապէս չէ հրապարակած զանոնք:...

Մայքըլ Ռաթնի Կը Նշանակուի Սուրիոյ Հարցով  Միացեալ Նահանգներու Յատուկ Պատուիրակ

Մայքըլ Ռաթնի Կը Նշանակուի Սուրիոյ Հարցով Միացեալ Նահանգներու Յատուկ Պատուիրակ

Մայքըլ Ռաթնի Դամասկոսի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը յայտարարեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները Սուրիոյ մէջ նշանակած են նոր պատուիրակ մը, որ քառամեայ պատերազմին ընթացքին անոնց երրորդ պատուիրակն է: Ռաթնի նախապէս վարած է Երուսաղէմի մէջ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր հիւպատոսի պաշտօնը եւ արաբերէնին լաւապէս կը տիրապետէ: Ան նախապէս պաշտօններ վարած է նաեւ Իրաքի, Լիբանանի, Մարոքի եւ Քաթարի մէջ ամերիկեան դեսպանատուներուն մէջ: Ռաթնի կու գայ փոխարինելու...

Իրան Պատրաստ Է Վերսկսելու Դէպի  Միացեալ Նահանգներ Ուղղակի Թռիչքներուն

Իրան Պատրաստ Է Վերսկսելու Դէպի Միացեալ Նահանգներ Ուղղակի Թռիչքներուն

Ապպաս Արաքժի Իրանի քաղաքացիական թռիչքներու կազմակերպութեան ղեկավար Մոհամետ Խատա Քարմի յայտարարեց, որ իր երկիրը միջազգային պատժամիջոցներու վերացման լոյսին տակ պատրաստ է վերսկսելու դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղղակի թռիչքներուն: «Երկիրը թեքնիք իմաստով պատրաստ է դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղղակի թռիչքներու, սակայն տակաւին այդ թռիչքները կատարելու դիւանագիտական արտօնութիւն ստանալու կարիքը կայ», ըսած է ան: «Իրանեան տորմիղը օժտուած է երկար թռիչքներ կատարող օդանաւերով, որոնք կրնան...

Հիւսիսային Քորէան Տրամադիր  Չէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Վերսկսելու  Երկխօսութեան` Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ

Հիւսիսային Քորէան Տրամադիր Չէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Վերսկսելու Երկխօսութեան` Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ

Չինաստանի մէջ Հիւսիսային Քորէայի դեսպան Չի Չեն Օյոն յայտարարեց, որ Փիոնկեանկ շահագրգռուած չէ Ուաշինկթընի հետ վերսկսելու բանակցութիւնները իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ: Դեսպանը նաեւ Միացեալ Նահանգներուն եւ Հարաւային Քորէային կոչ ուղղեց չեղեալ յայտարարելու քորէական թերակղզիին մէջ տարեկան միացեալ ռազմափորձերը, որոնք նախատեսուած են մօտ օրէն: 31 յուլիսին Թոքիոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Քորէական թերակղզիի հիւլէական հիմնախնդիրին շուրջ վեցակողմ բանակցութիւններուն մէջ Ճափոնի, Միացեալ...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

- ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Արաբական միացեալ ուժի ստեղծման շուրջ արձանագրութեան ստորագրութեան համար ճշդուած 29 յուլիսի թուականը չի յարմարիր շարք մը նախարարներու, որուն պատճառով ալ ժողովը ներկայութեան ապահովման նպատակով յետաձգուած է: Յատուկ թուականը ճշդուած է անցեալ ժամերուն Արաբական լիկայի քարտուղարութեան, ներկայ վեհաժողովի նախագահ Եգիպտոսի եւ լիկայի շարք մը անդամ արաբական պետութիւններու միջեւ խորհրդակցութեան լոյսին տակ: - ԹՈՒՐՔԻՈՅ արտաքին...

Ուաշինկթըն Կը Հերքէ Անգարայի Հետ  Համաձայնութեան Մը Գոյութիւնը.  ՕԹԱՆ Թուրքիոյ Նկատմամբ Քաղաքական  Աջակցութիւն Ցուցաբերեց

Ուաշինկթըն Կը Հերքէ Անգարայի Հետ Համաձայնութեան Մը Գոյութիւնը. ՕԹԱՆ Թուրքիոյ Նկատմամբ Քաղաքական Աջակցութիւն Ցուցաբերեց

Ենս Սթոլթենպերկ Երէկ Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ իր 66-ամեայ պատմութեան մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով գումարած արտակարգ ժողովի մը ընթացքին  քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ Թուրքիոյ զինուորական գործողութեան: «Բոլոր դաշնակիցներն ալ ուժեղ միասնականութեամբ կը կանգնին Թուրքիոյ կողքին», ժողովէն ետք ըսաւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Անգարային կոչ ուղղած էր ՔԱԿ-ի դէմ պայքարին մէջ «համաչափութիւն» ցուցաբերելու եւ...

Թեհրանի Մէջ.  «Եւրոպական Միութիւնը Կը Ձգտի Իրանի Հետ  Յարաբերութեանց Մէջ Նոր Էջ Մը Բանալու»  Յայտարարեց Մոկերինի

Թեհրանի Մէջ. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Ձգտի Իրանի Հետ Յարաբերութեանց Մէջ Նոր Էջ Մը Բանալու» Յայտարարեց Մոկերինի

Ֆետերիքա Մոկերինի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պատժամիջոցներու վերացումէն ետք Իրան պիտի օգտուի եւրոպական ներդրումներէն` նշելով. «Իրանի հետ յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան գործակցութեան եւ ոչ թէ դիմակայութեան վրայ»: «Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրին գործադրութիւնը պատմական պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով,...

Էրտողան Կ՛ազդարարէ  Արտակարգ Խորհրդարանական  Ընտրութեան Կարելիութեան Մասին

Էրտողան Կ՛ազդարարէ Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութեան Կարելիութեան Մասին

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իւրաքանչիւր օրուան հետ կը նուազի երկրին մէջ համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու կարելիութիւնը եւ չի բացառուիր, որ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կրնան տեղի ունենալ: Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան նախապէս յայտարարած էր, որ 7 յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներով երեսփոխանական աթոռներու քանակով երկրորդ տեղը...

«Սուեզի Նոր Ջրանցքը Եգիպտոսի  Եւ Ամբողջ Աշխարհի Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Կը Ներկայացնէ»  Կ՛ըսէ Շուքրի

«Սուեզի Նոր Ջրանցքը Եգիպտոսի Եւ Ամբողջ Աշխարհի Համար Մեծ Կարեւորութիւն Կը Ներկայացնէ» Կ՛ըսէ Շուքրի

Սամեհ Շուքրի Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտարարեց, որ Սուեզի նոր ջրանցքը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 6 օգոստոսին, «Եգիպտոսի եւ ամբողջ աշխարհին համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ»: Ան Սուեզի ջրանցքի հարցերով զբաղող մարմինի մէկ կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նոր ջրանցքը պաշտպանելու եւ անոր վրայ նաւարկումի անվտանգութիւնը ապահովելու Եգիպտոսի կարողութիւնը ընդգծեց եւ մատնանշեց, որ «ներկայ հանգրուանին...

Այսօր Թուրքիոյ Հրաւէրով ՕԹԱՆ-ի Ժողով

Այսօր Թուրքիոյ Հրաւէրով ՕԹԱՆ-ի Ժողով

Ահմեթ Տաւութօղլու ՕԹԱՆ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեցին, որ Թուրքիոյ հրաւէրով ՕԹԱՆ-ի դեսպանները այսօր պիտի գումարեն բռնարարքներու եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութեան հարցերուն յատկացուած ժողով մը: «ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները մօտէն կը հետեւին զարգացումներուն եւ Թուրքիոյ կողքին կը կանգնին», նշեց ՕԹԱՆ-ը: Ժողովին պիտի նախագահէ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ, որ «Պի.ՊԻ.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ՕԹԱՆ-ի նիստ գումարելու Թուրքիոյ պահանջը տեղին նկատած...

Պարզանի ՔԱԿ-ի Եւ Անգարայի  Կոչ Կ՛ուղղէ Երկխօսութեան Ձեռնարկելու

Պարզանի ՔԱԿ-ի Եւ Անգարայի Կոչ Կ՛ուղղէ Երկխօսութեան Ձեռնարկելու

Մասուտ Պարզանի Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի ՔԱԿ-ին եւ թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց` երկխօսութեան ձեռնարկելու եւ խաղաղութեան հոլովոյթը շարունակելու: Ան ստեղծուած նոր կացութեան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց, ինչպէս նաեւ զգուշացուց «վառօդի հօտի» վերադարձէն: Հասարակութեան ուղղուած իր ուղերձին մէջ Պարզանի նշեց, որ քիւրտ ժողովուրդին ակամայ մասնատումը ստեղծած է ցաւալի իրողութիւն մը, որուն փոփոխութեան համար արիւն հոսած է, «սակայն շնորհիւ...

2,7 Միլիոն Օտարերկրացիներ  Կրնան Արտաքսուիլ Ռուսիայէն

2,7 Միլիոն Օտարերկրացիներ Կրնան Արտաքսուիլ Ռուսիայէն

Gazeta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ներգաղթի դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Քոնսթանթին Ռոմոտանովսքի յայտարարած է, որ Ռուսիայէն կրնան արտաքսել 2,7 միլիոն օտարերկրացի` ներգաղթի օրէնքը խախտելու յանցանքով: «2,7 միլիոն օտարերկրացիներ այժմ կը գտնուին Ռուսիոյ մէջ այսպէս կոչուած ռիսքի խմբակին մէջ, անոնք կը գերազանցեն աշխատանքային գործունէութեան համար ձեւակերպուած փաստաթուղթերու բացակայութեան պարագային Ռուսիոյ մէջ գտնուելու 90-օրեայ ժամկէտը», ըսած է ան: Ըստ անոր, արդէն արգելակուած...

«Երուսաղէմ Այցելելով Այդտեղ Նամազ  Պիտի Կատարեմ Միայն Սիոնականներէն Անոր Ազատագրումէն Ետք»  Կ՛ըսէ Պըն Թալալ Իշխանը

«Երուսաղէմ Այցելելով Այդտեղ Նամազ Պիտի Կատարեմ Միայն Սիոնականներէն Անոր Ազատագրումէն Ետք» Կ՛ըսէ Պըն Թալալ Իշխանը

Ուալիտ Պըն Թալալ իշխանը Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը հերքեց քանի մը շաբաթ առաջ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն կողմէ հաղորդուած այն լուրը, թէ իշխանը մտադիր է այցելել Իսրայէլ: «Իսրայէլ այցելութեանս լուրին ի պատասխան նշեմ, որ Երուսաղէմ չեմ այցելած եւ պիտի այցելեմ ու այդտեղ նամազ պիտի կատարեմ միայն սիոնական թշնամիէն անոր ազատագրումէն ետք», ըսաւ սէուտցի իշխանը: Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ...

Քամերոն Յայտնած Է Բրիտանիոյ Եւրոպական  Միութենէն Դուրս Գալու  Հանրաքուէի Հաւանական Թուականը

Քամերոն Յայտնած Է Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Հանրաքուէի Հաւանական Թուականը

Տէյվիտ Քամերոն Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը` վկայակոչելով բրիտանական խորհրդարանին մէջ իր սեփական աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան կազմէն իր երկիրին դուրս գալուն մասին հանրաքուէն հաւանաբար կրնայ տեղի ունենալ յունիս 2016-ին: Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին այս մայիսին խոստացած էր իր հպատակներուն կարելիութիւն տալ արտայայտելու իրենց դիրքորոշումը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին շուրջ, սակայն թուական...

«ՏԱՀԵՇ Քարիւղի Վաճառքէն Ամսական  40 Միլիոն Տոլար Կը Ստանայ»  Կ՛ըսէ Կլէյզըր

«ՏԱՀԵՇ Քարիւղի Վաճառքէն Ամսական 40 Միլիոն Տոլար Կը Ստանայ» Կ՛ըսէ Կլէյզըր

Տանիել Կլէյզըր «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի օգնական Տանիել Կլէյզըր յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ միայն քարիւղի վաճառքէն կը ստանայ ամսական 40 միլիոն տոլար: Ան նշած է, որ տուեալ տեղեկութիւնը հասանելի դարձած է շնորհիւ գործողութեան մը, որուն ընթացքին սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներէն մէկը` Ապու Սայաֆը, որ կը վերահսկէր ուժանիւթի պաշարները Սուրիոյ արեւելեան շրջանին մէջ: Կլէյզըր նաեւ յայտնած է,...

Page 845 of 881 1 … 844 845 846 … 881

Արխիւներ