Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա. Քիւրտ Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Հոլովոյթը Ընթացք Առաւ

Յուլիս 30, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրտական խնդիրի լուծումէն հրաժարելէ ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան որոշած է ձերբազատիլ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 80 աթոռներ գրաւող քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն:

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Էրտողանի յանձնարարութեամբ քրտական կուսակցութեան դէմ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջին քայլը եղած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Սուլէյման Սոյլուի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու առաջարկով յուշագիր ներկայացնելը:

Սոյլու յանկարծ յիշած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Տեմիրթաշը յայտարարած էր. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Սոյլուի գլխաւորութեամբ 3,5 հազարնոց կեղծարարներու խումբ ստեղծած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ընտրական շեմին տակ պահելու համար»: Սոյլու մեղադրանք ներկայացուցած է Տեմիրթաշին եւ խորհրդարանէն պահանջած վերցնել անոր երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը: Ան իր փաստաբան Ուղուր Քըզըլճայի միջոցով Տեմիրթաշի նկատմամբ «համոզուածութեան եւ արտայայտուելու ազատութեան սահմանները շրջանցելու» մեղադրանքով դատ բացած է Անգարայի հանրապետական գլխաւոր դատախազութեան մօտ: Վերջինս ալ որոշելով, որ հայցը «Տեմիրթաշի մեղքը ապացուցող տարրեր կը պարունակէ»` Թուրքիոյ սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածին հիման վրայ խորհրդարանէն պահանջած է վերցնել անոր երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը իր կարգին խորհրդարանին պաշտօնապէս դիմում ներկայացուց իր 80 երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կիւրսել Թեքին յայտնեց, որ ինք եւս կը պատրաստուի իր կուսակցութեան երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու դիմում ներկայացնելու:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը շարունակէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալ տարբեր երկիրներու ղեկավարներու հետ` մտքեր փոխանակելով Թուրքիան վարակած ահաբեկչական ալիքին առնչութեամբ: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ Իտալիոյ վարչապետ Մաթթէօ Ռազիի հետ:

Թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Էրտողան Յորդանանի թագաւորին նշած է, որ Սուրիոյ մէջ տիրող քաոսային իրավիճակը բացասաբար ազդած է թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ ալ Յորդանանի վրայ: Ան խօսած է Սուրիոյ մէջ «անցումային կառավարութիւն» ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին:

Աւելի ուշ Էրտողանին հեռաձայնած է Իտալիոյ վարչապետը, որուն հետ զրոյցին ընթացքին եւս անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ կողմէ շղթայազերծուած հակաահաբեկչական գործողութիւններուն:

Էրտողան նախապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ:

Միւս կողմէ, թրքական օդուժը շարունակեց ռմբակոծել հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի կեդրոնները: Կորդուաց լեռներուն վրայ գտնուող քրտական դիրքերուն դէմ կատարուած յարձակումին մասնակցած են 15 ռմբաձիգներ: Ռմբակոծուած են վեց շրջաններ: Օգտագործուած են յատուկ ռումբեր, որոնք կրնան կործանել ստորգետնեայ թաքստոցները:

Նշենք, որ թրքական կառավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս ստորագրեց այն համաձայնութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներուն կ՛արտօնէ օգտագործել Ինճիրլիքի օդուժի զօրակայանը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ այդ համաձայնութիւնը զօրակայանը ՏԱՀԵՇ-ը հարուածելու օգտագործելու համար է եւ ոչ թէ` քիւրտերուն օժանդակելու:

Իրաքի կառավարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածելով նշեց. «Իրաք պիտի չհանդուրժէ իր տարածքէն Թուրքիոյ դէմ ուղղուած որեւէ յարձակում: Երկու երկիրներուն միջեւ ծագած խնդիրները լուծելու համար Թուրքիան պէտք է ընտրէ երկխօսութեան ճամբան` հաւատարիմ մնալով բարեկամական յարաբերութիւններու սկզբունքին եւ չնպաստելով իրավիճակի բարդացման»: Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ կառավարութիւնը դէմ է թրքական օդուժին կողմէ երկրի հիւսիսը զինուորական գործողութիւններ կատարելուն եւ կը նշէ, որ Իրաքը եւ Թուրքիան եղբայրական երկիրներ են, եւ Թուրքիան պէտք է յարգէ Իրաքի գերիշխանութիւնը: Իրաքեան կառավարութիւնը թրքական յարձակումը նկատեց վտանգաւոր ոտնձգութիւն մը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ընդհանուր քարտուղարին յղուած երկու օրինակներէ բաղկացած իր նամակին մէջ շեշտեց. «Սուրիա կը մերժէ թրքական վարչակարգի` ինքզինք զոհ եւ ինքնապաշտպանութիւն կատարող ներկայացնելու փորձը»:

Նամակին մէջ նշուած է, որ թրքական կառավարութիւնը ուղղակի պատասխանատու է սուրիացիներու արեան հեղման եւ միլիոնաւոր սուրիացիներու տառապանքներուն` աւելցնելով, որ եթէ Թուրքիան եւ դրացի երկիրները Ապահովութեան խորհուրդի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուող որոշումներու յանձնառու ըլլային, սուրիական տագնապի ազդակներուն 70 առ հարիւրը շրջանցուած պիտի ըլլային:

ՔԱԿ-ի զինեալները նոր յարձակումներ գործելով Էրզրումի Հորասան գաւառին մէջ վիրաւորեցին թրքական բանակի ենթասպայ մը, իսկ Պայազիտի մէջ` երկու զինուորներ:

 

Նախորդը

12 Տարիէ Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով. Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Թեհրան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պլինքըն. «Ուղիղ Երկխօսութիւնն Ու Դիւանագիտութիւնը Հարաւային Կովկասի Մէջ Կայուն Խաղաղութեան Միակ Ուղին Են»
Միջազգային

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Լիովին Յանձնառու Են Աջակցելու Խաղաղութեան Ապահովման Նպատակին, Որ Աւելի Լաւ Ապագայ Պիտի Բերէ Հարաւային Կովկասի Համար»

Մայիս 29, 2023
Էրտողան Թուրքիոյ Նախագահ Վերընտրուեցաւ
Միջազգային

Էրտողան Թուրքիոյ Նախագահ Վերընտրուեցաւ

Մայիս 29, 2023
Էրտողան Քաղաքացիներուն Կոչ Կ’ուղղէ՝ Միաւորուելու «Թրքական Դարաշրջան»-ի Տեսլականին Շուրջ
Միջազգային

Էրտողան Քաղաքացիներուն Կոչ Կ’ուղղէ՝ Միաւորուելու «Թրքական Դարաշրջան»-ի Տեսլականին Շուրջ

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In