Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

July 30, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-28-15_arab-league– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Արաբական միացեալ ուժի ստեղծման շուրջ արձանագրութեան ստորագրութեան համար ճշդուած 29 յուլիսի թուականը չի յարմարիր շարք մը նախարարներու, որուն պատճառով ալ ժողովը ներկայութեան ապահովման նպատակով յետաձգուած է: Յատուկ թուականը ճշդուած է անցեալ ժամերուն Արաբական լիկայի քարտուղարութեան, ներկայ վեհաժողովի նախագահ Եգիպտոսի եւ լիկայի շարք մը անդամ արաբական պետութիւններու միջեւ խորհրդակցութեան լոյսին տակ:

– ԹՈՒՐՔԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Աքսայի մզկիթին դէմ կատարուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնները` նշելով, որ իսրայէլեան ոստիկանութեան վարմունքը անընդունելի է, բոլոր իսլամներուն մօտ զայրոյթ յառաջացուցած է եւ շրջանին մէջ լարուածութիւնը կ՛աճեցնէ: Նախարարութիւնը բուռն կերպով քննադատեց իսրայէլեան ոստիկանութեան եւ իսրայէլացի բնակեցուածներու կողմէ Աքսայի մզկիթին սրբապղծումը եւ Իսրայէլի կոչ ուղղեց` անմիջապէս վերջ տալու Աքսայի մզկիթին նկատմամբ իր ապօրինի վարմունքներուն:

– ԹՈՒՐՔԻՈՅ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնեց, որ անծանօթներ իրանեան սահմանէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Աղրը նահանգին մէջ ականահարած են Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ երկարող բնական կազի խողովակաշարը: Խողովակաշարը կարճ ժամանակ ետք նորոգուած եւ իրանեան կազի հոսքը դարձեալ շարունակուած է:

– ԱԼՃԵՐԻԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անատոլու»-ին յայտնած են, որ Ալճերիոյ իշխանութիւնները խիստ հսկողութեան տակ առած են դէպի արաբական 7 երկիրներ` Լիբանան, Իրաք, Սուրիա, Յորդանան, Սէուտական Արաբիա, Եմէն եւ Սուտան ճամբորդութիւնները` արգելք հանդիսանալու համար, որ ճամբորդները միանան ՏԱՀԵՇ-ի:

– ԻՍՐԱՅԷԼԻ ներքին գործոց նախարար Սիլվան Շալոմ յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի Կոնտար եւ Ատիս Ապապա զօրակայաններուն մէջ գտնուող հրեայ եթովպիացիներու մնացորդացը Իսրայէլ փոխադրէ:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Առաջնահերթութիւնն Ու Առաջնահերթ Առաջնահերթութիւնը

Յաջորդը

Հիւսիսային Քորէան Տրամադիր Չէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Վերսկսելու Երկխօսութեան` Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.