
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտարարեց, որ Սուեզի նոր ջրանցքը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 6 օգոստոսին, «Եգիպտոսի եւ ամբողջ աշխարհին համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ»:
Ան Սուեզի ջրանցքի հարցերով զբաղող մարմինի մէկ կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նոր ջրանցքը պաշտպանելու եւ անոր վրայ նաւարկումի անվտանգութիւնը ապահովելու Եգիպտոսի կարողութիւնը ընդգծեց եւ մատնանշեց, որ «ներկայ հանգրուանին միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը եւ բացման արարողութեան միջազգային մասնակցութիւն կը նախատեսուի»