
ՕԹԱՆ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեցին, որ Թուրքիոյ հրաւէրով ՕԹԱՆ-ի դեսպանները այսօր պիտի գումարեն բռնարարքներու եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութեան հարցերուն յատկացուած ժողով մը:
«ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները մօտէն կը հետեւին զարգացումներուն եւ Թուրքիոյ կողքին կը կանգնին», նշեց ՕԹԱՆ-ը:
Ժողովին պիտի նախագահէ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ, որ «Պի.ՊԻ.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ՕԹԱՆ-ի նիստ գումարելու Թուրքիոյ պահանջը տեղին նկատած է:
Անգարա ժողովը հրաւիրելու համար հիմնուեցաւ ՕԹԱՆ-ի ուխտին վրայ, որ ոեւէ անդամի կ՛արտօնէ դաշինքի անդամ 28 երկիրներու դեսպանները հրաւիրելու ժողովի մը, «երբ, ըստ անոնցմէ ոեւէ մէկուն, իրենց հողային ամբողջականութիւնը, քաղաքական անկախութիւնը կամ անվտանգութիւնը վտանգուած է»:
«Ուաշինկթընի դաշինք»-ի Թուրքիոյ կողմէ օգտագործուած 4-րդ յօդուածը հազուադէպ կերպով, սակայն մեծամասնութեան մէջ օգտագործուած է Թուրքիոյ կողմէ 2003-ին Իրաքի պատերազմին, իսկ 2012-ին Սուրիոյ տագնապին հարցերով: 2014-ին Լեհաստան զայն օգտագործած է Ուքրանիոյ տագնապին հարցով:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը ցամաքային ուժեր Սուրիա պիտի չուղարկէ, սակայն Միացեալ Նահանգներուն հետ համաձայնած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն օդային աջակցութիւն տրամադրելու:
Ան նշեց, որ Թուրքիոյ նպատակը Սուրիոյ մէջ «ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն ազատագրուած գօտիին մէջ այդ երկրի չափաւոր ընդդիմադիր ուժերուն տեղակայումն է»: Ան աւելցուց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապուած Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն կողմերուն միջեւ այդ խնդիրին առնչուած «համաձայնեցուած հարցեր» կան` անոնք համաձայնած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող սուրիական զինեալ ընդդիմութեան օդային աջակցութիւն ցուցաբերելու շուրջ: Ան նաեւ ընդգծեց, որ ներկայ դրութեամբ Թուրքիան մտադիր չէ ՏԱՀԵՇ-ի դրացի դառնալ:
Տաւութօղլու 25 յուլիսին թրքական շարք մը օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու հետ ընթրիքի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր երկրին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները «փոխած են շրջանային խաղին կանոնները»: «Այժմ նոր կացութիւններ կան», ըսած է ան` աւելցնելով. «Թէեւ անոնք օրինակի մը փոփոխութեան տարողութեամբ չեն, կ՛ուզենք, որ բոլորը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ մեր գործողութիւններուն կողմէ ստեղծուած նոր պայմանները կարդան ու գնահատեն անգամ մը եւս ճշգրիտ կերպով եւ ըստ այնմ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց կեցուածքը»:
Մինչ այդ, «Անատոլու» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մասումի հետ: Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները եւ անոնց դէմ կատարուած գործողութիւնները: Էրտողան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող քաոսային վիճակը սպառնալիք է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան: Թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեւած է 20 վայրկեան: Կը նշուի, որ Սուրիոյ հարցին մէջ կողմերը ունեցած են տարակարծութիւններ: Անոնք համաձայնած են նոյեմբերին Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Քսաններու» հաւաքին ընթացքին հանդիպիլ եւ քննարկել երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Իրաքի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեւած է 30 վայրկեան եւ տեղի ունեցած է իրաքեան կողմին նախաձեռնութեամբ: Զրոյցին ընթացքին առանձնայատուկ տեղ տրուած է ՔԱԿ-ի դէմ պայքարի մասին քննարկումներուն: Մասում ընդգծած է, որ քիւրտ զինեալներուն գործողութիւնները կը վնասեն շրջանի անվտանգութեան, իսկ Էրտողան քիւրտ զինեալներուն կոչ ուղղած է վար դնելու զէնքերը:
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ թրքական բանակին պատկանող հրասայլեր կրակ բացած են Սուրիոյ մէջ Ճարապլուս քաղաքին մօտ գտնուող եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Զոր Մաղար գիւղին ուղղութեամբ: Դէպքին պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող 4 քիւրտեր վիրաւորուած են:
Սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այդ լուրը` նշելով, որ թրքական բանակը Իրաքի մէջ կը հարուածէ ՔԱԿ-ը, իսկ Սուրիոյ մէջ` ՏԱՀԵՇ-ը, իսկ «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները եւ ուրիշներ մեր զինուորական գործողութիւններու թիրախներուն շարքին չեն»:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ կացութեան սրման պատճառով արձակուրդներէն ետ կանչած է երկրի հարաւ-արեւելքը տեղակայուած 2-րդ եւ 3-րդ բանակներու հրամանատարական անձնակազմերը: Արձակուրդներէն ետ կանչուելու մասին հրամանը կը վերաբերի նաեւ Թուրքիոյ այլ շրջաններուն մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարով զբաղող ստորաբաժանումներու անձնակազմերուն:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ հակաահաբեկչական արշաւի ծիրին մէջ ձերբակալուածներուն թիւը շրջանցեց 800-ը: