
Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը հերքեց քանի մը շաբաթ առաջ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն կողմէ հաղորդուած այն լուրը, թէ իշխանը մտադիր է այցելել Իսրայէլ: «Իսրայէլ այցելութեանս լուրին ի պատասխան նշեմ, որ Երուսաղէմ չեմ այցելած եւ պիտի այցելեմ ու այդտեղ նամազ պիտի կատարեմ միայն սիոնական թշնամիէն անոր ազատագրումէն ետք», ըսաւ սէուտցի իշխանը:
Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը Աքսայի մզկիթին մէջ նամազ կատարելու համար ստացած է իսրայէլեան յատուկ արտօնագիր մը: Կայանը նշած էր, որ սէուտցի իշխանը ամբողջ շաբաթ մը պիտի մնայ Երուսաղէմի մէջ:


