
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի օգնական Տանիել Կլէյզըր յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ միայն քարիւղի վաճառքէն կը ստանայ ամսական 40 միլիոն տոլար:
Ան նշած է, որ տուեալ տեղեկութիւնը հասանելի դարձած է շնորհիւ գործողութեան մը, որուն ընթացքին սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներէն մէկը` Ապու Սայաֆը, որ կը վերահսկէր ուժանիւթի պաշարները Սուրիոյ արեւելեան շրջանին մէջ:
Կլէյզըր նաեւ յայտնած է, որ խմբաւորման սովորական զինեալներ ամսական հազար տոլար կը ստանան:


