
Երէկ Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ իր 66-ամեայ պատմութեան մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով գումարած արտակարգ ժողովի մը ընթացքին քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ Թուրքիոյ զինուորական գործողութեան:
«Բոլոր դաշնակիցներն ալ ուժեղ միասնականութեամբ կը կանգնին Թուրքիոյ կողքին», ժողովէն ետք ըսաւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Անգարային կոչ ուղղած էր ՔԱԿ-ի դէմ պայքարին մէջ «համաչափութիւն» ցուցաբերելու եւ «պահպանելու խաղաղութեան հոլովոյթը», որ սկիզբ առած էր 2013-ին: Սթոլթընպերկ եւս նախապէս Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին յորդորած էր չդադրեցնել քիւրտերուն հետ խաղաղ հոլովոյթը, որուն կը խոչընդոտեն ՔԱԿ-ի դէմ օդային հարուածները: «Բոլոր երկիրները ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունին: Թուրքիան իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու ահաբեկիչներու յարձակումներէն, բայց կարեւոր է, որ միջոցները համաչափ ըլլան եւ չյանգեցնեն տագնապի սրման», ըսած էր ան, սակայն երէկ յայտնեց, որ «ահաբեկչութիւնը, իր բոլոր ձեւերով եւ երեւոյթներով, երբեք չի կրնար հանդուրժելի կամ արդարանալի ըլլալ»` տողատակի արդարացնելով քրտական կեդրոններուն դէմ թրքական գործողութիւնները:
Նշենք, որ նախքան ՕԹԱՆ-ի ժողովին աւարտը` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Չինաստան մեկնելէ առաջ օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Եթէ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր մը յարձակումի ենթարկուի, ՕԹԱՆ հարկադրուած է ամէն ձեւով աջակցելու անոր»:
Էրտողան Քրտական Հարցով Խաղաղութեան
Հոլովոյթին Շարունակումը Անկարելի Կը Նկատէ
Էրտողան յայտարարեց, որ «ահաբեկչութեան դէմ մեր պատերազմին մէջ ետքայլ պիտի չկատարենք»` նշելով. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտին ճամբայ պիտի հարթէ 1 միլիոն 700 հազար սուրիացի տեղահանուածներուն Թուրքիայէն վերադարձին»:
«Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ահաբեկչութեան առջեւ պիտի չնահանջէ», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Անկարելի է խաղաղութեան հոլովոյթը շարունակել անոնց հետ, որոնք մեր ազգային միասնութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն»: Էրտողան խորհրդարանին կոչ ուղղեց անձեռնմխելիութենէ եւ աթոռէ զրկելու այն քիւրտ երեսփոխանները, որոնք կապեր ունին ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ հակադարձելով Էրտողանին յայտարարեց. «Կուսակցութիւնները կը բանայ եւ կը փակէ ժողովուրդը: Այսօր մեզի 13 առ հարիւր ձայն տուողները վաղը կրնան ընդամէնը 1 առ հարիւր տալ, ինչ որ մենք յարգանքով պիտի ընդունինք եւ կուսակցութիւնը փակուած պիտի համարենք: Անձեռնմխելիութի՞ւն կ՛ըսէք. մենք մեր ընկեր 80 երեսփոխաններուն հետ մեր անձեռնմխելիութիւնը հանելու նպատակով վաղը դիմում պիտի ներկայացնենք խորհրդարանին: եթէ դուք ալ չէք վախնար, դուք ալ մեզի հետ հանեցէք ձեր անձեռնմխելիութիւնը»:
Նախքան այդ, Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտել Ազիզի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանին մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումները:
Էրտողան Սալման թագաւորին հեռաձայնելով անոր ներկայացուց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ թրքական կառավարութեան որդեգրած զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ բոլոր միջոցներով պայքարելու Թուրքիոյ վճռակամութիւնը: Սալման թագաւորը դատապարտեց Թուրքիոյ դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքները` նշելով, որ Թուրքիան իրաւունք ունի ինքզինք եւ իր քաղաքացիները պաշտպանելու ահաբեկչական արարքներէն:
Սալման թագաւորը ընդգծեց, որ Թուրքիոյ դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ ՏԱՀԵՇ-ն ու այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ շրջանին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ ապահովութեան եւ խաղաղութեան վտանգ կը ներկայացնեն, ուստի անհրաժեշտ է վերջ տալ անոնց:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ որդեգրած միջոցառումներուն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի հերքեց Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու շուրջ համաձայնութեան մը գոյութիւնը: Ան ըսաւ, որ հիւսիսային Սուրիան ապահովական գօտիի կամ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի չի համընկնիր, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի օդանաւները միակն են, որոնք այդ շրջանին վերեւ թռիչք կը կատարեն: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ Ժապհաթ Նուսրան չհարուածելու ամերիկեան երաշխիքներ գոյութիւն չունին:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հերքեց Թուրքիոյ հետ նման համաձայնութեան մը գոյութիւնը: Փենթակոնի բանբեր Ժեֆ Տէյվիս յայտնեց, որ Ուաշինկթըն տակաւին Թուրքիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը խորացնելու խորհրդակցութիւններ կը կատարէ, սակայն ան բացառեց Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ապահովման մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ որեւէ մասնակցութիւն:
Տէյվիս հաւանական նկատեց, որ համաձայնութեան մը հասնելու համար իր նշած խորհրդակցութիւնները երկար շաբաթներ տեւեն:
Ամերիկացի ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն մտահոգութիւն յայտնեց թրքական բանակին կողմէ Սուրիոյ քրտական գիւղերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն նկատմամբ: Ան դրական քայլ նկատեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին օժանդակելու Թուրքիոյ որոշումը: «Ամերիկեան ռմբաձիգներուն համար թրքական ռազմակայաններու օգտագործումը պիտի բարելաւէ արձագանգման համար պահանջուող ժամանակահատուածը եւ պիտի ընդլայնէ Սուրիայէն տեղեկատուութեան հաւաքագրման կարելիութիւնը: Բայց եւ այնպէս, ես մտահոգուած եմ այն տեղեկութիւններով, որ թրքական բանակը կը ռմբակոծէ Սուրիոյ քրտական գիւղերը», յայտարարած է ՄքՔէյն:
Մինչ այդ, թրքական բանակը շարունակեց հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դէմ կատարուող գործողութիւնները` օդանաւերով եւ հրետանիով ռմբակոծելով անոր դիրքերը: «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի եւ Ինճիրլիքի ռազմակայաններէն թռիչք առած ռմբաձիգները ոչ միայն հարուածներ հասցուցած են հիւսիսային Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներու դիրքերուն, այլ նաեւ Կորճայքի եւ Շըրնաքի շրջաններուն մէջ գտնուող ՔԱԿ-ի դիրքերուն:
ՔԱԿ-ի զինեալ թեւի բանբեր Պախթիար Տողան նշեց. «Պիտի շարունակենք մեր պայքարը, թրքական այս յարձակումները մեզի արգելք չեն, թրքական բանակին մեր հակադարձութիւնը Քրտական ինքնավար մարզին մէջ պիտի չըլլայ, այլ` Թուրքիոյ Քիւրտիստանի մէջ, եւ բոլոր յարձակումներուն պիտի հակադարձենք»: