
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իւրաքանչիւր օրուան հետ կը նուազի երկրին մէջ համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու կարելիութիւնը եւ չի բացառուիր, որ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կրնան տեղի ունենալ:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան նախապէս յայտարարած էր, որ 7 յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներով երեսփոխանական աթոռներու քանակով երկրորդ տեղը գրաւող Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած մնացեալ կուսակցութիւններէն աւելի մօտ է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն ստեղծելուն:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երկու օր առաջ յայտնած էր, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը մերժած է համախոհական կառավարութիւն կազմելու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջարկը, իսկ խորհրդարան մուտք գործած չորրորդ` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն կազմել չեն ուզեր:
Համախոհական կառավարութեան շուրջ յունիսին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը պահանջած էր, որ իր ղեկավարը երկու տարի ժամկէտով գլխաւորէ կառավարութիւնը: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ խորհրդարանը եւս պէտք է ղեկավարէ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ մը: Քեմալականները նաեւ պահանջած էին արդարադատութեան, ներքին գործոց եւ կրթութեան նախարարներու պաշտօնները:
Հակառակ տարակարծութեանց, ներկայիս տակաւին կը շարունակուին համախոհական կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան միջեւ բանակցութիւնները: