Լա Հէյի Մէջ Թրամփ-Էրտողան Հանդիպում
Լա Հէյի մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հանդիպում մը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը: «Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները, շրջանային եւ միջազգային հարցերը: «Էրտողան ողջունած է Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ զինադադարը, որ ձեռք բերուած է Միացեալ Նահանգներու...




















