Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Իրան օրինական իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու ընդդէմ յարձակումին, որ սկսաւ մինչ հիւլէական բանակցութիւնները կը շարունակուէին:
Էրտողան նշեց, որ իր երկիրը իր կարելի ջանքը կը թափէ Կազայի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Եմէնի եւ Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումը դադրեցնելու եւ ամենայն համբերութեամբ պիտի շարունակէ այդ ջանքը թափել:
Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ Թուրքիան անհրաժեշտ բոլոր քայլերը որդեգրեց Իսրայէլ-Իրան տագնապին պատճառով իր հողերուն վրայ յառաջանալիք հետեւանքները դիմակայելու համար: