Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգները Հարուածեցին Իրանի Հիւլէական Կառոյցները

Յունիս 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ գիշեր Ամերիկան միջամտեց Իրանի դէմ Իսրայէլի` աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր շարունակուող առճակատումին` թիրախաւորելով իրանեան հիւլէական կառոյցները, որոնց շարքին` Ֆորտոյի կայանը, որ տեղակայուած է լերան խորքը:

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերը «յաջողութեամբ ռմբակոծած են Իրանի հիւլէական ծրագիրի երեք հիմնական` Ֆորտոյի, Նաթանզի եւ Սպահանի կառոյցները:

«Իրանի` իւրանիոմի հարստացման մեծագոյն գործարանները լիովին ոչնչացուեցան», ընկերային ցանցի վրայ գրեց Թրամփ, աւելցնելով. «Բազմաթիւ ռումբեր նետուած են: Բոլոր օդանաւերը անվտանգ կը վերադառնան տուն: Կը շնորհաւորենք մեր հզօր ամերիկացի զինուորները: Աշխարհի մէջ ոչ մէկ այլ զինուորական այդ աշխատանքը չէր կրնար ընել»:

Աւելի ուշ, ուղերձով դիմելով ժողովուրդին, Թրամփ պնդեց, թէ Ամերիկան միացաւ Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններուն, որովհետեւ «դիւանագիտութեամբ կարելի չեղաւ Թեհրանը վերադարձնել բանակցութեան սեղան»:

«Մեր նպատակն էր վերացնել Իրանի հիւլէական հարստացման կարողութիւնները եւ վերջ դնել հիւլէական այդ սպառնալիքին` ահաբեկչութիւնը հովանաւորող թիւ մէկ պետութեան կողմէ», պնդեց Տանըլտ Թրամփ` աւելցնելով. «Սա չի կրնար շարունակուիլ: Իրանի համար կա՛մ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, կա՛մ ողբերգութիւն»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը միաժամանակ սպառնաց աւելի հզօր հարուածներ հասցնել Իրանին, եթէ վերջինս հակահարուած տայ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն:

Թրամփ, որ ընտրուած էր աշխարհի տագնապները հարթելու խոստումներով, եւ տակաւին երկու օր առաջ ըսած էր, թէ «երկու շաբաթէն» պիտի որոշէ, թէ կը միանա՞յ Իրանի դէմ գործողութիւններուն, թէ՞ ոչ, երէկ պնդեց, թէ Իրանի մէջ տակաւին բազմաթիւ թիրախներ կան. «Եթէ շուտափոյթ խաղաղութիւն չհաստատուի, մենք ճշգրտութեամբ ու հմտութեամբ արագ այդ թիրախներուն ետեւէն պիտի երթանք»:

Ժամեր առաջ հաղորդումներ կային, որ ամերիկեան գերգաղտնի «Պի-2» ռմբակոծիչները, որոնք կը կրեն ամրացուած ապաստանարաններ պայթեցնող 13500 քիլոկրամնոց ռումբեր, Միացեալ Նահանգներէն դուրս եկած են եւ կը թռչին Խաղաղական ովկիանոսին վրայէն:

Ամերիկացի եւ իսրայէլցի պաշտօնեաները աւելի կանուխ ըսած էին, թէ Ամերիկան միակ երկիրն է, որ կրնայ հարուածել Իրանի ստորգետնեայ հիւլէական կառոյցները:

«Աճող վտանգ կայ, որ այս տագնապը կրնայ վերահսկողութենէ դուրս գալ` կործանարար հետեւանքներ ունենալով խաղաղ բնակիչներուն, շրջանին եւ աշխարհի համար», յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը` աւելցնելով, որ «խորապէս անհանգստացած է» այս հարուածներուն հետեւանքով «լարուածութեան վտանգաւոր մագլցումէն»:

Նախագահ Տանըլտ Թրամփը, կիսելով «Օփըն Սորս Ինթել»-ի գրառումը «Էքս»-ի վրայ, պնդած է, թէ «Ֆորտոյի հիւլէական գործարանը այլեւս չկայ»:

Իրանի Քոմ նահանգի բանբերը յայտնած է, որ Ֆորտոյի մէկ մասը «թշնամիի օդային հարուածներուն» տակ եղած է:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը պնդած է, թէ հարուածներէն առաջ հիւլէական նիւթերը հեռացուած են բոլոր երեք կառոյցներէն:

Իրանի հիւլէական ուժանիւթի գործակալութիւնը հաստատած է, որ Ֆորտոյի, Նաթանզի եւ Սպահանի հիւլէական կառոյցները յարձակման ենթարկուած են «թշնամիներու կողմէ»:

Կը նշուի, որ յարձակումները «բարբարոսական էին եւ կը խախտեն միջազգային իրաւունքը: Միաժամանակ, Թեհրան կը հերքէ, որ թիրախաւորուած կառոյցները լիովին ոչնչացուած են` խոստանալով շարունակել իւրանիոմի հարստացումը:

Աւելի կանուխ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան ըսած էր, թէ Իրան ոչ մէկ պարագայի պիտի դադրեցնէ իր հիւլէական ծրագիրը, իսկ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի զգուշացուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը «շատ, շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ բոլորին համար»:

Ֆրանսայի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Մասուտ Փեզեշքիան ըսած էր, թէ Իրան «պատրաստ է քննարկումի եւ համագործակցելու` խաղաղ հիւլէական գործունէութեան շուրջ վստահութիւն կառուցելու հարցին մէջ»:

«Այսուհանդերձ, մենք համաձայն չենք զերոյի հասցնել մեր հիւլէական գործունէութիւնը ոչ մէկ պարագայի», պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն` ըսած էր Իրանի նախագահը:

Ամերիկայի կողմէ Իրանի հիւլէական կառոյցներուն ռմբակոծումէն ետք Իրան թեւաւոր հրթիռներով բուռն ռմբակոծման ենթարկեց Իսրայէլը: Թել Աւիւի մէջ արձանագրուեցան հսկայական քանդումներ:

Նախորդը

Իրանի Խորհրդարանը Հորմուզի Նեղուցը Փակելու Բանաձեւ Որդեգրեց

Յաջորդը

Ակնարկ. Ամերիկեան Կանխահաս Ներգրաւումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?