Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Քննչական Կոմիտէն Կը Հերքէ Լերմոնթովի Մահուան Հանգամանքներուն Վերաբերեալ. Հետաքննութեան Սկսելու Լուրը

June 23, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէն հերքած է Տումայի երեսփոխան Նիքոլայ Պուրլիայեւի խնդրանքով գրող Միխայիլ Լերմոնթովի մահուան հանգամանքներուն վերաբերեալ հետաքննութեան սկսելու մասին տեղեկութիւնը, որ տարածած էր «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Քննչական կոմիտէէն ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Լերմոնթովի սպանութեան հետաքննութեան մասին գործակալութիւններէն մէկուն տարածած տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան»:

«ՌԻԱ Նովոսթի»-ն նախապէս գրած էր, որ Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէն հետաքննութեան սկսած է գրող Միխայիլ Լերմոնթովի սպանութեան գործով: Այս մասին գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ ժողովրդական արուեստագէտ, պետական Տումայի երեսփոխան Նիքոլայ Պուրլիայեւ:

Ան նախապէս ըսած էր, որ համապատասխան միջնորդութեամբ դիմում ուղարկած է Քննչական կոմիտէ: Երեսփոխանը նշած էր, որ տասնամեակներ շարունակ լերմոնթովագէտները, քրէագիտութեան, ձգաբանութեան եւ բժշկութեան բնագաւառի փորձագէտները յայտարարած են, որ 1841 թուականին Լերմոնթովի սպանութենէն անմիջապէս ետք կատարուած հետաքննութիւնը անարդար եղած է:

«Քննչական կոմիտէէն արձագանգ եղաւ, սկսած է բովանդակային միացեալ աշխատանք, ներառեալ թեքնիքական, մենք պիտի զեկուցենք ատոր յառաջընթացին եւ արդիւնքներուն մասին», ըսած էր Պուրլիայեւ:

Բանաստեղծ Լերմոնթով մահացած է 26 տարեկանին: Պաշտօնական վարկածին համաձայն, ան զոհուած է մենամարտի ընթացքին: 21 յուլիս 1841-ին Մաշուք լերան ստորոտին տեղի ունեցած է մահացու մենամարտ պաշտօնաթող գնդապետ Նիքոլայ Մարթինովի հետ:

Լերմոնթով զոհուած է փամփուշտով, որ զինք խոցած է հարթ մակերեսի համար «անհաւանական» յետագիծով` տակէն վեր, գրեթէ 40 աստիճան թեքումի տակ, կը պնդէ Պուրլիայեւ: Ուստի ան քննիչներուն կոչ կ՛ուղղէ անաչառ հետաքննութիւն կատարելու` օգտագործելով նոր ճարտարագիտութիւնները:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Դատարանը Բանատարկութեան Դատապարտած Է Եւրասիական Շարժումի Ռուսիոյ Հաշուոյն Լրտեսութիւն Կատարելու` Յանցանքով Մեղադրուած Ղեկավարները

Յաջորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Թրամփ Վեթոյի Ենթարկած Է Խամենէին Սպաննելու Ծրագիրը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.