Միջազգային

Այսօր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւններ` Արաղչիի Եւ Եւրոպական Եռեակի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Այսօր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւններ` Արաղչիի Եւ Եւրոպական Եռեակի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց այն լուրը, թէ եւրոպական եռեակի արտաքին գործոց նախարարներուն ու Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի հետ հանդիպում պիտի ունենայ: «Այս ժողովը պիտի գումարուի եւրոպական եռեակի դիմումին հիմամբ», ընդգծեց Արաղչի: Նախքան այդ, եւրոպացի դիւանագէտներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած էին, թէ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ...

Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին.  Իրան Պիտի Ընդունի Մօտ Օրէն Հանդիպելու Թրամփի Առաջարկը

Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին. Իրան Պիտի Ընդունի Մօտ Օրէն Հանդիպելու Թրամփի Առաջարկը

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը յայտարարութիւնը մէջբերելով, հաղորդեց, որ Իրան պիտի ընդունի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մօտ օրէն հանդիպելու առաջարկը: Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի պիտի ընդունի ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանսի հետ հանդիպիլ` քննարկելու համար Իսրայէլի...

Փութին Կը Խօսի Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ «Երկու Կողմերու Շահերուն Համընկնող Կարելի Համաձայնութեան» Մը Մասին

Փութին Կը Խօսի Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ «Երկու Կողմերու Շահերուն Համընկնող Կարելի Համաձայնութեան» Մը Մասին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ս. Փեթերսպուրկի տնտեսական համախմբումի ընթացքին յայտարարեց, որ Իրան Մոսկուայէն զինուորական աջակցութիւն չէ խնդրած, եւ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած գործընկերութեան համաձայնագիրը որեւէ զինուորական գործակցութիւն չի ներառեր: Ան շեշտեց, որ չ՛ուզեր նոյնիսկ քննարկել Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի սպանութեան կարելիութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ «յարմար լուծում մը» տակաւին կարելի է` նշելով, որ...

Քալլաս. «Եւրոպան Ընդմիշտ Կը Փակէ Ռուսական Կազի Ծորակը»

Քալլաս. «Եւրոպան Ընդմիշտ Կը Փակէ Ռուսական Կազի Ծորակը»

Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալլաս յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է 2027 թուականէն ընդմիշտ հրաժարիլ ռուսական կազէն: Եւրոպական յանձնաժողովը նախքան այդ ուսումնասիրած էր ռուսական վառելանիւթէն ամբողջապէս հրաժարելու առաջարկները: «Այսօր մենք ուրուագծեցինք մեր առաջարկը` մինչեւ 2027 թուականի վերջը արգիլելու ռուսական կազի ներածումը: Եւրոպան արդէն զգալիօրէն նուազեցուցած է իր կախեալութիւնը: Հիմա մենք ընդմիշտ կը փակենք կազի ծորակը: Ռուսիան այլեւս պիտի չկարենայ...

Իրան Եւ Իսրայէլ 6-րդ Օրն Ըլլալով  Շարունակեցին Զիրար Հարուածել

Իրան Եւ Իսրայէլ 6-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակեցին Զիրար Հարուածել

Իրան եւ Իսրայէլ երէկ արշալոյսէն սկսեալ շարունակեցին իրարու վրայ յարձակումներ գործել: Երկու կողմերը նաեւ փոխադարձաբար Թեհրանի եւ Թել Աւիւի մէջ շրջաններու բնակիչներու զանոնք լքելու զգուշացումներ ուղղեցին: Իրան առաջին անգամ ըլլալով օգտագործեց անդրձայնային «Ֆաթթահ» տիպի հրթիռներու առաջին սերունդը` վնասներ եւ հրդեհներ պատճառելով: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց. «Հրթիռները Թել Աւիւի պատրանքներէ տարուած եւ պատերազմ հրահրող դաշնակիցին Իրանի հզօրութեան վերաբերեալ պատգամ յղեցին»: Նշենք,...

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբաթը Իրանի Հարցով Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ»

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբաթը Իրանի Հարցով Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Կրնամ իրանեան հիւլէական կայանները հարուածել, եւ կրնամ ատիկա չընել: Իրան պէտք էր նախապէս մեզի հետ բանակցէր»: Պատասխանելով Իրանի հետ բանակցութիւններու մասին հարցումին` Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ. «Արդէն շատ ուշ է, սակայն տակաւին պատերազմը դադրեցնելու ժամանակ կայ»` աւելցնելով. «Իրան այլեւս որեւէ օդային պաշտպանութիւն չունի, եւ չեմ գիտեր մինչեւ երբ պիտի տոկան»: «Իսրայէլ Իրանի օդային տարածքը...

Ամերիկացի Պաշտօնատարներ  «Էյ. Պի. Սի.»-ինղ  «Յառաջիկայ Երկու Օրերը  Վճռորոշ Պիտի Ըլլան»

Ամերիկացի Պաշտօնատարներ «Էյ. Պի. Սի.»-ինղ «Յառաջիկայ Երկու Օրերը Վճռորոշ Պիտի Ըլլան»

Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններ, երէկ հաղորդեց. «Յառաջիկայ երկու օրերը Իրանի հետ դիւանագիտական լուծումին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի զինուորական ընտրանքի դիմելուն առումով վճռորոշ պիտի ըլլան»: Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են, թէ Թրամփի իր ազգային անվտանգութեան խումբին հետ երեքշաբթի օր գումարած ժողովը Իրանին հարուած հասցնելու վերաբերեալ որոշումի չէ յանգած: Պաշտօնատարները ամերիկեան օրաթերթին նշած են, թէ...

Մոսկուա. «Իսրայէլին Ամերիկեան Զինուորական  Որեւէ Օժանդակութեան Տրամադրում  Միջին Արեւելքի Մէջ Կայունութեան Արմատական  Քայքայման Ուղղութեամբ Կատարուած Քայլ Է»

Մոսկուա. «Իսրայէլին Ամերիկեան Զինուորական Որեւէ Օժանդակութեան Տրամադրում Միջին Արեւելքի Մէջ Կայունութեան Արմատական Քայքայման Ուղղութեամբ Կատարուած Քայլ Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց. «Իսրայէլին ամերիկեան զինուորական որեւէ օժանդակութեան տրամադրում Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան արմատական քայքայման ուղղութեամբ կատարուած քայլ է»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց Ուաշինկթընը Իսրայէլին ուղղակի զինուորական օգնութիւն տրամադրելէ կամ նոյնիսկ այդ մասին մտածելէ: «Ռուսիան կապի մէջ է թէ՛ Իրանի, թէ՛ Իսրայէլի հետ, եւ կարող է երկու երկիրներուն միջեւ տագնապի ծիրին մէջ միջնորդութիւն կատարել», նշեց...

Իրան Թել Աւիւի Մէջ Մոսատի Եւ Ամատի  Կեդրոնատեղիները Հարուածեց, Իսկ Իսրայէլ  Իրանեան Բանակի Սպայակոյտի Նոր Պետն Ալ Ահաբեկեց

Իրան Թել Աւիւի Մէջ Մոսատի Եւ Ամատի Կեդրոնատեղիները Հարուածեց, Իսկ Իսրայէլ Իրանեան Բանակի Սպայակոյտի Նոր Պետն Ալ Ահաբեկեց

Իրան երէկ շարունակեց հրթիռակոծել Իսրայէլը: Հրթիռներէն մէկը Թել Աւիւի հիւսիսը գտնուող Հերցիլիա քաղաքին մէջ 8 յարկանի շէնք մը ուղղակի կերպով հարուածեց: Հզօր պայթումներ արձանագրուեցան Թել Աւիւի արեւելեան շրջաններուն եւ Ռամալլայի արեւմուտքը գտնուող բնակեցման վայրերուն մէջ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հայֆայէն 60 անձեր հեռացուած են, Պթահ Թիքվայէն` 1300 անձեր, իսկ Թել Աւիւի շուրջ 300 բնակիչներ պանդոկներ տեղափոխուած են, երբ Իրանէն արձակուած...

Թրամփ. «Ուիթքոֆը Կամ Վանսը Պիտի Ղրկեմ  Իրանցիներուն Հետ Հանդիպում Ունենալու»

Թրամփ. «Ուիթքոֆը Կամ Վանսը Պիտի Ղրկեմ Իրանցիներուն Հետ Հանդիպում Ունենալու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը կամ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանսը պիտի ղրկեմ իրանցիներուն հետ հանդիպում ունենալու, սակայն հարցը կախեալ է, թէ Ուաշինկթըն վերադառնալէս ետք ի՛նչ պիտի պատահի»: Նշենք, որ Թրամփ աւարտէն առաջ լքած էր Քանատայի մէջ Եօթներու խմբակի վեհաժողովը: «Իրանի հետ հիւլէական խնդիրին իսկական աւարտ մը կ՛ուզենք, եւ...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփի Վարչակազմը Երկուշաբթի Օր  Իրանի Հետ Ժողով Գումարելու  Առաջարկ Մը Քննարկած Է

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփի Վարչակազմը Երկուշաբթի Օր Իրանի Հետ Ժողով Գումարելու Առաջարկ Մը Քննարկած Է

Չորս աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ Սպիտակ տունը Իրանի հետ կը քննարկէ այս շաբաթ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի միջեւ հանդիպումի մը կարելիութիւնը: Աղբիւրները ամերիկեան կայքին ըսած են, թէ հանդիպումին նպատակը հիւլէական համաձայնութեան հասնելու եւ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմին վերջ տալու նախաձեռնութիւն մը քննարկելն է: Չորս աղբիւրները աւելցուցած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլի Դեսպան.  «Հինգշաբթի Գիշեր Եւ Ուրբաթ Իրանի Մէջ Պիտի  Տեսնէք Անակնկալներ, Որոնց Բաղդատմամբ  Փէյճըրներու Պայթումը Դիւրին Պիտի Թուի»

Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլի Դեսպան. «Հինգշաբթի Գիշեր Եւ Ուրբաթ Իրանի Մէջ Պիտի Տեսնէք Անակնկալներ, Որոնց Բաղդատմամբ Փէյճըրներու Պայթումը Դիւրին Պիտի Թուի»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եգիէլ Լայթեր յայտարարեց. «Հինգշաբթի գիշեր եւ ուրբաթ Իրանի մէջ պիտի տեսնէք անակնկալներ, որոնց բաղդատմամբ փէյճըրներու պայթումը դիւրին պիտի թուի»: Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ 17-18 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի անդամներու կողմէ օգտագործուող փէյճըրները պայթեցուցած էր: Օրին վիրաւորուած էր նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոժթապա Ամանին: Դեսպանը «Մերիթ Սթրիթ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրանի վրայ պատերազմի ընթացքին «շարք...

Մաքրոն Զինադադարի Կոչ Ուղղելով`  Բանակցութեան Սեղան Վերադառնալու  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց

Մաքրոն Զինադադարի Կոչ Ուղղելով` Բանակցութեան Սեղան Վերադառնալու Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու եւ շեշտեց Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութեան սեղան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը: Մաքրոն ընդգծեց Իրանի եւ Իսրայէլի մէջ քաղաքայիններու կեանքերը պահպանելու կարեւորութիւնը: Ֆրանսայի նախագահը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Եօթներու խմբակի ղեկավարներուն փոխանցած է, թէ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ զինադադարի գոյացման շուրջ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան: «Ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն միջեւ հանդիպում առաջարկեցինք, տեսնենք,...

Իրան-Իսրայէլ Պատերազմը  4-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

Իրան-Իսրայէլ Պատերազմը 4-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

8 զոհեր եւ աւելի քան 287 վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ իրանեան հրթիռներ երէկ կանուխ առաւօտուն ինկան կեդրոնական Իսրայէլի վրայ: Իրանի արձակած հրթիռներէն քանի մը հատը յաջողեցան ճեղքել իսրայէլեան օդային պաշտպանութեան համակարգերը եւ Թել Աւիւի ու Հայֆայի մէջ դիրքեր հարուածելով մեծ վնասներ պատճառել: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, օդային պաշտպանութեան համակարգերը ձախողած են վնասազերծել Իրանէն արձակուած 10 հրթիռներ: Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը...

Փեզեշքիանի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Էրտողան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Միջնորդ  Դառնալու Իսրայէլ-Իրան Տագնապի  Լուծման Հարցին Մէջ»

Փեզեշքիանի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Էրտողան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Միջնորդ Դառնալու Իսրայէլ-Իրան Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իրանցի իր պաշտօնակից Մասուտ Փեզեշքիանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Անգարան պատրաստ է միջնորդելու Իսրայէլի հետ տագնապի արագ աւարտին եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրի շուրջ բանակցութիւններուն վերադառնալուն: Այս մասին զրոյցէն ետք յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը: «Նախագահ Էրտողան նշած է, որ շարք մը հաղորդակցութիւններ ունեցած է օտարերկրեայ ղեկավարներու հետ` Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ տագնապին...

Ամերիկեան «Նիմից» Օդանաւակիրը Չինաստանի  Հարաւային Ծովէն Կ՛ուղղուի Միջին Արեւելք

Ամերիկեան «Նիմից» Օդանաւակիրը Չինաստանի Հարաւային Ծովէն Կ՛ուղղուի Միջին Արեւելք

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով նաւերու շարժումներուն հետեւող «Մարին Թրաֆիք» կայքի տուեալները, հաղորդեց, որ ամերիկեան ծովուժի «Նիմից» օդանաւակիրը երէկ Չինաստանի Հարաւային ծովէն դէպի արեւմուտք նաւարկած է: Նախքան այդ, ջնջուած է Վիեթնամի նաւահանգիստին մէջ կազմակերպուած ամերիկեան օդանաւակիրի ընդունելութիւնը: Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Օդանաւակիրը կը ծրագրէր այս շաբթուան ընթացքին Տանենկ քաղաք այցելել, սակայն, երկու աղբիւրներ, որոնցմէ մէկը դիւանագիտական, յայտնեցին, թէ 20 յունիսին նախատեսուած ընդունելութիւնը...

Քրեմլին. «Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան  Համաձայնութիւններու Գործադրութիւնը  Պիտի Արտօնէ Հասնիլ Լուծման. Ստորագրուած  Փաստաթուղթերը Այլընտրանք Չունին»

Քրեմլին. «Մոսկուան Պատրաստ Է Միջնորդ Դառնալու Թեհրանի Եւ Թել Աւիւի Միջեւ. Իրանէն Իւրանիոմը Ռուսիա Տեղափոխելու Առաջարկը Ուժի Մէջ Է»

Ռուսիան պատրաստ է միջնորդ դառնալու Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ տագնապի լուծման գործին մէջ, այս հարցին շուրջ հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցած են: ՌԲԿ-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Փեսքովին հարցուցած են, թէ արդեօք միջնորդութեան վերաբերեալ հաղորդակցութիւններ կը նախատեսուի՞ն: «Դուք գիտէք, որ Փութին վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին քանի մը կարեւոր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած...

«Իրան Պէտք Չէ Հիւլէական Զէնք Ունենայ,  Եւ Բանակցուած Լուծումը  Երկար Ժամկէտի Վրայ Աւելի Լաւ Է»  Կ՛ըսէ Ֆոն Տեր Լեյեն

«Իրան Պէտք Չէ Հիւլէական Զէնք Ունենայ, Եւ Բանակցուած Լուծումը Երկար Ժամկէտի Վրայ Աւելի Լաւ Է» Կ՛ըսէ Ֆոն Տեր Լեյեն

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն, մեկնաբանելով կիրակի օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, յայտնեց. «Պնդեցի եւ քաջալերեցի, որ Կազա չհասնող մարդասիրական օժանդակութիւնները պէտք է Կազա մուտք գործեն, եւ ան խոստացաւ, որ այդ է խնդիրը եւ այդպէս պիտի մնայ»: Ան Քանատայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Նեթանիահուի հետ համաձայնած է, թէ «Իրան...

Էրտողան Փութինի Հետ Կը Քննարկէ  Իսրայէլ-Իրան Տագնապը

Էրտողան Փութինի Հետ Կը Քննարկէ Իսրայէլ-Իրան Տագնապը

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ տագնապը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային հարցեր: Էրտողանի գրասենեակը յայտնեց, որ ան յայտնած է. «Բռնութեան ոլորապտոյտը, որ սկսաւ Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն պատճառով, ամբողջ շրջանի ապահովութիւնը կը վտանգէ, եւ Նեթանիահուի կառավարութեան վարմունքը ապօրինի է եւ միջազգային համակարգին...

Մինչ Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ Բուռն Յարձակումները 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան.  Թրամփ. «Իրանն Ու Իսրայէլը Պէտք Է  Համաձայնութիւն Գոյացնեն»

Մինչ Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ Բուռն Յարձակումները 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. Թրամփ. «Իրանն Ու Իսրայէլը Պէտք Է Համաձայնութիւն Գոյացնեն»

Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ բուռն յարձակումները երէկ 3-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան: Իրան երէկ արշալոյսին հրթիռային հարուած մը հասցուց Թել Աւիւի հարաւը գտնուող Ռահուոթ քաղաքին մէջ «Ուայզման» գիտական հիմնարկին, որ Իսրայէլի մէջ հետազօտական ու գիտական ամէնէն ականաւոր կեդրոններէն մէկն է եւ ծանօթ է իբրեւ «Իսրայէլի հիւլէական միտքը»: Յարձակումին պատճառով մեծապէս վնասուեցան աշխարհի վրայ գիտական ամէնէն ականաւոր հաստատութիւններէն մէկը նկատուող եւ...

Page 84 of 882 1 … 83 84 85 … 882

Արխիւներ