Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լամի. «Յառաջիկայ Երկու Շաբթուան Ընթացքին Իրանի Հարցով Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Իսկական Առիթ Գոյութիւն Ունի»

June 21, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ քննարկած է Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի բարդացումէն խուսափելու կարելիութիւնները:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները նաեւ քննարկած են Իրանի հիւլէական խնդիրին երկարատեւ լուծումի հասնելու անհրաժեշտութիւնը:

Լամի շեշտած է, թէ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Իրանի հարցով դիւանագիտական լուծումի հասնելու իսկական առիթ գոյութիւն ունի:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երէկ յայտնեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ ժողովի մը ընթացքին քննարկած է Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ տագնապը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան Իրանի երբեք հիւլէական զէնք ձեռք չբերելուն շուրջ համամիտ են:

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ մէկ օր առաջ յայտարարած էր. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ հիմնուելով մօտիկ ապագային Իրանի հետ բանակցութիւններուն, որոնք կրնան տեղի ունենալ կամ չունենալ, մեծ կարելիութեան վրայ», ան Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմին մասնակցելու իր որոշումը պիտի տայ «յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին»:

«Ոչ ոք պէտք է Իրանի վերաբերեալ Թրամփի դիրքորոշումէն անակնկալի մատնուի», ըսաւ ան:

«Թրամփ մեծ առիթ ընծայեց եւ մեծ ջանք թափեց Իրանի հետ դիւանագիտական լուծումի հասնելու, եւ աշխարհը Թրամփի հետ համաձայն է, որ Իրան չի կրնար հիւլէական զէնք ձեռք ձգել», նշեց Սպիտակ տան բանբերը:

«Թրամփ ուժի ճամբով խաղաղութեան նախագահ է եւ չի վախնար զայն օգտագործելէ, եւ իրանցիները Սպիտակ տուն գալով հետաքրքրուած են», աւելցուց ան:

«Յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի իրանցիներուն առաջարկած համաձայնութիւնը իրատեսական եւ ընդունելի էր», ընդգծեց Լիւիթ:

«Իրան այսօր հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու աւելի քան երբեւէ մօտ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր վարչակազմը պատրաստ է որեւէ տեղ ամերիկեան շահերը պաշտպանելու»:

«Ներկայիս չենք տեսներ ցուցանիշեր, թէ Չինաստանը Իրանին աջակցելու համար զինուորական միջամտութիւն պիտի կատարէ», նշեց Սպիտակ տան բանբերը:

«Թրամփ դիւանագիտական լուծումներ կ՛ուզէ, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային ուժ կիրարկելու պիտի չտատամսի», ընդգծեց Լիւիթ:

 

Նախորդը

Արաղչի. «Ամերիկացիները Կը Փափաքին Բանակցիլ Եւ Շարք Մը Պատգամներ Յղեցին, Սակայն Յարձակումի Շարունակումի Լոյսին Տակ Որեւէ Երկխօսութեան Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ»

Յաջորդը

Իրանի Եւ Իսրայէլի Փոխադարձ Հարուածները 8-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.