Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Ամերիկացիները Կը Փափաքին Բանակցիլ Եւ Շարք Մը Պատգամներ Յղեցին, Սակայն Յարձակումի Շարունակումի Լոյսին Տակ Որեւէ Երկխօսութեան Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ»

June 21, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Մենք հրթիռներու նիւթին շուրջ ոեւէ մէկուն հետ որեւէ երկխօսութիւն չենք կատարեր»:

«Շնորհիւ մեր կիրարկած քաղաքականութեան, միջազգային օրէնքի հիմամբ առաւելութիւն ունինք: Նոյնիսկ երբ կը խօսիմ արեւմուտքցիներուն հետ, ոչինչ ունին ըսելիք: Կը բանակցէինք եւ դիւանագիտութիւն կը կիրարկէինք, եւ յանկարծ գոյացութիւնը յարձակում գործեց: Ատիկա ի՞նչ արդարացում ունի: Ինչո՞ւ չեն դատապարտեր: Դիւանագիտութեան կը հետեւէինք եւ դիւանագիտական հոլովոյթի մէջ էինք», նշեց Արաղչի:

«Ամերիկացիները այս յարձակումներուն մէջ սիոնական գոյացութեան հետ մեղսակիցներ եւ գործակիցներ կը նկատենք», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը` նշելով. «Շրջանին մէջ ներկայ եղող ամերիկեան ուժերուն սիոնական գոյացութեան հետ գործակցութեան շարք մը փաստեր գոյութիւն ունին: Աւելի կարեւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահին կատարած գրառումներն ու հարցազրոյցներն են, որոնց մէջ ան շարունակ կ՛օգտագործէ «մենք» բառը: Ամերիկայի մասնակցութիւնը փաստի կամ ապացոյցի կարիք չունի»:

Անդրադառնալով իր եւ Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ հաղորդակցութիւններու մասին լուրերուն` Արաղչի ըսաւ, որ այդ լուրերը «իրենց սրտի փափաքը կ՛արտայայտեն, եւ անոնք կը փորձեն անուղղակի կերպով ըսել. «Աւելի լաւ է բանակցինք»:

«Ներկայ պայմաններուն մէջ, սիոնական գոյացութեան յարձակումին շարունակման լոյսին տակ, չենք փափաքիր ոեւէ մէկու հետ բանակցիլ», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Ամերիկացիները կ՛ուզեն բանակցիլ եւ շարք մը պատգամներ յղեցին, սակայն մենք յստակ կերպով ըսինք` այնքան ատեն որ յարձակումը չէ դադրած, երկխօսութեան մասին կարելի չէ խօսիլ»:

«Ամերիկայի հետ որեւէ երկխօսութիւն չունինք` նկատի ունենալով, որ ան այս ոճիրին մեղսակից է», ըսաւ ան` նշելով. «Կարգ մը երկիրներ միջնորդութիւն կատարեցին, սակայն ամերիկացիներուն հետ կապ չհաստատեցինք, եւ ներկայ պայմաններուն մէջ պիտի չհաստատենք: Շրջանառութեան մէջ անոնց դրած լուրերը ամբողջովին սխալ են»:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Թուրքիան Իր Կարելի Ջանքը Կը Թափէ Կազայի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Եմէնի Եւ Իրանի Վրայ Իսրայէլի Յարձակումը Դադրեցնելու Համար»

Յաջորդը

Լամի. «Յառաջիկայ Երկու Շաբթուան Ընթացքին Իրանի Հարցով Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Իսկական Առիթ Գոյութիւն Ունի»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.