Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Հարուածեց Իրանի Արաք Հիւլէական Կայանը, Իսկ Թեհրան Վերջին 48 Ժամուան Մէջ Իր Մեծագոյն Յարձակումը Գործեց

Յունիս 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան երէկ առաւօտեան Իսրայէլի տարբեր շրջաններուն ուղղութեամբ արձակեց հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու նոր ալիք մը, որ վերջին 48 ժամուան ընթացքին մեծագոյնն էր, առնուազն 65 վիրաւորներ պատճառեց եւ Թել Աւիւի մէջ մեծ աւերներ գործեց:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ արձակուած են շուրջ 20-էն 30 հրթիռներ, որոնցմէ մէկը ինկաւ Պիր Սապաայի «Սորոքա» հիւանդանոցին մօտ, ուր Կազայի մէջ վիրաւորուած զինուորները կը դարմանուին: Հիւանդանոցը թեթեւօրէն վնասուեցաւ, սակայն անոր մօտ գտնուող շէնք մը փուլ եկաւ, եւ մարդիկ մնացին անոր փլատակներուն տակ:

Իրանի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան հրթիռային յարձակումին թիրախը «Սորոքա» հիւանդանոցին մօտ գտնուող իսրայէլեան բանակի հրամանատարութեան եւ հետախուզութեան կեդրոնն էր, որ ճշգրիտ հարուած ստացած է, իսկ հիւանդանոցը վնասներ կրած է:

Գործակալութիւնը նշեց, որ թիրախաւորուած կառոյցին մէջ հազարաւոր զինուորներ կը գտնուին, անիկա թուայնական ղեկավարութեան համակարգեր, համացանցային պատերազմի գործողութիւններու համակարգեր կը պարունակէ:

Իրանեան հրթիռները ուղղակի թիրախներ հարուածեցին Թել Աւիւի, Հուլոնի եւ Ռամաթ Կանի մէջ, ուր կը գտնուի իսրայէլեան սակարանը: Թել Աւիւի մէջ հրթիռ մը ինկաւ Լիքուտ կուսակցութեան անդամ եւ Իսրայէլի կենսոլորտի նախկին նախարար Տանի Նաւէի տան վրայ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Մեծն Թել Աւիւի 5 շրջաններու մէջ մեծ քանդում կայ, եւ այդտեղ հրդեհներ յառաջացած են:

Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին, 13 յունիսին` պատերազմի սկիզբէն ի վեր Իրանի արձակած հրթիռներուն պատճառով Իսրայէլի մէջ արձանագրուած է 24 զոհ, 838 վիրաւոր, շուրջ 5000 անձեր հեռացուած են:

Իրան պատերազմի սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի վրայ  արձակած է աւելի քան 400 հրթիռներ, որոնցմէ շուրջ 40-ը ինկած են Իսրայէլի տարբեր շրջաններու վրայ:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ չորեքշաբթի գիշեր ռմբակոծած է մայրաքաղաք Թեհրանի հարաւ- արեւմուտքը գտնուող Արաք շրջանի հիւլէական կայանը, որ չէր գործեր, ինչպէս նաեւ Թեհրանի հարաւ-արեւելքը գտնուող Նաթանզի մէջ հիւլէական զէնքերու զարգացման համար օգտագործուող եւ իրանեան հիւլէական ծրագիրի արագացման նպաստող արդիական սարքեր պարունակող վայր մը:

Շուրջ 40 ռմբաձիգներու մասնակցութեամբ յարձակումը թիրախաւորած է Թեհրանի եւ Իրանի մէջ տարբեր շրջաններ, մասնաւորաբար ճարտարագիտական եւ զինուորական դիրքեր, ներառեալ թեւաւոր հրթիռներու նախնական նիւթեր եւ մասեր արտադրող գործարաններ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Այս առտու, իրանցի ահաբեկիչ բռնատէրները հրթիռներ արձակեցին Պիր Սապաայի մէջ «Սորոքա» հիւանդանոցին եւ երկրի կեդրոնին մէջ քաղաքայիններու վրայ: Թեհրանի  բռնատէրներուն սուղ գին վճարել պիտի տանք»:

Նեթանիահու երէկ աւելի ուշ պատասխանելով Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի ահաբեկման մասին հարցումի մը յայտնեց. «Ոչ ոք անձեռնմխելիութիւն ունի, եւ բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են, եւ աւելի լաւ է այդ մասին լրատուամիջոցներու հետ չխօսիլ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Ես եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բանակին ցուցմունք տուինք Իրանի մէջ իշխանութեան պատկանող ռազմավարական թիրախներու վրայ յարձակումներուն մէջ մագլցում կատարելու»:

«Մեր յարձակումներուն նպատակը Իսրայէլի համար սպառնալիքներու վերացումն ու իրանեան վարչակարգի ցնցումն է», նշեց ան` աւելցնելով, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին «հաշուետուութեան պիտի ենթարկուի, եւ հիւանդանոցներու ու բնակելի շէնքերու թիրախաւորումը պատերազմական ոճիրներ են»:

Քաց աւելի ուշ եւս յայտարարեց. «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէին կ՛ուզէ Իսրայէլը քանդել, եւ պէտք չէ ողջ մնայ»:

«Խամենէին ուղղակի կերպով պատասխանատու է ներքին ճակատին (Իսրայէլի, «Ա.») վրայ հրթիռարձակման», ըսաւ ան:

«Կարելի չէ Խամենէի նման անձի մը գոյութիւնը արտօնել: Կարելի չէ Իսրայէլի քանդումի նպատակի գոյութեան շարունակումը արտօնել», աւելցուց Քաց:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ շեշտեց. «Բռնատէրներու հետ բանակցութիւններ պիտի չըլլան»:

Խամենէիի խորհրդական Ալի Լարիժանի շեշտեց. «Իրանի անձնատուութեան մասին որեւէ խօսք մեծ սխալ է»:

«Պատերազմներ չենք ուզեր, սակայն վճռորոշ փուլէ կ՛անցնինք, եւ պէտք է տոկանք պաշտպանուելու եւ նախայարձակները պատժելու համար», ըսաւ ան:

«Իսրայէլ կը կարծէր, որ քանի մը օրէն Իրանը պիտի ստիպէ նահանջել, սակայն ատիկա չիրականացաւ», նշեց Լարիժանի:

«Բանակցութիւններու վերջին փուլերուն Ամերիկան խնդիրները լուծելու չէր ջանար, այլ կը փորձէր մեզի որոշ պահանջներ պարտադրել», յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդականը:

«Երբ պատերազմը աւարտի, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսին հաշուետուութեան պիտի ենթարկենք», ըսաւ Լարիժանի:

Նախորդը

Այսօր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւններ` Արաղչիի Եւ Եւրոպական Եռեակի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (20 Յունիս 2025)

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?