Իրանի Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը
«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանը հաւանութեան արժանացուցած է երկրին հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ Վեցեակին հետ կնքուած համաձայնագիրին գործադրութիւնը: Իրանցի երեսփոխանները քուէարկած են ի նպաստ օրէնքի նախագիծին, որ երկրին կառավարութեան իրաւունք կու տայ Վեցեակին հետ կնքուած համաձայնագիրը գործադրել: Փաստաթուղթին թեր քուէարկած է 139 երեսփոխան, դէմ` 100 երեսփոխան, իսկ ձեռնպահ մնացած է 12 երեսփոխան: Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը ստորագրուած էր...




















