Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա 3 միլիառ տոլար արժող զինուորական 60 ուղղաթիռ պիտի վաճառէ Ազրպէյճանին:
Ուղղաթիռները կ՛արտադրուին Թուրքիոյ մէջ, «Ակուսթա Ուեսթլանտ» անգլիա-իտալական ընկերութեան եւ թրքական «Թի.Էյ.Այ.» ընկերութեան համագործակցութեամբ:
Ազրպէյճանին մատակարարուող «Թի. 129» տիպի յարձակողական այս ուղղաթիռները օժտուած են 20 մմ հրթիռներ արձակող սարքերով, որոնք կրնան գործածուիլ օդէն ցամաք կամ օդէն օդ յարձակումներու համար: