Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոչիի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Ռուս-Սէուտական Քննարկումներ

October 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոհամետ Պըն Սալման եւ Փութին
Մոհամետ Պըն Սալման եւ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ փոխգահաժառանգ, պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալմանի հետ եւ անոր հետ քննարկեց սուրիական տագնապին իրադարձութիւնները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը կեդրոնացած են սուրիական տագնապին հարցին վրայ` նշելով, որ Մոսկուա եւ Ռիատ Սուրիոյ նկատմամբ հասարակաց նպատակներ ունին:

Շեշտելէ ետք, թէ Սուրիոյ մէջ կարելի չէ ահաբեկչական խալիֆայութեան հաստատումը արտօնել, Լաւրով նշեց, թէ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ միայն ահաբեկիչներուն դէմ կը կռուի:

Ան ըսաւ, որ Փութին հասկացողութիւն ցուցաբերած է Սուրիոյ մէջ կացութեան վերաբերեալ սէուտական մտահոգութեան նկատմամբ:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ գոյութիւն ունին երկկողմանի գործակցութեան լաւ առիթներ, ներառեալ` զինուորական-թեքնիք մարզին մէջ:

Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալման յայտարարեց, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման եւ սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան աջակցութեան ցուցաբերման:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան վերաբերեալ մտահոգութիւն ունի:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան վերաբերեալ որոշ մտահոգութիւն ունի` նշելով, որ Ռիատ Սուրիոյ մէջ կ’ուզէ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթ մը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման կ’առաջնորդէ:

Ան ընդգծեց, որ Ռիատ կ’ուզէ Սուրիոյ պետութեան միութեան պահպանման համար Ռուսիոյ հետ հասարակաց ենթահող մը գտնել:

Նախքան Սէուտական Արաբիոյ փոխգահաժառանգին հետ իր հանդիպումը, Փութին Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայետի հետ: Անոնք իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ տագնապին հարցը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի զարգացումները, մասնաւորաբար միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ռուսական եւ էմիրաթական ջանքերուն լոյսին տակ:

Անոնք նաեւ անդրադարձած են շրջանային ու միջազգային հրատապ հարցերու:

«Ինթըրֆաքս» հաղորդեց, որ Փութին վստահեցուցած է, որ իր երկիրը սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ զատողութիւն չի դներ, իսկ ան որ հակառակը կը պնդէ, կը սխալի, «որովհետեւ մենք չենք ուզեր սուրիական տագնապին մէջ կրօնական պատերազմի մը մէջ մտնել»:

Ան նշած է. «Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերուն առաքելութիւնը երկրին օրինական իշխանութիւններուն կայունութեան ապահովումն է»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ցամաքային գործողութեան մը ընտրանքը բացառուած է:

«Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն դէմ «Քալիպր» տիպի հրթիռներու օգտագործումը ցոյց կու տայ անհրաժեշտութեան պարագային արդիական զէնքեր օգտագործելու մեր պատրաստակամութիւնը», ըսած է Փութին:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Բացումը Կատարեց Հայ Գիրքի 36-րդ Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

Ռուսական Կործանիչներ Կը Շարունակեն Սուրիոյ Մէջ Յարձակումներ Գործել

RelatedPosts

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական  Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ,  Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»

March 13, 2026
Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին  Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»

March 13, 2026
Փութինն Ու Ալիեւը Միջին Արեւելքի Մէջ  Զինուորական Գործողութիւններու Շուտափոյթ  Դադրեցման Կողմ Արտայայտուած Են
Միջազգային

Փութինն Ու Ալիեւը Միջին Արեւելքի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Շուտափոյթ Դադրեցման Կողմ Արտայայտուած Են

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.