Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջազգային Դաշինքին Եւ Սուրիոյ Մէջ Գործող Մեր Ուժերուն Միջեւ Համակարգումով Հետաքրքրուած Ենք» Ըսաւ Լաւրով

Հոկտեմբեր 13, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով
Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ միութիւնը պէտք է պահպանուի, իսկ համաձայնութիւնը սուրիացիներուն միջեւ գոյանայ: Ան նշեց, որ ռուսական կողմը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքէն խնդրած է Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան դիրքերուն ու կեդրոններուն մասին տեղեկութիւններ, սակայն պատասխան չէ ստացած` աւելցնելով.«Մենք նկատի ունինք, որ Սուրիոյ բանակը գետնին վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ»: «Միջազգային դաշինքին եւ Սուրիոյ մէջ գործող մեր ուժերուն միջեւ գործակցութեամբ հետաքրքրուած ենք», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ ենք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մէջ ընդդիմութեան հետ գործակցելու»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Լիւքսամպուրկի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովէն առաջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը «անշուշտ կը փոխէ խաղին կանոնները»` նշելով, որ ատիկա «մտահոգութիւն պատճառող կողմեր ունի»:

Նախարարները իրենց ժողովի աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին.«Սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան դէմ ռուսական զինուորական յարձակումները խոր մտահոգութիւն կը պատճառեն»:

«Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական մագլցողական քայլերը կը սպառնան երկարաձգել տագնապը եւ կապտել քաղաքական հոլովոյթը», նշեցին նախարարները` աւելցնելով.«Նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տակ Սուրիոյ մէջ մնայուն խաղաղութիւն կարելի չէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Սի.Պի.Էս» պատկերասփիւռի կայանի «60 վայրկեան» յայտագիրէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ իր երկիրը յոյսով է, որ «Ռուսիան եւ Իրանը ճնշում կը գործադրեն Ասատի վարչակարգին վրայ»: «Մենք պատրաստ ենք աշխատելու դիւանագիտական ճամբով, եւ ուր որ կրնանք` աջակցելու չափաւորական ընդդիմութեան, որ կրնայ համոզել ռուսերուն եւ իրանցիներուն ճնշում գործադրել Ասատի վրայ` իշխանութիւնը փոխանցելու համար: Սակայն…մենք պատրաստ չենք խառնուելու Սուրիոյ մէջ զինուորական արշաւին», յայտարարեց Օպամա:

Ան քննադատեց Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմավարութիւնը` զայն սխալ անուանելով: «Այնքան ատեն որ Ասատը իշխանութեան վրայ է, դժուար պիտի ըլլայ չափաւորական ընդդիմութեան ուժերը ուղղել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին», ըսաւ Օպամա` աւելցնելով, որ իրենք տեղեակ էին, որ Ռուսիան կը պատրաստուի Սուրիոյ զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու, «որովհետեւ կը վախնայ, որ Ասատի վարչակարգը պիտի տապալի»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտնեց, որ Սուրիան յառաջիկայ օրերուն ականատես պիտի դառնայ մեծ յաղթանակներու:

Սուրիոյ բանակը յայտարարեց, որ իր վերահսկողութեան տակ առած է Հալէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ազատ շրջանը, երբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները իրենց ստացած հարուածներէն ետք հեռացած են շրջանէն: Սուրիոյ բանակը նաեւ յառաջացած է Լաթաքիոյ գիւղական շրջաններուն մէջ, ուրկէ զինեալները փախուստ տուած են դէպի Թուրքիոյ սահման:

Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ զինեալ խմբաւորումներ անակնկալ յարձակում մը գործելով գրաւած են Լաթաքիոյ գիւղական շրջանին մէջ Տուրին գիւղը, որ կը գտնուի Սալմա քաղաքին մօտ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իրենք Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ պիտի խօսին Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը հարցով:

Նախորդը

Գրիգոր Պըլտեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Իրանի Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Ռուտենքօ. «Պատրաստ Ենք Իրանին Եւ Միացեալ  Նահանգներուն Համաձայնութեան Հասնելու Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուտենքօ. «Պատրաստ Ենք Իրանին Եւ Միացեալ Նահանգներուն Համաձայնութեան Հասնելու Օգնելու»

Մայիս 21, 2025
Խամենէի. «Չենք Կարծեր, Որ Ամերիկայի Հետ  Անուղղակի Բանակցութիւնները Արդիւնք  Պիտի Տան, Եւ Չենք Գիտեր Ի՛նչ Պիտի Պատահի»
Գլխաւոր լուրեր

Խամենէի. «Չենք Կարծեր, Որ Ամերիկայի Հետ Անուղղակի Բանակցութիւնները Արդիւնք Պիտի Տան, Եւ Չենք Գիտեր Ի՛նչ Պիտի Պատահի»

Մայիս 21, 2025
ՔԱԿ-ը Օճալանը Կը Կարգէ Թուրքիոյ Հետ  «Աւագ Բանագնաց»  Եւ Կը Նշէ. «Անգարան Խաղաղութեան  Հոլովոյթին Երաշխիքներ Չտուաւ»
Միջազգային

ՔԱԿ-ը Օճալանը Կը Կարգէ Թուրքիոյ Հետ «Աւագ Բանագնաց» Եւ Կը Նշէ. «Անգարան Խաղաղութեան Հոլովոյթին Երաշխիքներ Չտուաւ»

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?