Միջազգային

«Առանց ՏԱՀԵՇ-ի Արտաքին Աջակցութեան  Դադրեցման` Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներու  Վերջ Տալը Դժուար Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Առանց ՏԱՀԵՇ-ի Արտաքին Աջակցութեան Դադրեցման` Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներու Վերջ Տալը Դժուար Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Մարիա Զախարովա Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ «Առանց ՏԱՀԵՇ-ի արտաքին աջակցութեան դադրեցման` Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն վերջ տալը դժուար պիտի ըլլայ»: «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն արտասահմանէն զէնքի մատակարարումը կը շարունակուի, եւ պէտք է վերջ տալ այդ երեւոյթին», նշեց ան: Զախարովա յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկիչներուն ելեւմտական հիմերուն հարուածումը կախեալ է կարգ մը երկիրներու բարի կամեցողութեան մակարդակէն: Ռուսիոյ...

«Իրանեան Հարստացուած Իւրանիոմը  Պիտի Փոխանակուի Ռուսական  Բնական Վառելանիւթով»  Կ՛ըսէ Սալեհի

«Իրանեան Հարստացուած Իւրանիոմը Պիտի Փոխանակուի Ռուսական Բնական Վառելանիւթով» Կ՛ըսէ Սալեհի

Ալի Աքպար Սալեհի «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար Ալի Աքպար Սալեհի Նաթանզի հիւլէական կեդրոնին մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ Իրան եւ Ռուսիա Իսլամական հանրապետութեան մէջ հարստացուած իւրանիոմի վաճառքի եւ զայն, Թեհրանի եւ Վեցեակի միջեւ համաձայնագիրի պարտաւորութիւններուն համապատասխան, Ռուսիա տեղափոխելու շուրջ համաձայնութեան հասնելու հարցին մէջ կը գտնուին աւարտական հանգրուանին մէջ: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ Սալեհի ըսած է....

Մոսկուայի Մէջ` Ասատ-Փութին  Հանդիպում

Մոսկուայի Մէջ` Ասատ-Փութին Հանդիպում

Ասատ եւ Փութին Քրեմլին եւ Սուրիոյ նախագահական պալատը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երեքշաբթի օր այցելած է Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուած են Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Շոյկու եւ Սերկէյ Լաւրով: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահութիւնը նշած...

Փերեցէն Ետք Նաեւ Նեթանիահու

Փերեցէն Ետք Նաեւ Նեթանիահու

Իսրայէլեան ընկերային ցանցերուն վրայ մեծ շրջանառութեան եւ հեգնական գրառումներու արժանացաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի լուսանկարը, ուր ան փակ հեռադիտակով կը դիտէր Կազան: Հայիմ Հոռնշթայնի իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յանձնած լուսանկարը առնուած է երեքշաբթի կէսօրին, մինչ Նեթանիահու իսրայէլեան բանակի հրամանատարներուն ընկերակցութեամբ Կազայի հետ սահմանին վրայ կը փորձէր փակ հեռադիտակով հետեւիլ Կազայի մէջ կատարուող շարժումներուն: Նախապէս ալ Իսրայէլի մէկ բարձրաստիճան պաշտօնատարը յայտնուած...

Խամենէի Վաւերացուց  Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

Խամենէի Վաւերացուց Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

Այաթոլլա Ալի Խամենէի Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի վաւերացուց Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Վեցեակին հետ գոյացած համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ ցուցմունք տուաւ սկսելու ատոր գործադրութեան: Խամէնէի զգուշացուց. «Բանակցութեան մասնակից ուժերուն կողմէ նոր պատժամիջոցներու հաստատումը կը հակասէ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան, եւ (իրանեան) կառավարութիւնը պէտք է անոր գործադրութիւնը կասեցնէ, եթէ այդպիսի բան պատահի»` աւելցնելով. «Պատժամիջոցներու կառոյցին պահպանման վրայ հիմնուած որեւէ...

Ալեքսանտրեթի Մէջ Անօդաչու  Թռչող Սարք Մը Ջախջախուեցաւ.  Փութին. «Սուրիոյ Մէջ  Գտնուող Ահաբեկիչները  Կը Ծրագրեն Այլ Շրջաններու  Կայունութիւնը Քայքայել»

Ալեքսանտրեթի Մէջ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը Ջախջախուեցաւ. Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Գտնուող Ահաբեկիչները Կը Ծրագրեն Այլ Շրջաններու Կայունութիւնը Քայքայել»

Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչները կը ծրագրեն այլ շրջաններու կայունութիւնը քայքայել եւ շարք մը երկիրներէ զինեալներ կը զինուորագրեն»: «Ահաբեկչութիւնները Սուրիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներուն մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ ունին եւ կը ծրագրեն զանոնք ընդլայնել», ըսաւ Փութին: Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ մեր զինուորական գործողութիւնը ահաբեկչութեան վտանգի դիմակայման Ռուսիոյ կարողութիւնը ցոյց տուաւ»:...

«Վար Առնուած Օդանաւը Ռուսական Արտադրութիւն Է,  Սակայն Կրնայ Սուրիոյ Բանակին  Կամ Սուրիացի Քիւրտերուն Պատկանիլ»  Ըսաւ Տաւութօղլու

«Վար Առնուած Օդանաւը Ռուսական Արտադրութիւն Է, Սակայն Կրնայ Սուրիոյ Բանակին Կամ Սուրիացի Քիւրտերուն Պատկանիլ» Ըսաւ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ թրքական օդային տարածքը խախտելէն ետք վար առնուած անօդաչու թռչող սարքը ռուսական արտադրութիւն է: Ան աւելցուց, որ Ռուսիա Թուրքիոյ փոխանցած է, որ այդ օդանաւը իրեն չի պատկանիր, ուստի թերեւս կը պատկանի Սուրիոյ բանակին, Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն կամ ուրիշ կողմի մը: Թուրքիա անցեալ շաբաթ վար առած էր անծանօթ թռչող անօդաչու սարք մը, որ Սուրիոյ սահմանին...

Քերրի Յառաջիկայ Օրերուն Հանդիպումներ  Պիտի Ունենայ Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Շուրջ

Քերրի Յառաջիկայ Օրերուն Հանդիպումներ Պիտի Ունենայ Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Շուրջ

Ճոն Քերրի ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Սպանիոյ  արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Կարսիա-Մարկալիոյի հետ Մատրիտի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ յառաջիկայ օրերուն հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ ճգնաժամը: Ըստ Քերրիի, Ուաշինկթըն կը ձգտի այդ ձեւով Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում...

Ռուսիան Եւ Իրանը Ծովուժի Ռազմափորձեր  Պիտի Կատարեն Կասպից Ծովուն Մէջ

Ռուսիան Եւ Իրանը Ծովուժի Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն Կասպից Ծովուն Մէջ

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի ծովուժի երեք նաւեր երէկ ուղղուած են Աստրախան, որուն մօտ Կասպից ծովու ջրատարածքին մէջ տեղի պիտի ունենան ռուսական եւ իրանեան ծովուժերու միացեալ ռազմափորձեր: «Ինթըրֆաքս» կը նշէ, որ այդ մասին իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնած է առաջին կարգի գնդապետ Ահմետ Ռըզա Պաքերի: Իրանցի սպան յայտնած է. «Աստրախան մեկնած իրանեան նաւերու խումբի կազմին մէջ են «Տամաւանատ»...

Զուիցերիոյ Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն Ընթացքին Յաղթանակ  Արձանագրած Է Ժողովրդական Կուսակցութիւնը

Զուիցերիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Յաղթանակ Արձանագրած Է Ժողովրդական Կուսակցութիւնը

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած Զուիցերիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն համաձայն, ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրած է աջ պահպանողական Զուիցերիոյ ժողովրդային կուսակցութիւնը, որ կոչ կ՛ուղղէ ներգաղթեալներու հոսքը խիստ սահմանափակելու: Կուսակցութիւնը 200 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ստացած է 65 աթոռ` 2011-ի ընտրութիւններուն համեմատութեամբ իր ներկայացուցչութիւնը աւելցնելով 11 աթոռով: Քաղաքագէտներու գնահատումներուն համաձայն, Զուիցերիոյ ժողովրդական կուսակցութեան համոզիչ...

Կիպրոսը Վեթոյի Պիտի Ենթարկէ Թուրքիոյ`  Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը

Կիպրոսը Վեթոյի Պիտի Ենթարկէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը

Թրքական «Սէօզճիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Իոանիս Քասուլիտիս յայտարարած է, որ Կիպրոս վեթոյի պիտի ենթարկէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը եւ պիտի չարտօնէ բանալ Թուրքիոյ անդամակցութեան գծով սառեցուած բանակցային խորագիրները: Թրքական լրատուամիջոցներ անցեալ շաբաթ հաղորդած էին, որ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները, Սուրիայէն տեղահանուածներու դէպի Եւրոպա հոսքը կանխարգիլելու մասին իրենց խօսքերուն մէջ չէին բացառած Թուրքիոյ` Եւրոպական...

«Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը  Կամ Չմնալը Կ՛որոշէ Սուրիացի Ժողովուրդը»  Կ՛ըսէ Գահիրէ

«Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը Կամ Չմնալը Կ՛որոշէ Սուրիացի Ժողովուրդը» Կ՛ըսէ Գահիրէ

Ահմետ Ապու Զէյտ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ապու Զէյտ հերքեց, որ «Ժընեւ-1» խորհրդաժողովի որոշումներուն շուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին` նշելով, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վրայ մնալու կամ չմնալու հարցը կ՛որոշէ սուրիացի ժողովուրդը: Ապու Զէյտ նշեց, որ Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա համամիտ են, որ պէտք է յարգել «Ժընեւ-1»-ի որոշումները` աւելցնելով, որ այդ երկիրներէն իւրաքանչիւրը երբեմն կ՛ունենան կեցուածքներ, որոնք մէկզմէկու...

ՕԹԱՆ Այսօր Միջերկրական  Ծովուն Մէջ Մեծ Ռազմափորձի Կը Սկսի

ՕԹԱՆ Այսօր Միջերկրական Ծովուն Մէջ Մեծ Ռազմափորձի Կը Սկսի

ՕԹԱՆ-ն ու անոր դաշնակիցները այսօր Միջերկրական ծովուն մէջ ուժի ցուցադրութեան քայլով մը կը սկսին տասնամեակէ մը ի վեր իրենց մեծագոյն ռազմափորձին: Մէկ շաբթուան վրայ երկարող ռազմափորձին կը մասնակցին 36 հազար զինուորներ, 230 զօրաբաժիններ, 140 օդանաւեր եւ աւելի քան 60 մարտանաւեր: Ռազմափորձին մասնակից երկիրներու կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ վաղը կը հասնին հարաւային Իտալիա` ներկայ գտնուելու համար զինուորական ցուցադրութեան մը, որուն կը...

Քըլըճտարօղլու Յոյս Կը Յայտնէ,  Որ Թուրքիոյ Վար Առած  Օդանաւը Թրքական Չըլլայ

Քըլըճտարօղլու Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Թուրքիոյ Վար Առած Օդանաւը Թրքական Չըլլայ

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու երէկ յայտնեց. «Թէ՛ Ռուսիա, թէ՛ ալ Սուրիա կ՛ըսեն, որ ջախջախուած օդանաւը իրենց չի պատկանիր, ուստի կը յուսամ, որ մեր վար առած օդանաւը թրքական օդանաւերէն մէկը չըլլայ»: Մէկ օր առաջ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ իր երկիրը առանց տատամսելու վար պիտի առնէ իր օդային տարածքը խախտող օդանաւերը: Կեսարիոյ մէջ Արդարութիւն...

Եգիպտոս, Ուրուկուէյ, Ուքրանիա, Սենեկալ  Եւ Ճափոն Ընտրուեցան  Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ

Եգիպտոս, Ուրուկուէյ, Ուքրանիա, Սենեկալ Եւ Ճափոն Ընտրուեցան Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եգիպտոս, Ուրուկուէյ, Ուքրանիա, Սենեկալ եւ Ճափոն 2016-2017 թուականներուն համար ընտրուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամներ: Եգիպտոս ստացած է 179 քուէ, Սենեկալը` 187, Ուրուկուէյը` 185, Ճափոնը` 184, իսկ Ուքրանիան` 177: 1  յունուար 2016-էն սկսեալ հինգ երկիրներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պիտի փոխարինեն Չատը, Նիկերիան, Լիթուանիան, Չիլին եւ Յորդանանը, որոնց երկու տարուան ժամկէտը պիտի աւարտի, եւ...

Սուրիոյ Բանակը Հալէպի Հարաւարեւմտեան  Շրջաններուն Մէջ Լայնածաւալ  Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեց.  Փութին. «Ռուս Զինուորները Սուրիոյ Մէջ  Տպաւորիչ Արդիւնքներու Հասած Են»

Սուրիոյ Բանակը Հալէպի Հարաւարեւմտեան Շրջաններուն Մէջ Լայնածաւալ Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեց. Փութին. «Ռուս Զինուորները Սուրիոյ Մէջ Տպաւորիչ Արդիւնքներու Հասած Են»

Վլատիմիր Փութին ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ ռուս զինուորները Սուրիոյ մէջ տպաւորիչ արդիւնքներու հասած են: «Մեր զինուորները, ըստ սուրիացիներուն հետ նախօրօք ճշդուած թիրախներու, գործելով օդէն ու ծովէն, հասած են տպաւորիչ արդիւնքներու: Ոչնչացուած են ղեկավարման տասնեակ կէտեր ու զինապահեստներ, հարիւրաւոր ահաբեկիչներ եւ մեծ քանակութեամբ զինուորական սարքեր», ըսած է ան:...

Համաշխարհային Դրամատունը Ելեւմտական  Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ  Սուրիոյ Դրացի Երկիրներուն

Համաշխարհային Դրամատունը Ելեւմտական Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Սուրիոյ Դրացի Երկիրներուն

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Համաշխարհային դրամատունը կը պատրաստուի ելեւմտական օժանդակութիւն տրամադրելու Սուրիոյ դրացի երկիրներուն, ուր ապաստանած են սուրիացի տեղահանուածները: Առաջին օգնութիւն ստացողները պիտի ըլլան Լիբանանն ու Յորդանանը: Դրամատունէն յայտնած են, որ անհրաժեշտ միջոցները կրնան ներգրաւել Արաբական ծոցի երկիրներէն, որոշ պետութիւններ արդէն համաձայնած են աջակցութիւն տրամադրել: Կը նշուի, որ ներկայիս սուրիացի տեղահանուածները կը կազմեն Լիբանանի բնակչութեան մինչեւ 30 առ...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարին Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  «Ռուսական Միջամտութիւնը Կը Հրահրէ  Ծայրայեղականութիւնը, Իսկ Սէուտական-Թրքական  Համագործակցութիւնը Կը Նպաստէ Կայունութեան»  Ըսաւ Ժուպէյր

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Ռուսական Միջամտութիւնը Կը Հրահրէ Ծայրայեղականութիւնը, Իսկ Սէուտական-Թրքական Համագործակցութիւնը Կը Նպաստէ Կայունութեան» Ըսաւ Ժուպէյր

Ժուպէյր եւ Սինիրլիօղլու Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Քննարկեցինք Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութեան վտանգաւորութիւնը եւ քաղաքական լուծման միջոցով տագնապին վերջ տալու կարելիութիւնները` հաստատելով, որ Սուրիոյ մէջ լուծումը Ասատի հեռացումով է, իսկ ռուսական միջամտութիւնը շրջանին մէջ կը հրահրէ ծայրայեղականութիւնը»: «Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կը նպաստէ շրջանի...

Լաւրով. «Ռուսիա Համաձայն Է Սուրիոյ Մէջ  Ապահով Միջանցքներու Ստեղծման».  Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու  Համագործակցութիւնը Կը Նկատէ Անբաւարար

Լաւրով. «Ռուսիա Համաձայն Է Սուրիոյ Մէջ Ապահով Միջանցքներու Ստեղծման». Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Համագործակցութիւնը Կը Նկատէ Անբաւարար

Վլատիմիր Փութին «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութիւնը անբաւարար կը նկատէ: «Դժբախտաբար, ռուս եւ ամերիկացի փորձագէտներու աշխատանքը կ՛ընթանայ միայն պաշտպանութեան նախարարութիւններու մակարդակով եւ այդ ալ` թեքնիք բնոյթի հարցերու մէջ, ինչ որ ինքնին վստահութեան նշան է: Կան նաեւ այլ թեքնիք յարաչափեր, որոնց շուրջ զինուորականները համաձայնութիւն գոյացուցած են», ըսած է Փութին`...

Պաղեստինի Մէջ Զայրոյթի Օրուան Ընթացքին  Դանակահարումներ Եւ Հրացանաձգութիւններ

Պաղեստինի Մէջ Զայրոյթի Օրուան Ընթացքին Դանակահարումներ Եւ Հրացանաձգութիւններ

Բռնագրաւեալ Երուսաղէմի եւ 1948-ի հողամասեր անունով ծանօթ բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողամասերուն վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն իբրեւ հակադարձութիւն զայրոյթի օրուան ընթացքին երէկ տեղի ունեցան դանակահարումներ, ինքնաշարժի դիտումնաւոր արկածներ եւ հրացանաձգութիւններ, որոնց ընթացքին սպաննուեցան իսրայէլացի երեք բնակեցուածներ, որոնց շարքին ռաբբի մը, իսկ 20 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի երկրորդ կայանը երէկուան օրը նկատեց երրորդ ինթիֆատայի առաջին օրը: Բռնագրաւուած Երուսաղէմի մէջ ինքնաշարժի արկածի եւ դանակահարման...

Page 827 of 882 1 … 826 827 828 … 882

Արխիւներ