Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Մէջ Մեր Բոլոր Քայլերուն Վերջնական Նպատակը Քաղաքական Լուծումն Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Հոկտեմբեր 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մարիա Զախարովա
Մարիա Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ մեր գործողութիւններուն նպատակները աղաւաղելու փորձեր կան»` շեշտելով, որ «Սուրիոյ մէջ մեր բոլոր քայլերուն վերջնական նպատակը քաղաքական լուծումն է»:

Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ. «Անհրաժեշտ է միացնել ջանքերը բոլոր կողմերուն, որոնք իրապէս կը ջանան վերջ տալ ՏԱՀԵՇ-ին»: Զախարովա սուրիական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց «դէմ դնելու ահաբեկիչներուն եւ քաղաքական հոլովոյթը արագացնելու»:

ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարները Պրիւքսէլի մէջ կը գումարեն ժողով մը` ռուսական զինուորական միջամտութեան լոյսին տակ քննարկելու համար Սուրիոյ զարգացումները: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց, որ դաշինքը կարողութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ունի բոլոր դաշնակիցները, ներառեալ Թուրքիան պաշտպանելու բոլոր սպառնալիքներէն: Ան նշեց, որ իրենց յատկապէս կը մտահոգէ, որ Ռուսիան ոչ այնքան կը հարուածէ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը, որքան կ՛աջակցի Պաշշար Ասատի վարչակարգին: «Մենք Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք կեդրոնանալու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին, եւ ոչ թէ Ասատին օժանդակելու վրայ», նշեց ան:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը կրնայ բնական կազ ստանալ Ռուսիայէն զատ այլ աղբիւրներէ` նշելով, որ այլ երկիրներ կրնան կառուցել Թուրքիոյ մէջ հիւլէական առաջին կայանը:

Անդրադառնալով ռուսական օդանաւերու կողմէ թրքական օդային տարածքի խախտման քայլին` Էրտողան շեշտեց. «Մենք չենք կրնար ներկայ կացութիւնը ընդունիլ»: «Օդային սահմանի խախտման վերաբերեալ ռուսական բացատրութիւնները համոզիչ չեն», ըսաւ Էրտողան` նշելով. «Ներկայիս մտադիր չեմ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ խօսիլ»:

«Թուրքիան կորսնցնելը Ռուսիոյ համար մեծ կորուստ մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ռուսական բնական կազի մեծագոյն սպառողն ենք», ըսաւ ան` նշելով. «Եթէ պէտք ըլլայ, Թուրքիան կրնայ բնական կազ ստանալ շարք մը այլ տեղերէ»:

Քրեմլին իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիա կը յուսայ պահպանել Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւնները` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ կատարած օդային հարուածներուն նպատակը նաեւ Թուրքիոյ սահմաններուն անվտանգութեան ապահովումն է:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական մարտանաւեր չորեքշաբթի գիշեր ռմբակոծած են Սուրիոյ մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի ենթակառոյցները: Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ ռուսական ռմբաձիգներ սուրիական օդուժին հետ գործակցաբար ճշգրիտ հարուածներ հասցուցած են Անտանի, Աթարեպի, Տեր Հաֆերի, Մանուսրայի արեւմուտքին եւ Պապի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական մեծաթիւ կորուստներ: Ռուսական ռմբաձիգներ նաեւ տասնեակներով յարձակումներ գործած են Լաթաքիոյ գիւղական հիւսիսային շրջաններուն մէջ ընդդիմադիր զինեալներու Եամտիյէ, Եունիսիյէ, Ռէյհանիյէ եւ Ռապիհա շրջաններուն մէջ գտնուած վայրերուն վրայ եւ Նապի Եունես լերան մօտ` Ժուպ Ահմարի մէջ ճամբայ հարթած Սուրիոյ ցամաքային ուժերու յառաջխաղացքին դիմաց:

 

Նախորդը

Քոնկրես Հետաքննութիւն Կը Կատարէ Ամերիկեան Գաղտնի Սպասարկութեան` Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Գործունէութիւնը Գնահատել Ձախողելուն Շուրջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?