Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ երէկ նախարարներու կոմիտէին տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերով միացեալ աշխատանքային խումբին մէջ Եւրոպական խորհուրդի մասնակցութիւնը կասեցնելու` իր որոշումին մասին:
Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ գրասենեակը այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է:
«Հոկտեմբեր 2014-էն սկսեալ, Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչները կը մասնակցէին Պաքուի մէջ տեղի ունեցող հանդիպումներուն, որոնց նպատակը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան միջեւ երկխօսութեան վերականգնումն էր:
«Անկախ այդ նախաձեռնութենէն, մարդու իրաւունքներու վիճակը, ընդհանուր առմամբ, այդ երկրին մէջ էապէս վատթարացած է: Աճած է բանտարկուած իրաւապաշտպաններու թիւը: Եւրոպական խորհուրդը տագնապեցնող տեղեկութիւններ ստացած է ազատազրկման վայրերու մէջ զանոնք պահելու պայմաններուն վերաբերեալ:
«Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը իր այդ որոշումին մասին տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը», նշուած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ: