
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ գետնի վրայ Սուրիոյ բանակին հետ գործակցաբար եւ այդպիսով կը տարբերի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին գործողութենէն, որուն իրագործման գծով դաշինքը մերժեց Դամասկոսի հետ համակարգում կատարել:
Զախարովա յայտարարեց, որ «Մոսկուա ցամաքային ուժեր պիտի չուղարկէ Սուրիա»` աւելցնելով, որ աֆղանական դիպաշարը երբեք պիտի չկրկնուի: Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողքին կռուելու նպատակով Սուրիա ուղարկուելու համար կամաւորներու պաշտօնական զինուորագրում մը չկայ:
«Ռուսիա մտադիր չէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին մաս կազմել, որովհետեւ այդ դաշինքին առանց ՄԱԿ-ի լիազօրման եւ Սուրիոյ կառավարութեան խնդրանքին կատարած գործունէութիւնը կը նկատէ ապօրինի», ըսաւ Զախարովա:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսիա մտադրութիւն չունի Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւններու մասնակցելու` աւելցնելով, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին յստակօրէն նշած է, որ իր երկիրը պիտի չմասնակցի այդպիսի գործողութիւններու:
Տումայի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ ծովակալ Վլատիմիր Քոմոյիտով եւս վստահեցուց. «Ռուսիա Սուրիոյ մէջ ցամաքային ուժերու մասնակցութեամբ գործողութիւններ չի կատարեր եւ պիտի չկատարէ»:
Յիշեցնենք, որ Փենթակոնէն աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ՛ուսումնասիրէ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու ներկայութիւնը, որովհետեւ գոյութիւն ունի կեդրոնացում ցամաքային յարձակողական զէնքերու` զանոնք օգտագործելու համար արեւմտեան Սուրիոյ մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի գտնուած վայրերէն հեռու:
Աղբիւրը նշեց, որ Ուաշինկթըն այդ քայլը «ցամաքային գործունէութեան արագացում» կը նկատէ եւ ատոր թիրախը ՏԱՀԵՇ-ը չէ, այլ` ընդդիմութիւնը` նշելով, որ անցնող շաբաթներուն հրետանիի Լաթաքիոյ նաւահանգիստ մուտքը նկատուած է: Օրին ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը ատոր նպատակը նկատած է Լաթաքիոյ նաւահանգիստին պաշտպանութիւնը, սակայն այժմ շարժումը այլ ուղղութիւն ստացած է եւ յառաջիկայ օրերուն ցամաքային գործողութեան մը հաւանականութիւնը ցոյց կու տայ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մոսկուա սկզբունքով համաձայն գտնուած է Սուրիոյ վերեւ թռիչքները համակարգելու ամերիկեան առաջարկներուն:
Մինչ այդ, իսրայէլեան աղբիւրներ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնեցին, որ ռուսական բարձրաստիճան զինուորական պատուիրակութիւն մը երէկ Թել Աւիւի մէջ սկսած է Սուրիոյ շուրջ համակարգում կատարելու եւ երկու կողմերուն միջեւ ակամայ բախումի մը վտանգը կանխարգիլելու շուրջ խորհրդակցութեանց` աւելցնելով, որ ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալ Նիքոլայ Պոկտանովսքի եւ այսօր հանդիպում պիտի ունենայ իր պաշտօնակից Եայիր Կոլանի հետ: Գործակալութիւնը կը նշէ, որ Իսրայէլ կը ջանայ Սուրիոյ մէջ գործունէութեան ազատութիւն ունենալ, սակայն նոյն ատեն նախանձախնդիր է ռուսական ուժերուն հետ ակամայ բախում մը չունենալու առնչութեամբ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ պատրաստ է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ Սուրիոյ հարցով «սխալ հասկացողութեան» շուրջ երկխօսութիւն կատարելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան լրատուական բաժանմունքի աշխատակից Իկոր Միթիաքով անդրադառնալով Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուելուն յայտարարած է. «Մեզի տեղեկութիւն փոխանցած են եւ ոչ թէ բողոքագիր»:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ կողմէ Թուրքիոյ օդային տարածքի խախտումը «պատահական արկած մը չի թուիր ըլլալ»` նշելով, որ ռուսական իշխանութիւնները «իսկական բացատրութիւն մը չտուին»: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ «Սու-30» կործանիչը Թուրքիոյ օդային տարածքը խախտած է սխալմամբ` կլիմայական վատ պայմաններուն պատճառով:
Մինչ այդ, «Քորեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ռուսական կործանիչ մը կիրակի օր վերջին երեք օրուան մէջ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով խախտած է Թուրքիոյ օդային տարածքը:


