Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Ռուսական Յարձակումէ Պաշտպանելու Համար Միասնակամութեան Կոչ Ուղղելէ Ետք. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդային Հարուածները Ամբողջ Շրջանը Կը Վտանգեն» Կ՛ըսէ Քարթըր

Հոկտեմբեր 10, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քարթըր եւ Ֆալըն
Քարթըր եւ Ֆալըն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր բրիտանացի իր պաշտօնակից Մայքըլ Ֆալընի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ Իրանի միջամտութիւնը շրջանին մէջ անոր ժխտական երեւոյթին մէկ երեսն է»:

«Պէտք է միակամ մնանք հակադարձելու համար մեր դաշնակից Թուրքիոյ դէմ ռուսական որեւէ յարձակումի կամ օդային տարածքի ոտնահարման», շեշտեց Փենթակոնի ղեկավարը` աւելցնելով.«Այդ վտանգները մեր դաշնակիցներուն եւ ինքնին Ռուսիոյ ապահովութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն»:

«Ռուսիա Սուրիոյ մէջ միջամտելով սխալ կը գործէ: Ան իր ազդեցութիւնը կրնայ օգտագործել Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան կազմութեան համար, իսկ ատիկա ընելը Քրեմլինի կը վերաբերի», ըսաւ Քարթըր` աւելցնելով. «Ռուսիա պէտք է Սուրիոյ մէջ տագնապը լուծելու համար Ասատի վրայ ճնշում բանեցնէ»:

«Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը ամբողջ շրջանը կը վտանգէ», ըսաւ ան:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական կործանիչներուն գործադրած հարուածները Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը պաշտպանելու ծիրին մէջ են «եւ կացութիւնը կը բարդացնեն»` աւելցնելով, որ «ռուսական միջամտութիւնը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պատերազմը պիտի չփոխէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը Թուրքիոյ տարածքին մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու տեղակայման դիմում չէ ներկայացուցած: Ան նշեց, որ Թուրքիա մտավախութիւն ունի, որ ռուսական օդային հարուածներուն պատճառով տեղահանուածներու նոր ալիք մը կրնայ յառաջանալ: Յիշեցնենք, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած էր. «ՕԹԱՆ արդէն իսկ հակադարձած է աւելցնելով իր կարողութիւնը, մեր պատրաստուածութիւնը տեղակայելու ուժեր հարաւի մէջ, ներառեալ` Թուրքիոյ մէջ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ 8 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ ռուսական հարուածներու թիրախներուն վերաբերեալ: Անոնք նաեւ խօսած են Սուրիոյ մէջ երկու երկիրներուն միջեւ բախումներու կանխարգիլման համար բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջընթաց արձանագրելու կարեւորութեան մասին: Քերրի ընդգծած է, որ Սուրիոյ ճգնաժամը կարելի չէ լուծել զինուորական միջոցներով, եւ Սուրիոյ կացութեան բնականոնացումը կարելի է միայն երկրին մէջ իշխանափոխութեան ճամբով:

Մարդկային իրաւանց Սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Հալէպի մօտ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներէ գրաւած են շարք մը գիւղեր, ներառեալ` Թել Սուսինն ու Թել Քարահը եւ այժմ կը գտնուին Հալէպի հիւսիսային շրջանին մօտ գտնուող ճարտարարուեստի շրջանէն 2 քմ հեռաւորութեան վրայ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ռուսական օդուժը բուռն ռմբակոծումի ենթարկած է Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Քուրիս օդակայանին մերձակայ գիւղերուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնները:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի հետ:

Միւս կողմէ, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգի փոխանորդ, պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալման մօտ օրէն պիտի այցելէ Սոչի, ուր պիտի փորձէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի ձեւին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ իսրայէլեան եւ ռուսական բանակէն սպաներու միջեւ աշխատանքային հանդիպում մը:

Հալէպի Մէջ Սպաննուած Է Իրանի Յեղափոխական
Պահակագունդէն Հրամանատար Մը

Զօր. Հիւսէյն Համտանի
Զօր. Հիւսէյն Համտանի

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Հալէպ քաղաքի մերձակայքը իր խորհրդատուական պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի ձեռամբ սպաննուած է պահակագունդի հրամանատարներէն զօր. Հիւսէյն Համտանի:

Համտանի կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Սայիտա Զէյնապ սրբավայրի պաշտպանութեան եւ Դիմադրութեան Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին աջակցութեան մէջ:

Համտանի կը նկատուի Իսլամական յեղափոխական պահակագունդի ականաւոր դէմքերէն մէկը: Ան հիմնադիրն է Համտանի մէջ Յեղափոխական պահակագունդին եւ որոշ ատեն վարած է «Խմբակ 27` Մոհամետ Ռասուլուլլահ»-ի հրամանատարութիւնը: Ապա դարձեալ ստանձնած է հրամանատարութիւնը խմբակին, երբ վերջինս վերածուած է ջոկատի:

 

Նախորդը

Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակը Շնորհուեցաւ Թունուզեան Քաղաքական Կազմակերպութեան Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ռիատի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի  Երկիրներ Վեհաժողովը Կազայի Պատերազմին  Վերջ Տալու Անհրաժեշտութիւնը Ընդգծեց
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի Երկիրներ Վեհաժողովը Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Անհրաժեշտութիւնը Ընդգծեց

Մայիս 15, 2025
Ռիատի Մէջ Թրամփ-Շարհ-Պըն  Սալման-Էրտողան Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Ռիատի Մէջ Թրամփ-Շարհ-Պըն Սալման-Էրտողան Ժողով

Մայիս 15, 2025
Փեսքով. «Ռուսիա-Հայաստան Յարաբերութիւնները Չեն Ընդհատուած Եւ Չեն Կրնար Ընդհատուիլ»
Միջազգային

Փեսքով. «Ռուսական Պատուիրակութիւնը Պոլսոյ Մէջ Պիտի Սպասէ Ուքրանիոյ Ներկայացուցիչներուն»

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?