ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ «Կազփրոմ»-ի վարչութեան փոխնախագահ Ալեքսանտր Մետվետեւ լրագրողներու յայտնած է, որ ուժանիւթի ռուսական ընկերութիւնը չի բացառեր «Թրքական հոսք» նախագիծի իրականացման ժամկէտի միամեայ յետաձգումը:
«Եթէ ժամկէտը յետաձգուի մէկ տարիով, ոչ մէկ սարսափելի բան պիտի պատահի», ըսած է ան:
Մետվետեւ նշած է, որ միջկառավարական համաձայնագիրի ստորագրման ժամկէտները «Կազփրոմ»-էն կախեալ չեն: «Թուրքիոյ կառավարութեան ձեւաւորումը որոշակի ժամանակ պիտի պահանջէ, գուշակելը շատ դժուար է», աւելցուցած է ան:
«Կազփրոմ»-ի ղեկավար Ալեքսէյ Միլլեր 6 հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ նախագիծը քաղաքական վտանգներէն չ՛ազդուիր: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սուրիոյ կացութիւնը չ՛ազդե՞ր միջկառավարական համաձայնագիրի պատրաստման վրայ` ան նշած էր, որ համաձայնագիրի բնագիրին պատրաստման աշխատանքը ընթացքի մէջ է եւ ոչ մէկ գործօն այդ աշխատանքին վրայ պիտի ազդէ: