Միջազգային

«Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան  Հարցին Մէջ Զիջումներ  Պիտի Չկատարուին Թուրքիոյ»  Կ՛ըսէ Հոլանտայի Վարչապետը

«Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հարցին Մէջ Զիջումներ Պիտի Չկատարուին Թուրքիոյ» Կ՛ըսէ Հոլանտայի Վարչապետը

Մարք Ռութէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէ յայտարարած է, որ տեղահանուածներու ճգնաժամի լուծման համար Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ զիջումներ պիտի չկատարուին: Ռութէ Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ տեղահանուածներու ճգնաժամն ու Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերը իրարմէ ամբողջովին տարբեր եւ իրարու հետ կապ չունեցող հարցեր են: Այդպիսով, ան...

Պոլսոյ Մէջ Զինեալներ Կրակ Բանալով Վիրաւորեցին 2 Ոստիկաններ

Պոլսոյ Մէջ Զինեալներ Կրակ Բանալով Վիրաւորեցին 2 Ոստիկաններ

«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Պոլսոյ մէջ վիրաւորուած են երկու ոստիկաններ, երբ անծանօթ զինեալներ կրակ բացած են ոստիկանական ինքնաշարժի մը վրայ: Դէպքը պատահած է Պոլսոյ Կազի Օսմանփաշա շրջանին մէջ, առաւօտեան շուրջ ժամը 01:00-ին, երբ երկու ինքնաշարժներով շրջող ոստիկաններ խուզարկութեան համար կանգնեցուցած են սպիտակ ինքնաշարժ մը: Ինքնաշարժին մէջ գտնուող հինգ զինեալներ կրակ բացած են ոստիկաններուն վրայ: Երկու ոստիկաններ իրենց...

Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Ձմրան  Ընթացքին Կը Ծրագրէ Մեծ Գործողութիւններ

Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Ձմրան Ընթացքին Կը Ծրագրէ Մեծ Գործողութիւններ

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու խոստացած է ձմրան ամբողջ ընթացքին ՔԱԿ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները շարունակել, իսկ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու խոստացած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը շարունակել: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ վարչապետարանէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, թէ 4 նոյեմբերի ուշ գիշերին ապահովական ժողովի մը ընթացքին Տաւութօղլու հրամայած է ՔԱԿ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները «առանց ընդհատելու շարունակել ձմեռնային պայմաններու մէջ»:...

«Իրան Կրնայ Սուրիոյ Ճգնաժամի Լուծման  Դիւանագիտական Հոլովոյթին Մաս Կազմել»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

«Իրան Կրնայ Սուրիոյ Ճգնաժամի Լուծման Դիւանագիտական Հոլովոյթին Մաս Կազմել» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Պեն Ռոտս «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի տեղակալ Պեն Ռոտս յայտարարած է, որ ամերիկեան վարչակազմին կարծիքով` Իրան կրնայ Սուրիոյ տագնապի լուծման դիւանագիտական հոլովոյթին «մաս կազմել»: «Նոյնիսկ հաշուի առնելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին աջակցելու հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները` մենք կը կարծենք, որ Իրան կրնայ դիւանագիտական լուծման մաս կազմել», ըսած է Ռոտս հեռաձայնային...

Ռուսիա Հակաօդային Հրթիռային  Համակարգ Կ՛ուղարկէ Սուրիա

Ռուսիա Հակաօդային Հրթիռային Համակարգ Կ՛ուղարկէ Սուրիա

Ռուսիոյ օդուժի հրամանատար զօր. Վիքթոր Պոնտարեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիա ուղարկած է  հակաօդային հրթիռային համակարգեր` պաշտպանելու համար այդտեղ գտնուող իր ուժերը: Պոնտարեւ յայտարարեց, որ Մոսկուա բոլոր հաւանական սպառնալիքները ուսումնասիրած է եւ ոչ միայն կործանիչներ եւ ռմբաձիգներ ուղարկած, այլ նաեւ հակաօդային հրթիռային համակարգեր` զանոնք օգտագործելու համար «ծայրայեղ անհրաժեշտութեան» պարագային, ինչպէս Սուրիոյ կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող օդակայաններէ օդանաւերու առեւանգման փորձերու...

«Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիայէն  Կ՛ակնկալէ Քիւրտերու Հետ  Հաշտութեան Ջանքերը Գործադրել»  Կ՛ըսէ Թուսք

«Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիայէն Կ՛ակնկալէ Քիւրտերու Հետ Հաշտութեան Ջանքերը Գործադրել» Կ՛ըսէ Թուսք

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք, Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիայէն կ՛ակնկալէ ջանքեր գործադրել երկրին մէջ հիմնարար իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն հետեւելու եւ քիւրտերուն հետ հաշտեցման հոլովոյթը վերականգնելու ուղղութեամբ: Թուսք ընդգծած է նաեւ, որ ընտրութիւնները անցած են լրատուամիջոցներուն նկատմամբ սահմանափակումներու եւ անվտանգութեան խնդիրներու...

Միացեալ Նահանգներ Հաստատած Են  Թուրքիոյ 70 Միլիոն Տոլարի «Խելացի Ռումբեր»  Վաճառելու Գործարքին Կայացումը

Միացեալ Նահանգներ Հաստատած Են Թուրքիոյ 70 Միլիոն Տոլարի «Խելացի Ռումբեր» Վաճառելու Գործարքին Կայացումը

Թրքական «Հապեր7» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածելով յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատած են Թուրքիոյ «խելացի ռումբեր» վաճառելու գործարքին կայացումը: Առնչակից երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէին եւ դարձած էին Անգարայի ու Ուաշինկթընի միջեւ լարուածութեան պատճառ: Ըստ հրապարակուած տեղեկութեան, Թուրքիան կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներէն գնել 70 միլիոն տոլարի...

ՔԱԿ Վերջ Տուաւ Թուրքիոյ Հետ  Միակողմանի Զինադադարին

ՔԱԿ Վերջ Տուաւ Թուրքիոյ Հետ Միակողմանի Զինադադարին

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) 5 նոյեմբերին յայտարարած է, որ վերջ կու տայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ միակողմանի զինադադարին: ՔԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հրացանաձգութեան միակողմանի դադրեցումին վերջ տրուեցաւ թրքական իշխող կուսակցութեան զինուորական քաղաքականութեան եւ վերջին յարձակումներուն պատճառով»: ՔԱԿ միակողմանի զինադադար յայտարարած էր Թուրքիոյ մէջ 1 նոյեմբերի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ` 10 հոկտեմբերին: Քրտական...

Էրտողան Սահմանադրական Բարեփոխում  Յայտարարեց Եւ Սպառնաց Ընդդիմութեան

Էրտողան Սահմանադրական Բարեփոխում Յայտարարեց Եւ Սպառնաց Ընդդիմութեան

«Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը յամառի երկրի համար նոր սահմանադրութիւն որդեգրելու հարցին վրայ, ինչ որ դարձած է Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգ որդեգրելու համար անոր գլխաւոր ցանկութիւնը: Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ նոր օրէնքին մէջ կ՛ենթադրուի նախագահի իշխանութեան ուժեղացում, որուն գլխաւոր փաստարկը կը հանդիսանայ «ուժեղ կեդրոնական իշխանութեան անհրաժեշտութիւնը» եւ «քիւրտ անջատողականներու կողմէ աճող ահաբեկչական...

Ասրիէ-Խանասեր Ուղիի  Ազատագրումէն Ետք.  Առաջին Բեռնատար Մեքենաները  Հասան Հալէպ

Ասրիէ-Խանասեր Ուղիի Ազատագրումէն Ետք. Առաջին Բեռնատար Մեքենաները Հասան Հալէպ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակին կողմէ Հալէպի միակ երակին` Ասրիէ- Խանասեր ուղիին ազատագրումէն ետք, երէկ առաջին բեռնատար մեքենաները սննդամթերք, բանջարեղէն, պարէն եւ վառելանիւթ փոխադրեցին Հալէպ: Ճամբորդատար մեքենաներ եւս անվտանգ հասան: Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալաքիի ցուցմունքներով, յառաջիկայ օրերուն մեծաքանակ վառելանիւթ եւ սննդամթերք պիտի ուղարկուի Հալէպ:

Տաւութօղլու Իր Կուսակցութեան  Յաղթանակը Նկատած Է Աննախադէպ

Տաւութօղլու Իր Կուսակցութեան Յաղթանակը Նկատած Է Աննախադէպ

«Հապերթիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գալէն 14 տարի ետք այս յաղթանակը աննախադէպ է համաշխարհային ժողովրդավարութեան պատմութեան մէջ: «Մեր ժողովուրդը նոյեմբեր 2002-ին տակաւին 1,5 տարուան պատմութիւն ունեցող մեր կուսակցութեան ձայներու 34,5 առ հարիւրով իշխանութեան վստահեցաւ: Ատկէ ետք մեր ստացած քուէները մշտապէս աւելցան: Մենք բազմաթիւ ընտրութիւններու յաղթած ենք, իսկ...

Հալէպը Արտաքին Աշխարհին  Կապող Ճամբան Վերաբացուեցաւ

Հալէպը Արտաքին Աշխարհին Կապող Ճամբան Վերաբացուեցաւ

Սուրիական բանակը երէկ յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բուռն բախումներէ ետք ահաբեկչական խմբաւորման պատճառած է մեծ կորուստներ եւ դարձեալ իր վերահսկողութեան տակ առած Հալէպ-Խանասեր-Ասրիէ-Սալամիէ ճամբան: Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը երեկոյեան հաղորդեց, որ ականազերծումի աշխատանքներէ եւ ապահովելէ ետք նշեալ ճամբուն վրայ երթեւեկի ապահովութիւնը, բեռնատար մեքենաներ սկսած են ուղղուիլ դէպի Հալէպ:

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն.  Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Գլխաւոր Նպատակը  Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարն Է»

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Գլխաւոր Նպատակը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարն Է»

Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թերփենթ քաղաքի հիմնադրութեան 2000-ամեակին առիթով Տաղստանի մէջ գիտական, մշակութային, կրօնական եւ ընկերային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Ռուսիոյ գլխաւոր նպատակը, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է, եւ ոչ ոք կրնայ վախցնել Ռուսիան»` աւելցնելով. «Ատիկա հեռանկար չունի եւ ոչ ոք կրցած է ընդհանրապէս ռուս ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար Տաղստանը վախցնել»: Ռուսիոյ...

«Սուրիոյ Մէջ Փոխանցման  Հանգրուան Գոյութիւն Չունի»  Թեհրանէն Կը Յայտարարէ Մըքտատ

«Սուրիոյ Մէջ Փոխանցման Հանգրուան Գոյութիւն Չունի» Թեհրանէն Կը Յայտարարէ Մըքտատ

Ֆայսալ Մըքտատ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ Թեհրանէն յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուան գոյութիւն չունի` նշելով, որ «ատիկա գոյութիւն ունի միայն մտքին մէջ անոնց, որոնք իրողական գետնի վրայ չեն ապրիր»: Մըքտատ յայտնեց. «Մենք կը խօսինք Սուրիոյ մէջ ազգային երկխօսութեան, ընդլայնուած կառավարութեան ու սահմանադրական հոլովոյթի մասին եւ բացարձակապէս չենք խօսիր այսպէս կոչուած փոխանցման հանգրուանի մը մասին»:

Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան  Փոխնախագահը Կը Յայտարարէ.  «Նոր Սահմանադրութեան Բանաձեւումը  Կուսակցութեան Առաջնահերթութիւններէն Է»

Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Փոխնախագահը Կը Յայտարարէ. «Նոր Սահմանադրութեան Բանաձեւումը Կուսակցութեան Առաջնահերթութիւններէն Է»

Էօմեր Չելիք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Էօմար Չելիք յայտարարեց, որ Թուրքիոյ համար նոր սահմանադրութեան մը բանաձեւումը իր կուսակցութեան առաջնահերթութիւններէն է: Ան թրքական քաղաքական կուսակցութեանց կոչ ուղղեց` Թուրքիան դէպի ապագայ առաջնորդող եւ քաղաքային մարդու վրայ կեդրոնացող նոր սահմանադրութիւն մը բանաձեւելու: Չելիք Անգարայի մէջ իր կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ժողովին ծիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ թրքական տնտեսութեան ու...

«Միացեալ Նահանգներ Մտահոգուած Են  Ազրպէյճանի Ընտրութիւններու Առնչութեամբ  Ստեղծուած Իրավիճակով»  Կ՛ըսէ Թրիւտօ

«Միացեալ Նահանգներ Մտահոգուած Են Ազրպէյճանի Ընտրութիւններու Առնչութեամբ Ստեղծուած Իրավիճակով» Կ՛ըսէ Թրիւտօ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլիզապեթ Թրիւտօ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են 1 նոյեմբերին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչութեամբ ստեղծուած իրավիճակով: «Մենք կը ցաւինք, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չէ արտօնած ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին անհրաժեշտ քանակութեամբ դէտեր ուղարկել, որուն իբրեւ հետեւանք կառոյցը չէ կրցած հետեւիլ ընտրութիւններուն: Առանց ատոր...

«Իրան Պիտի Հեռանայ Սուրիոյ Շուրջ  Բանակցութեան Սեղանէն, Եթէ Բանակցութիւնները  Կառուցողական Չըլլան»  Ըսաւ Ապտոլլահեան

«Իրան Պիտի Հեռանայ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութեան Սեղանէն, Եթէ Բանակցութիւնները Կառուցողական Չըլլան» Ըսաւ Ապտոլլահեան

Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի հեռանայ Սուրիոյ շուրջ բանակցութեան սեղանէն, եթէ բանակցութիւնը շինիչ չըլլայ: «Բանակցութիւններու առաջին հանգրուանին ընթացքին, կարգ մը երկիրներ, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան ժխտական եւ ոչ շինիչ դերակատարութիւն ունեցան: Իրան պիտի չմասնակցի, եթէ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ չեն», ըսաւ Ապտոլլահեան: Յիշեցնենք, որ 30 հոկտեմբերին Աւստրիոյ...

«Ընտրութիւններուն Արդիւնքը Ընդդիմադիր  Բոլոր Կուսակցութեանց Եւ Անոնց  Ղեկավարներուն Յղուած Պատգամ Մըն Է»  Ըսաւ Էրտողան

«Ընտրութիւններուն Արդիւնքը Ընդդիմադիր Բոլոր Կուսակցութեանց Եւ Անոնց Ղեկավարներուն Յղուած Պատգամ Մըն Է» Ըսաւ Էրտողան

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ 1 նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, յայտնեց. «Արդիւնքները ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւններուն եւ ղեկավարներուն յղուած պատգամ մըն է»: Էրտողան շնորհաւորեց Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներն ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, «որ պիտի կարենայ առանձին կառավարութիւն կազմել, եւ կը շնորհաւորեմ կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլուն»: «Քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ քաղաքացիներուն այս ժողովրդավարական հոլովոյթին մասնակցութիւնը ազգային...

Մծբինի Մէջ Պայթում Մը  Կը Պատճառէ Զոհ Մը Եւ 20 Վիրաւորներ

Մծբինի Մէջ Պայթում Մը Կը Պատճառէ Զոհ Մը Եւ 20 Վիրաւորներ

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մարտին նահանգին մէջ արձանագրուած են զոհ մը եւ քսան վիրաւորներ, երբ տեղի ունեցած է պայթում մը, որուն պատճառով հրդեհ յառաջացած է: Պայթումը տեղի ունեցած է Մարտինի Մծբին շրջանի Սելահետտին Այուպի թաղամասին մէջ` 1 նոյեմբերի գիշերուան ժամը 10:00-ին: Պայթումին պատճառով յառաջացած է հրդեհ մը, որ Սաքարիա փողոցին մէջ գտնուող խանութէ մը տարածուած է նոյն...

Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում  Կուսակցութիւնը Վերատիրացաւ Թուրքիոյ  Խորհրդարանի Աթոռներուն Մեծամասնութեան

Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Վերատիրացաւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Աթոռներուն Մեծամասնութեան

Թուրքիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներուն 98,8 առ հարիւրին արդիւնքներուն հիմամբ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը վերատիրացած է Թուրքիոյ խորհրդարանի աթոռներու մեծամասնութեան` ապահովելով քուէներուն 49,4 առ հարիւրը կամ 316 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 258 աթոռ), Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 25,4 առ հարիւրը  կամ 134 աթոռ (7 յունիսին ապահոված էր 132 աթոռ), քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը գրաւած է երրորդ...

Page 824 of 882 1 … 823 824 825 … 882

Արխիւներ