
«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Պոլսոյ մէջ վիրաւորուած են երկու ոստիկաններ, երբ անծանօթ զինեալներ կրակ բացած են ոստիկանական ինքնաշարժի մը վրայ:
Դէպքը պատահած է Պոլսոյ Կազի Օսմանփաշա շրջանին մէջ, առաւօտեան շուրջ ժամը 01:00-ին, երբ երկու ինքնաշարժներով շրջող ոստիկաններ խուզարկութեան համար կանգնեցուցած են սպիտակ ինքնաշարժ մը: Ինքնաշարժին մէջ գտնուող հինգ զինեալներ կրակ բացած են ոստիկաններուն վրայ:
Երկու ոստիկաններ իրենց ոտքերէն փամփուշտ ստանալով վիրաւորուած են: Անոնց ինքնաշարժները մեծ վնասներ կրած են:
Ոստիկանութիւնը շրջանին մէջ ձեռնարկած է յանցագործներու յայտնաբերման լայնածաւալ գործողութեան մը:


