Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու խոստացած է ձմրան ամբողջ ընթացքին ՔԱԿ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները շարունակել, իսկ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու խոստացած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը շարունակել:
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ վարչապետարանէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, թէ 4 նոյեմբերի ուշ գիշերին ապահովական ժողովի մը ընթացքին Տաւութօղլու հրամայած է ՔԱԿ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները «առանց ընդհատելու շարունակել ձմեռնային պայմաններու մէջ»:
Մինչ այդ, Սինիրլիօղլու 4 նոյեմբերին Էրպիլ կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա վճռակամ է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ գործակցելու: Ան Էրպիլի մէջ քիւրտ ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա «կը ծրագրէ յառաջիկայ օրերուն անոնց (ՏԱՀԵՇ-ի, «Ա.») դէմ զինուորական քայլի դիմել»: Ան չնշեց, որ Անգարայի գործողութիւնները Թուրքիո՞յ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները թիրախ պիտի դարձնեն, թէ՞ Սուրիոյ:
«Վստահ եղէք, որ Թուրքիա հաստատ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Իրաքի եւ քրտական շրջանային կառավարութեան իր աջակցութեան մէջ: Պիտի շարունակենք մեր օժանդակութիւնը` մեղմացնելու համար տառապանքը տեղահանուածներուն, որոնք վայրագ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը զոհերը դարձած են»:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ գործելու սկսած է քրտերէնով համացանցի վրայ փնտռտուք կատարելու կայքը` «Սեքրեթին»-ը, որ քրտերէնով կը նշանակէ յաջողութիւն:
Կայքի ղեկավար Սերտար Անուշթեքին «Անատոլու»-ին յայտնած է, որ իրենց կայքը ներկայիս կը գործէ բոլոր լեզուներով եւ իրենց նպատակն է նաեւ ներառել Թուրքիոյ մէջ օգտագործուող այլ լեզուներ եւս, ինչպէս` հայերէն, լազերէն եւ զազաքի:
Կայքի հաստատման ծրագիրը ընթացք առած է 2010-ին եւ տարիներու հետազօտութենէն եւ զարգացման աշխատանքէ ետք աւարտած է 2015-ին:
Մինչ այդ, «Անատոլու» նաեւ հաղորդեց, որ 20 նոյեմբերին հեռարձակուելու պիտի սկսի Թուրքիոյ առաջին պատկերասփիւռի կայանը, որ ուղղուած է գնչուներուն եւ կը կոչուի «Ռոմա Թի.Վի.»: Անիկա հեռարձակման սկիզբէն 5 կամ 6 ամիս ետք պիտի սկսի արբանեակի ճամբով հեռարձակուիլ դէպի աշխարհի տարբեր շրջաններ:
Ռոմայերէնով հեռարձակուելիք պատկերասփիւռը Թուրքիոյ մէջ գնչուներուն ուղղուած առաջին նախաձեռնութիւնը չէ: 2014-ին Իզմիրի Ռոմա ընկերակցութեան կողմէ սկսաւ հրատարակուիլ Թուրքիոյ մէջ գնչուներու առաջին օրաթերթը, որ կը կոչուի «Կազեթեմ 8 Նիսան» («Թերթս 8 ապրիլ»):