
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէ յայտարարած է, որ տեղահանուածներու ճգնաժամի լուծման համար Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ զիջումներ պիտի չկատարուին:
Ռութէ Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ տեղահանուածներու ճգնաժամն ու Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերը իրարմէ ամբողջովին տարբեր եւ իրարու հետ կապ չունեցող հարցեր են: Այդպիսով, ան փարատած է Հոլանտայի ընդդիմութեան այն մտավախութիւնը, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական պայմաններու եւ մարդու իրաւունքներու հետզհետէ վատանալու պայմաններուն մէջ Անգարան կրնայ սակարկութեան վերածել իր Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը:
Ռութէ երեսփոխաններուն հաւաստած է, որ տեղահանուածները Թուրքիոյ տարածքին ճամբարներու մէջ տեղաւորելու եւ Եւրոպա անոնց անցումները չթոյլատրելու շուրջ Անգարայի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Ան ըսած է, որ այդ հարցին մէջ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է զգալի չափով ելեւմտական աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ շարունակելու բանակցութիւնները թուրք քաղաքացիներու Եւրոպական Միութեան տարածք այցեգիրները դիւրացնելու շուրջ:
Ռութէ նաեւ ընդգծած է, որ այցեգիրի դիւրացումէն եւ տնտեսական աջակցութենէն բացի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան չափանիշներու հետ կապուած Թուրքիոյ որեւէ զիջում չի կրնար կատարուիլ: Ան նշած է, որ արդէն մեծ եւ կարեւոր զիջում է այն, որ Թուրքիոյ մէջ 1 նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչուած, Եւրոպական Միութիւնը յետաձգած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան «Յառաջընթացի զեկուցում»-ը, որուն մէջ գնահատականներ պիտի տրուին այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ:
Կայքը մէջբերած է հոլանտացի յայտնի լրագրող եւ իրաւաբանական գիտութիւններու դասախօս Աֆշին Էլիանի` հոլանտական մամուլին մէջ վերջերս արտայայտած այն համոզումը, որ «Թուրքիոյ սարսափ տարածող եւ դասական բռնապետի վարք ցուցադրող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ուզէ յաւերժ իշխանութեան գլուխ ըլլալ»:
Էլիան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները որակած է իբրեւ «ժողովրդավարութեան սպանութիւն» եւ առաջարկած «Անգարան այլեւս չընկալել իբրեւ դաշնակից», եւ «վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը»:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի Ազատութիւն կուսակցութիւնը ընդհանրապէս ունի հետեւեալ կարծիքը. «Թուրքիան չի կրնար տեղ ունենալ Եւրոպական Միութեան մէջ»:


