Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Սահմանադրական Բարեփոխում Յայտարարեց Եւ Սպառնաց Ընդդիմութեան

Նոյեմբեր 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Erdogan_110515

«Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը յամառի երկրի համար նոր սահմանադրութիւն որդեգրելու հարցին վրայ, ինչ որ դարձած է Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգ որդեգրելու համար անոր գլխաւոր ցանկութիւնը: Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ նոր օրէնքին մէջ կ՛ենթադրուի նախագահի իշխանութեան ուժեղացում, որուն գլխաւոր փաստարկը կը հանդիսանայ «ուժեղ կեդրոնական իշխանութեան անհրաժեշտութիւնը» եւ «քիւրտ անջատողականներու կողմէ աճող ահաբեկչական սպառնալիքին առջեւ կայունութիւնը»:

«Յոյսով եմ, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն ղեկավարները պիտի նստին մէկ սեղանի շուրջ եւ պիտի աշխատին նոր սահմանադրութեան նախագիծին վրայ: Իւրաքանչիւր անձ, որ կը խոչընդոտէ նոր սահմանադրութիւն ստեղծելու գծով ժողովուրդի կամքին իրագործումը, որ կը ձգտի խանգարել անոր երեւան գալուն, պատասխանատուութիւն պիտի զգայ յաջորդ ընտրութիւններուն ընթացքին` չորս տարի ետք», յայտարարած է Էրտողան:

«Միլլիյէթ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը երկրին նոր սահմանադրութեան վերաբերեալ պիտի փորձէ համաձայնութիւն գոյացնել քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հետ:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի կարգադրութեամբ, իշխող կուսակցութիւնը արդէն սկսած է կառավարութեան նոր ծրագիրի մշակումին, ուր կարեւորագոյն տեղը կը գրաւէ նոր սահմանադրութեան որդեգրումը: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 317 եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան 134 երեսփոխանները միասնաբար կրնան խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան դնել նոր սահմանադրութիւնը հանրաքուէի դնելու հարցը: Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու համար անհրաժեշտ է 330 երեսփոխաններու աջակցութիւնը ստանալ:

Թրքական օրաթերթին համաձայն, քեմալականներու հետ համաձայնութիւնը չգոյացնելու պարագային միայն իշխող կուսակցութիւնը պիտի սկսի բանակցիլ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած մնացեալ կուսակցութիւններուն հետ:

Նոր սահմանադրութեան մէջ պիտի նախատեսուին հետեւեալ կէտերը` նախագահը պիտի ընտրուի 5 տարին անգամ մը` առաւելագոյնը երկու անգամ, հանրապետութեան նախագահը պիտի նկատուի գործադիր իշխանութեան ղեկավարը, նախագահը պիտի վաւերացնէ օրէնքները կամ զանոնք վերադարձնէ խորհրդարան, ան կրնայ Սահմանադրական դատարան դիմում ներկայացնել այս կամ այն օրէնքի հակասահմանադրական ըլլալու հիմնաւորումով: Թուրքիոյ նախագահը պիտի ըլլայ երկրին զինեալ ուժերուն ղեկավարը, բարձրաստիճան պաշտօնեաները պիտի նշանակուին նախագահին կողմէ, նախարարները պիտի նշանակուին կամ հեռացուին նախագահին կողմէ` խորհրդարանէն դուրս, անոնք պիտի չըլլան նոր ընտրուած երեսփոխաններ: Ոեւէ նախարար պատասխանատու պիտի ըլլայ նախագահին առջեւ, ժողովուրդին առջեւ պատասխանատուութիւն ունեցող նախագահը անկարելի պիտի ըլլայ հեռացնել պաշտօնէն:

 

Նախորդը

Ասրիէ-Խանասեր Ուղիի Ազատագրումէն Ետք. Առաջին Բեռնատար Մեքենաները Հասան Հալէպ

Յաջորդը

ՔԱԿ Վերջ Տուաւ Թուրքիոյ Հետ Միակողմանի Զինադադարին

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?