Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մծբինի Մէջ Պայթում Մը Կը Պատճառէ Զոհ Մը Եւ 20 Վիրաւորներ

November 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mdzpin_110215

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մարտին նահանգին մէջ արձանագրուած են զոհ մը եւ քսան վիրաւորներ, երբ տեղի ունեցած է պայթում մը, որուն պատճառով հրդեհ յառաջացած է:

Պայթումը տեղի ունեցած է Մարտինի Մծբին շրջանի Սելահետտին Այուպի թաղամասին մէջ` 1 նոյեմբերի գիշերուան ժամը 10:00-ին:

Պայթումին պատճառով յառաջացած է հրդեհ մը, որ Սաքարիա փողոցին մէջ գտնուող խանութէ մը տարածուած է նոյն շէնքին մէջ գտնուող յարկաբաժիններու: Մծբինէն եւ Քըզըլթեփէ շրջանէն հրշէջներ, ջրաշիթ մեքենաներով ոստիկաններ եւ տեղահանուածներու ճամբարէ մը հրշէջներ միջամտած են եւ երկու ժամ պայքարելէ ետք յաջողած են մարել կրակը:

20 վիրաւորները դարմանումի համար փոխադրուած են Մծբինի պետական հիւանդանոցը: Մինչ այդ, ոստիկանութիւնը պայթումի վայրէն 10 մեթր հեռաւորութեան վրայ կանգ առած ինքնաշարժի մը տակ յայտնաբերած է անծանօթ դիակ մը:

Ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն կը կատարէ պայթումին պատճառը բացայայտելու համար:

Միւս կողմէ, «Տողան» հաղորդեց, որ մարդ մը Պոլսոյ մէջ նախագահական նստավայր մուտք գործել փորձելէ եւ ոստիկանութեան հետ վիճաբանելէ ետք փորձած է անձնասպան ըլլալ:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ ոստիկանութիւնը խնդրոյ առարկայ անհատը զգուշացնելէ ետք կրակ բացած է անոր վրայ, սակայն նախագահի գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը հերքեց տեղեկութիւնը: Ըստ հաղորդագրութեան, 20-ամեայ տղամարդը փորձած է բռնի ուժով մուտք գործել Պոլսոյ Հուպեր Քէօշք նախագահական նստավայրը, ոստիկանութեան հետ վիճաբանելու ընթացքին խլած է պահակի մը ատրճանակը եւ ինքնիր գլխուն կրակելով` փորձած է անձնասպան ըլլալ: Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ գոյութիւն ունին վարկածներ, թէ ան մտային խանգարումէ կը տառապի: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ան նախապէս քրէական յանցանք գործած է:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դէպքին ընթացքին կը գտնուէր Պոլսոյ ասիական կողմը գտնուող Սկիւտարի Քըսըքլը թաղամասին մէջ գտնուող իր տան մէջ:

 

 

Նախորդը

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 12. Ժխտողականութիւնը, ՄԻԵԴ-ը Եւ Ֆրանսան

Յաջորդը

«Ընտրութիւններուն Արդիւնքը Ընդդիմադիր Բոլոր Կուսակցութեանց Եւ Անոնց Ղեկավարներուն Յղուած Պատգամ Մըն Է» Ըսաւ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն  Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»
Միջազգային

Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Միջազգային

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.