Սինայի Մէջ Ջախջախուած Ռուսական Օդանաւը Թռիչքի Ընթացքին Երկուքի Կիսուած Է
Ռուսիոյ քաղաքային թռիչքներու պետական յանձնախումբի նախագահ Վիքթոր Սորոչենքօ երէկ յայտարարեց, որ շաբաթ օր ջախջախուած ռուսական ճամբորդատար օդանաւը թռիչքի ընթացքին երկուքի կիսուած է` աւելցնելով, որ տակաւին շատ կանուխ է ջախջախման դրդապատճառին շուրջ եզրակացութիւն կատարելու: Ան լրագրողներուն յայտնեց, որ օդանաւին բեկորները ցրուած են Սինայի շրջանին մէջ` 20 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մը վրայ: Առայժմ օդանաւին մէջ գտնուող 224 ճամբորդներէն միայն 163-ին դիակները գտնուած...




















