Լաւրով Եւ Զարիֆ Կարեւոր Կը Նկատեն ՄԱԿ-ի Հովանիի Տակ Սուրիոյ Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Երկխօսութիւնը
Զարիֆ եւ Լաւրով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը` «Սուրիոյ աջակցութեան խումբ»-ի 14 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին նախօրեակին: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են. «Ընդգծուած...




















