
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Էօմար Չելիք յայտարարեց, որ Թուրքիոյ համար նոր սահմանադրութեան մը բանաձեւումը իր կուսակցութեան առաջնահերթութիւններէն է: Ան թրքական քաղաքական կուսակցութեանց կոչ ուղղեց` Թուրքիան դէպի ապագայ առաջնորդող եւ քաղաքային մարդու վրայ կեդրոնացող նոր սահմանադրութիւն մը բանաձեւելու:
Չելիք Անգարայի մէջ իր կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ժողովին ծիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ թրքական տնտեսութեան ու ժողովրդավարութեան յառաջ մղումին եւ արդի աշխարհի մարտահրաւէրներուն հետ քայլ պահելու համար նոր սահմանադրութեան մը մեծ կարիք գոյութիւն ունի` նշելով, որ «Այդ պատասխանատուութիւնը միայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ուսերուն վրայ չէ դրուած, այլ բոլոր երեսփոխաններուն, որոնց ժողովուրդը հասցուց խորհրդարան»:
Չելիք ըսաւ, որ իրենք քրտական հարցով խաղաղութեան հոլովոյթի հարցը պիտի չարծարծեն, մինչեւ որ ամբողջովին երաշխաւորեն երկրին մէջ կարգ ու կանոնը: «Անոնք, որոնք խաղաղութեան հոլովոյթի հարցով անկեղծ են, պէտք է երկու բան կատարեն. նախ եւ առաջ պէտք է յայտարարեն, որ ամբողջովին դէմ են ամէն տեսակի ահաբեկչական գործունէութեան, երկրորդ` անոնք, որոնք զէնքեր ունին, պէտք է զանոնք թաղեն», ըսաւ Չելիք` աւելցնելով. «Խաղաղութեան հոլովոյթը օգտագործելով հասարակական կարգը խանգարելը պիտի չթոյլատրենք: Թէ՛ հասարակական կարգը, թէ՛ ալ ժողովրդավարացումը պիտի շարունակուին իբրեւ տարրեր, որոնք զիրար կը սնուցեն»:
Ան նշեց, որ հակառակ կարգ մը կուսակցութեանց կրած պարտութեան, չկայ քաղաքացի մը, որ պարտութիւն կրած է, «որովհետեւ Թուրքիան այսօր արթնցաւ կայունութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտի մը մէջ, ուստի բոլորն ալ յաղթական են»: