Թրքական «Հապեր7» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածելով յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատած են Թուրքիոյ «խելացի ռումբեր» վաճառելու գործարքին կայացումը:
Առնչակից երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէին եւ դարձած էին Անգարայի ու Ուաշինկթընի միջեւ լարուածութեան պատճառ:
Ըստ հրապարակուած տեղեկութեան, Թուրքիան կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներէն գնել 70 միլիոն տոլարի արժողութեամբ «խելացի ռումբեր»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Թուրքիան շրջանային խաղաղութեան եւ զարգացման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու գործընկերն է», եւ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աջակցելու ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ` ուժեղ եւ պատրաստուած պաշտպանութիւն ունենալու համար, ինչ որ «Միացեալ Նահանգներու միջազգային շահերուն տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր է»: