Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլու Կը Սպառնայ Դարձեալ Վար Առնել Թուրքիոյ Օդային Տարածքը Հատող Ռուսական Պատերազմական Օդանաւ. Փութին Ստորագրեց Թուրքիոյ Դէմ Տնտեսական Միջոցառումներու Հրամանագիր Մը

November 30, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին
Վլատիմիր Փութին

Քրեմլին շաբաթ օր յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Թուրքիոյ դէմ տնտեսական միջոցառումներու որդեգրման համար նախագահական հրամանագիր մը:

Նշեալ միջոցառումներու շարքին են 2016-ի սկիզբէն սկսեալ Թուրքիոյ հետ մուտքի այցեգիրի դրութեան վերահաստատում, դէպի Թուրքիա առեւտրական թռիչքներու դադրեցում եւ ռուսական հողամասերու վրայ թրքական օդանաւային ընկերութեանց հսկողութիւնը խստացնել` անվտանգութեան երաշխաւորման համար:

Փութին նաեւ զբօսաշրջութեան ռուսական ընկերութիւններու թելադրեց Ռուսիոյ քաղաքացիներուն համար դէպի Թուրքիա զբօսաշրջական շրջապտոյտներ չկազմակերպել:

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիա իր կարգին կը պատրաստուի Ռուսիոյ դէմ «վրիժառու ծրագիրի» պատրաստութեան, իսկ ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Թուրքիոյ դէմ Ռուսիոյ որդեգրած պատժամիջոցները պիտի բարդացնեն Մոսկուա-Անգարա լարուածութիւնը:

Տումայի միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով անդրադառնալով Փութինի ստորագրած հրամանագիրին երէկ ըսաւ. «Այդ հրամանագիրը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Էրտողան նախ եւ առաջ վնասեց իր երկրի տնտեսութեան: Թուրքիան յատուկ կարգավիճակ ունէր Ռուսիոյ մէջ»` նշելով, որ Ռուսիոյ կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները Թուրքիան պիտի հարուածեն չորս ուղղութեամբ: Առաջինը` զբօսաշրջութիւնը, որովհետեւ ռուս զբօսաշրջիկները տեղական պիւտճէն կը հարստացնեն շուրջ չորս միլիառ տոլարով, ինչ որ ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ զբօսաշրջական մարզի ապահոված շահին 12-18 առ հարիւրը կը կազմէ:

Փուշքով աւելցուց, որ թրքական ընկերութիւնները, որոնք համաձայնագիրներ ստորագրած էին Ռուսիոյ մէջ, մեծ եկամուտներ ունէին: Միաժամանակ պատժամիջոցները պիտի ազդեն նաեւ գործունէութեան վրայ այն ընկերութիւններուն, որոնք հիմնուած են դէպի Ռուսիա արտածման վրայ: «Ատիկա թրքական տնտեսութեան մէկ զգալի մասը կը կազմէր, որովհետեւ Թուրքիան Ռուսիոյ համար առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու առումով հինգերորդ գործընկերն էր: Նախորդ տարի ապրանքաշրջանառութիւնը կը կազմէր 30 միլիառ տոլար, եւ ատիկա ի հարկէ լուրջ հարուած է այդ ընկերութիւններուն», ընդգծեց Փուշքով:

Ան նշեց. «Ռուսիա չի փորձեր իրենց ղեկավարութեան վարմունքին համար Թուրքիոյ քաղաքացիներէն վրէժ լուծել», եւ որդեգրուած միջոցառումներուն մէջ յատուկ ջանք թափուած է նուազեցնելու համար պարզ քաղաքացիներուն վրայ անոնց ազդեցութիւնը:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ իրենք Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն` աւելցնելով. «Պիտի չտատամսինք եւ պիտի չարտօնենք, որ օտար որեւէ օդանաւ մեր օդային տարածքը ներթափանցէ, եւ պէտք է հարցերը լուծենք առանց զանոնք աւելի մագլցումի մղելու»:

«Որեւէ պետութիւն պէտք չէ Թուրքիան ամբաստանէ իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելուն համար», ըսաւ ան: «Եթէ Սուրիոյ հարցով համակարգում տեղի չունենայ, ռուսական կործանիչները վար առնելը կրնայ կրկնուիլ», յայտնեց Տաւութօղլու:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց. «Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ ենք` ապահովելու համար, որ իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը չազդէ Սուրիոյ քաղաքական հոլովոյթին վրայ»: Ան նշեց, որ այս շաբաթ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ` քննարկելու համար Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ տագնապն ու Սուրիոյ մէջ տագնապին լուծման վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւնը:

Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները ստանձնեցին վար առնուած ռուսական «Սու-24»-ի օդաչու Օլեկ Փեշքովի դիակը եւ զայն Անգարա փոխադրելով յանձնեցին Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան:

 

Նախորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հետ Սահմանը Փակելու Հարցով Ճնշում Կը Գործադրեն Թուրքիոյ Վրայ

Յաջորդը

Սպաննուած Է Քիւրտ Յայտնի Փաստաբան Թահիր Էլչին

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի Եւ «Աքսիոս»-ի.  Երեքշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Օմանեան  Միջնորդութեամբ Իրան-Միացեալ  Նահանգներ Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի Եւ «Աքսիոս»-ի. Երեքշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Օմանեան Միջնորդութեամբ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները

February 16, 2026
Ռուպիօ. «Ամերիկան Թրամփի Նստաշրջանին  Կ՛ուզէ Աշխարհի Վերակառուցումը Ղեկավարել»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Ամերիկան Թրամփի Նստաշրջանին Կ՛ուզէ Աշխարհի Վերակառուցումը Ղեկավարել»

February 16, 2026
Խօսքը Ուղղելով Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին`  Կրահամ. «Պըն Զայետը Սիոնական Չէ, Եւ Դուք  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ  Հակամարտութեան Մէջ Մտնելով Իրանը Կը Քաջալերէք»
Միջազգային

Խօսքը Ուղղելով Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին` Կրահամ. «Պըն Զայետը Սիոնական Չէ, Եւ Դուք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ Հակամարտութեան Մէջ Մտնելով Իրանը Կը Քաջալերէք»

February 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.