Ամերիկեան «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` յղում կատարելով Սպիտակ տան աղբիւրներուն, կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը ճնշում կը գործադրէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի հասնի Սուրիոյ հետ սահմանի փակման, որուն միջոցով ՏԱՀԵՇ կը «տարածէ» իր զինեալները:
Միացեալ Նահանգներ կը պահանջեն Անգարայէն ուժեր տեղակայել սահմանի 100 քիլոմեթրնոց հատուածին վրայ: Փենթակոնի մէջ այն կարծիքին են, որ սահմանի փակման համար անհրաժեշտ է գործի լծել մինչեւ երեսուն հազար զինուոր եւ հրետանի: Ուաշինկթընի մէջ վստահ են, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւին դէմ յարձակումին միջադէպը պէտք չէ ազդէ զօրքերու տեղակայման ծրագիրներուն վրայ:
«Միջազգային սպառնալիքը կու գայ Սուրիայէն Թուրքիոյ տարածքին միջոցով», նշած է աղբիւրը` աւելցնելով, որ խաղի կանոնները փոխուած են, եւ սահմանը պէտք է փակուի:
Օրաթերթին տուեալներով` Ուաշինկթըն զգուշացուցած է Անգարան, որ իրեն «լուրջ պատասխան» կը սպասէ Եւրոպական Միութեան կողմէ, եթէ սահմանը չփակուի եւ ահաբեկիչները դարձեալ կարենան Թուրքիոյ միջոցով յայտնուիլ Եւրոպայի մէջ: Կը նշուի, որ Թուրքիոյ վրայ ճնշումը աւելցած է Փարիզի մէջ 13 նոյեմբերի ահաբեկչական յարձակումներէն ետք:
Անգարայի աղբիւրը յայտնած է, որ Թուրքիա «լի է սահմանի 98 քիլոմեթրնոց տարածքը ՏԱՀԵՇ-էն մաքրելու պատրաստակամութեամբ»` աւելցնելով, որ իրենց պէտք չեն որեւէ նախազգուշացում կամ խորհուրդ:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ իրենք կ՛ուզեն այս շաբաթ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու շուրջ լիազօրութիւն ստանալ խորհրդարանէն, սակայն տակաւին բաւարար ձայներ չեն ստացած այդ լիազօրութիւնը ապահովելու համար: