«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ «Կազփրոմ»-ի վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլըր յայտնած է, որ Ուքրանիոյ ռուսական կազի մատակարարումը կը դադրեցուի, մինչեւ ուքրանական «Նաֆթոկազ»-ի կողմէ նոր վճարումներու կատարումը:
«Այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Նաֆթոկազ Ուքրայինին» ստացած է ռուսական կազի` նախապէս կանխավճարուած ծաւալները: Նոր կանխավճար չէ ստացուած: «Նաֆթոկազ Ուքրայինին»-էն կազի մատակարարման դիմումներ չկան: Այսպիսով, մատակարարումները կը դադրեցուին, մինչեւ ուքրանական ընկերութեան կողմէ նոր վճարումներու կատարումը», լրագրողներուն ըսած է «Կազփրոմ»-ի ղեկավարը` աւելցնելով. «Միաժամանակ արդէն հիմա` մինչեւ լուրջ ցուրտի սկսիլը, Ուքրանիան սկսած է աշխուժօրէն կազ վերցնել ստորգետնեայ պահեստներէն, որոնք արդէն բաւականաչափ լեցուած չեն»:
«Ռուսական կազի գնումէն հրաժարումը լուրջ վտանգներ պիտի ստեղծէ Ուքրանիոյ տարածքով Եւրոպա կազի յուսալի տարանցման համար», ընդգծած է Միլլըր: