Թուրքիա Կը Մերժէ Ուժերը Հեռացնել Իրաքեան Հողերէն. Տաւութօղլու. «Եթէ Պէտք Ըլլայ Պատրաստ Ենք Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու»
Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց. «Թրքական կառավարութիւնը Ռուսիոյ դէմ շարք մը հաւանական միջոցառումներ քննարկեց եւ պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու»: «Մենք պատրաստ ենք Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան, սակայն առանց նախապայմաններու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կրնանք ուժանիւթի այլընտրանքներ գտնել մեր կարիքները բաւարարելու համար, եթէ Ռուսիան դադրի զայն մեզի մատակարարելէ»: Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ զգուշացուց Իրանը` յայտնելով. «Եթէ Իրանի մէջ...




















