
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը հրապարակած է հերթական քարոզչական տեսանիւթը, որուն մէջ թուած է այն երկիրները, որոնք ներառուած են «սատանաներու դաշինք»-ին մէջ եւ ՏԱՀԵՇ-ի թշնամիներ են:
Գործակալութիւնը կը գրէ, որ ահաբեկիչներուն ցանկը տարօրինակ է. եթէ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներառումը ունի տրամաբանական հիմնաւորում, ապա հակաահաբեկչական դաշինքին հետ կապ չունեցող երկիրներու` Ուքրանիոյ, Մոլտովայի, Պոսնիոյ, Զուիցերիոյ եւ Մալթայի նման երկիրներու ցուցակին մէջ ներառումը տարօրինակ կը թուի: Ահաբեկիչները անհրաժեշտ չեն նկատած բացատրել «սեւ ցուցակին մէջ» յայտնուելու չափանիշները:
Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը իբրեւ իր թշնամին նշած է 60 երկիր: Տեսանիւթը յայտնուած է համացանցին վրայ 4 լեզուով` անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն:
Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի թշնամի երկիրներու ցուցակին մէջ ներառուած են նաեւ Լիբանանը, Յունաստանը, Թուրքիան, Քոսովոն, Ալպանիան, Չինաստանը եւ Թայուանը:


