
Virtualaz.org կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի շիիներով բնակուած Նարդարան աւանին մէջ ոստիկանութիւնը աւանի մզկիթներէն մէկուն մօտ իսլամական ծայրայեղականներու խմբակի դէմ կատարած է յատուկ գործողութիւն մը, որուն պատճառով արձանագրուած են 4 զոհեր, որոնցմէ երեքը` ոստիկաններ:
Ծայրայեղականները զինեալ դիմադրութիւն ցուցաբերած են: Կը նշուի, որ ձերբակալուած են քանի մը մարդիկ, ներառեալ Ազրպէյճանի շիիներու ղեկավար Թալէ Պաղըրզատէն:
Պաքուի թիւ 3 հիւանդանոց տարուած են երեք վիրաւորներ, որոնց շարքին նաեւ Սապունճիի շրջանի ոստիկանական վարչութեան քրէական հետախուզութեան բաժանմունքի պետ Սատիք Հասանով: Յատուկ գործողութեան ժամանակ ոստիկաններու դէմ ձեռնառումբ նետուած է:
Ոստիկանութեան աշխատակիցները ձերբակալած են նաեւ իսլամականներու այլ ղեկավար մը` Զուլֆուքար Միքայէլզատէն: Ան ձերբակալուած է իր սեփական տան մէջ եւ տարուած անյայտ ուղղութեամբ:
Կը նշուի, որ իսլամականները Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն վրայ կրակած են գնդացիրներով եւ օգտագործած են ձեռնառումբեր:


