
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին խօսելով Թուրքիոյ օդուժին կողմէ «Սու-24» ռմբաձիգի վար առնուելուն մասին յայտնեց. «Մենք բացարձակապէս անբացատրելի կը նկատենք թիկունքին դաւաճանական հարուածները անոնց կողմէ, որոնց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործընկերներ ու դաշնակիցներ կը նկատենք»:
«Թուրքիան գիտակցաբար փակուղի կը տանի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները. մինչեւ հիմա ո՛չ ներում հայցած են «Սու-24»-ի ջախջախման համար, ո՛չ առաջարկներ կատարած են վնասը հատուցելու վերաբերեալ, ո՛չ ալ խոստումներ տուած` պատժելու մեղաւորները», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահը:
«Մենք մինչեւ հիմա ո՛չ Թուրքիոյ քաղաքական բարձր մակարդակի ներողութիւնը, ո՛չ վնասի փոխհատուցման առաջարկներ, ո՛չ ալ կատարուած յանցագործութեան մեղաւորները պատժելու խոստումներ լսած ենք», նշեց ան` աւելցնելով. «Այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը գիտակցաբար փակուղի կը մղէ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները»:
Փութին ընդգծեց. «Այն ինչ որ երկու օր առաջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ երկինքին վրայ, կը հակասէ առողջ բանականութեան եւ միջազգային իրաւունքին. օդանաւը հարուածուած է Սուրիոյ տարածքին մէջ»:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ իր կառավարութենէն պահանջեց «երկու շաբթուան ընթացքին պատրաստել տնտեսական միջոցառումներու շարք մը»` հակադարձելու համար Թուրքիոյ «թշնամական արարքին»:
«Այս միջոցառումները պիտի վերաբերին առեւտուրի, ներդրումներու, աշխատատեղիներու, զբօսաշրջութեան, օդային փոխադրութեան եւ մինչեւ իսկ մշակոյթի մարզերուն», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ ռուսական օդանաւին Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ վար առնուիլը «ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ»:
«Մենք դաշնակիցներուն ներկայացուցինք այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք ցոյց կու տան, որ մեր ռմբաձիգը թրքական օդային տարածքը չհատեց», ըսաւ ան` աւելցնելով. «ՕԹԱՆ-էն մեր լսած կեցուածքը բացարձակապէս անընդունելի է»:
Զախարովա նաեւ ընդգծեց. «Մեր օդաչուն սպաննողները կարելի չէ չափաւորական ընդդիմութիւն նկատել»:
Եւրոպական Միութեան մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Չիճով «Եուրոնիուզ»-ին յայտնեց, որ «Սու-24» ռմբաձիգին վար առնուիլը կանխամտածուած յարձակում մըն էր` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ պատասխանը զինուորական պիտի չըլլայ: «Անշուշտ մենք Թուրքիոյ դէմ պատերազմ յայտարարել չենք ծրագրեր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թրքական կողմին կատարած այս սադրանքը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ»:
Նշենք, որ Ռուսիա երէկ չեղեալ յայտարարեց 15 դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած ռուս-թրքական բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի նիստը, որուն շուրջ Անթալիոյ մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած էին Փութինն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ «ահաբեկչական սպառնալիքներու» պատճառով Թուրքիա գտնուող Ռուսիոյ քաղաքացիներուն թելադրեց վերադառնալ Ռուսիա:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է չարտօնելու, որ ռուսական օդանաւին հետ տեղի ունեցած միջադէպը սաստկացնէ լարուածութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Լաւրով զրոյցի մը ընթացքին «մատնանշած է կոպիտ խախտումը Սուրիոյ մէջ պատերազմական օդանաւերու թռիչքներու անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան յուշագիրին, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներ համապատասխան կանոններու պահպանման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է իր գլխաւորած դաշինքի բոլոր մասնակիցներուն կողմէ, ներառեալ` Թուրքիոյ»:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ եւրոպական շարք մը օրաթերթերու մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշած է, որ «Սու-24»-ի միջադէպը կը պահանջէ «զսպուածութիւն ու դիւանագիտութիւն» եւ կը մատնանշէ երկար տարիներ գործող համաձայնագիրներու արդիականացում:
«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի 25 նոյեմբերին իր երկրի կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնած է. «Միջադէպը, որ տեղի ունեցած է Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ, շատ տագնապալի ու վտանգաւոր ազդանշան է եւ կը վկայէ այն մասին, որ շրջանին մէջ այնքան մեծ է քաոսը, որ այսպիսի չմտածուած գործողութիւնները շատ վտանգաւոր են: Հրթիռներն ու օդանաւերը խաղալիքներ չեն, որպէսզի ոեւէ մէկը պարզապէս զանոնք կարենայ խոցել»:
«Ինչ կը վերաբերի այդ դէպքին, ապա մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն այդ սադրանքին համար: Մեր դրացին ու բարեկամը` Թուրքիան պէտք է լրջօրէն հոգ տանի ատոր մասին», նշած է Ռուհանի` աւելցնելով. «Ռուսիան եւ Թուրքիան Իրանի բարեկամ դրացիներն են, եւ մենք կը պահանջենք, որ այդ երկիրները նախազգուշական միջոցներու ձեռնարկեն` ապագային այդպիսի միջադէպերու կանխարգիլման նպատակով, եւ բոլոր ջանքերը գործադրեն ատոր համար»:
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի Թեհրանի մէջ Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումի մը ընթացքին թրքական կողմին քայլը մեծ սխալ կոչած է: «Ռուսիոյ դէմ Թուրքիոյ կատարած գործողութիւնը մեծ սխալ էր: Իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի` այդ գործողութեան աջակցիլը շատ աւելի մեծ սխալ դարձաւ: Այս գործողութիւնը շրջանի բախումները աւելի բարձր մակարդակի պիտի բարձրացնէ` մոռացութեան մատնելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարը», ըսած է ան:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական հազարապետ-զօրավար Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի նշեց, որ թրքական օդուժին քայլը ռազմավարական հետեւանքներ պիտի ունենայ: «Թուրքիան այս միջադէպին մէջ ռազմավարական սխալ մը գործեց, եւ հաստատօրէն ատիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ Թուրքիա շատ սուղ գին վճարէ», նշեց ան:
Էրտողան. «Ռուսիայէն Ներում Պիտի Չհայցենք,
Ան Է, Որ Պէտք Է Ներում Հայցէ Մեր Օդային Տարածքը
Բռնաբարելուն Համար»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը Ռուսիայէն ներում պիտի չհայցէ` նշելով, որ Ռուսիան է, որ պէտք է ներում հայցէ Թուրքիոյ օդային տարածքը բռնաբարելուն համար:
Նախքան այդ, Էրտողան շարք մը թաղապետներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ցաւ յայտնեց «ռուսական ռմբաձիգներուն եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերուն կողմէ սուրիացիներուն դէմ շարունակուող բուռն ռմբակոծման համար»` աւելցնելով. «Մենք սուրիացի ժողովուրդի ազատութեան համար մղուած պայքարին մէջ սուրիացի ժողովուրդին կողքին ենք»:
«ՏԱՀԵՇ-ը պարզապէս միջազգային դիպաշար մըն է, որ իսլամներու դէմ ցեղապաշտութեան պիտի վերածուի, եւ գոյութիւն ունին մեծ տէրութիւններ, որոնք կը փորձեն շրջանը վերաձեւաւորել` օգտագործելով ՏԱՀԵՇ-ը», ըսաւ ան:
«Չենք արտօներ, որ ոեւէ մէկը Թուրքիան ու անոր կեցուածքները հարցականի տակ առնէ եւ զայն ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ի հետ գործակցութեան կամ անոր դէմ չպայքարելու մէջ: Մենք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարինք զինուորապէս եւ տնտեսապէս», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Ան որ կը յաւակնի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարիլ, միայն Թուրքմէններու լերան վրայ չափաւորական ընդդիմութիւնը չի ռմբակոծեր: Այդտեղ 300 թուրքմէններ սպաննուեցան», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Դուք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի անունին տակ կ՛աջակցիք մնացեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն»:
«Չենք արտօներ, որ ոեւէ մէկը Թուրքիան ու անոր «կեցուածքները հարցականի տակ առնէ» եւ զայն ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ի հետ գործակցութեան կամ անոր դէմ չպայքարելու մէջ:»
Յ.Չ. Շատ ճիշդ կ՛ըսէ ան, քանի որ «հարցականի» կասկածի հարց գոյութիւն չ՛ունի՝ այլ հաստատօրէն եւ անկասկած, ահաբեկիչ Թուրքիան «100 տոկոսով կ՛օժանդակէ» բոլոր ահաբեկիչ խմբաւորումներուն եւ մանաւանդ ՏԱՀԵՇ-ին՝ որուն, զինուորական աչակցութեան կողքին, նիւթական ինքնաբաւութիւն կու տայ, անոր գրաւած տարածքներուն քարիւղը գնելով, նորակառոյց խողովակաշարով եւ հազարաւոր փոխադրակարգերու միջոցաւ:
«Չենք արտօներ, որ ոեւէ մէկը Թուրքիան ու անոր «կեցուածքները հարցականի տակ առնէ» եւ զայն ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ի հետ գործակցութեան կամ անոր դէմ չպայքարելու մէջ:»
Յ.Չ. Շատ ճիշդ կ՛ըսէ ան, քանի որ «հարցականի» կասկածի հարց գոյութիւն չ՛ունի՝ այլ հաստատօրէն եւ անկասկած, ահաբեկիչ Թուրքիան «100 տոկոսով կ՛օժանդակէ» բոլոր ահաբեկիչ խմբաւորումներուն եւ մանաւանդ ՏԱՀԵՇ-ին՝ որուն, զինուորական աչակցութեան կողքին, նիւթական ինքնաբաւութիւն կու տայ, անոր գրաւած տարածքներուն քարիւղը գնելով, նորակառոյց խողովակաշարով եւ հազարաւոր փոխադրակառքերու միջոցաւ:
Յ.Չ. «Ուղղագրական սրբագրութիւն»