Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլու Կը Մերժէ Ռուսիայէն Ներում Հայցել

Դեկտեմբեր 1, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տաւութօղլու եւ Սթոլթենպերկ
Տաւութօղլու եւ Սթոլթենպերկ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դարձեալ մերժեց ռուսական «Սու-24»-ի վար առնուելուն համար Ռուսիայէն ներում հայցել` նշելով. «Ոչ մէկ երկիր ներում կը հայցէ իր պարտականութիւնը կատարելուն համար: Մեր բանակը կատարած է այն, ինչ որ իրմէ կը պահանջուէր: Ոչ մէկ երկիր պէտք է սպասէ, որ մենք ներում պիտի հայցենք մեր գործը ընելու համար: Ասիկա մեզի համար արժանապատուութեան հարց է»:

«Թուրքիա չ՛ուզեր Ռուսիոյ հետ լարուածութեան մագլցում, եւ պէտք է Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումներուն շուրջ համակարգում կատարուի», ըսաւ ան` յայտնելով. «Թուրքիա Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու հետ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործողութեան պիտի ձեռնարկէ»:

«Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գտնուող սահմանը ՕԹԱՆ-ի սահման է եւ Թուրքիոյ օդային տարածքի խախտումը ՕԹԱՆ-ի սահմանի խախտում է», ըսաւ ան:

Սթոլթենպերկ իր կարգին յայտնեց. «Դաշինքի բոլոր անդամները ամբողջովին կը պաշտպանեն իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ օդային տարածքը պաշտպանելու Թուրքիոյ իրաւունքը»: Ան միեւնոյն ժամանակ յայտարարեց. «Ես կ՛ողջունեմ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Թուրքիոյ ջանքերը` կացութիւնը մեղմացնելու համար»: Ան յայտնեց, որ Տաւութօղլուի հետ հանդիպումին ընթացքին հանգամանօրէն քննարկած է թրքական օդուժին կողմէ ռուսական «Սու-24»-ի վար առնուելուն հետ կապուած կացութիւնը:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ նշեց. «Այն ինչ որ Ռուսիա կատարեց, ուրիշներու իրաւունքներու ոտնահարման առաջին պարագան չէ»:

Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Տուկլաս Լիւթ` պատասխանելով ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան «Սու-24»-ի վար առնուելուն մասին հարցումին, ըսաւ. «Ատիկա Թուրքիոյ գերիշխան որոշումն էր», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ՕԹԱՆ-ը ատոր հետ առնչութիւն մը ունեցած են»:

Ան նաեւ աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ միասնական զինուորական դաշինք չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ չկան ընդհանուր նպատակներ: «Մեր նպատակը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման յաղթելն է, Ռուսիոյ նպատակը ընդդիմութեան դէմ սուրիական վարչակազմին աջակցիլն է», ըսաւ ան:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ դէմ Ռուսիոյ որդեգրած միջոցառումները ստիպողաբար կատարուած են եւ ուղղուած չեն այդ երկրին քաղաքացիներուն դէմ, սակայն աւելցուց, որ որդեգրուած այդ միջոցառումները առաջին քայլեր են, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային պիտի ընդլայնուին:

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Իկոր Շուվալով յայտնեց, որ Ռուսիոյ կառավարութեան որոշումին նախագիծը սահմանափակումներ կը նախատեսէ Թուրքիայէն պտուղներու եւ բանջարեղէնի մատակարարումներու հարցին մէջ, սակայն արդիւնաբերական ապրանքներուն չի վերաբերիր:

Ան նշած է, որ սահմանափակումները կը վերաբերին միայն այն ապրանքներուն, որոնք կենսական կարեւորութիւն չունին Ռուսիոյ տնտեսութեան համար: Ռուսիոյ փոխվարչապետը նաեւ բացատրած է, որ սահմանափակումները չեն վերաբերիր Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն աշխատանքի պայմանագիրներուն, որոնք կնքուած են մինչեւ 31 դեկտեմբեր:

Նշենք, որ Տաւութօղլու Սթոլթենպերկի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադառնալով Ռուսիոյ հաստատած տնտեսական պատժամիջոցներուն նշեց, որ երբ Ռուսիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ յայտարարուեցան, Թուրքիան այդ պատժամիջոցներուն դէմ կեցաւ, «ուստի հանդարտ պիտի մնանք, պիտի փորձենք տագնապը չհրահրել եւ ռուս ժողովուրդին դէմ որեւէ քայլ պիտի չառնենք, որովհետեւ թուրք ժողովուրդի բարեկամ ժողովուրդ է, եւ Անտիոքի մէջ բազմաթիւ ռուսեր կան: Մենք Ռուսիայէն կը սպասենք, որ վերատեսութեան ենթարկէ տնտեսական պատժամիջոցներու վերաբերող վերջին յայտարարութիւնները»:

Մինչ այդ Ղազախստանի նախագահի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպելու: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ: Երկու նախագահները  երկկողմանի յարաբերութեանց կողքին խօսած են Սուրիոյ տագնապին եւ ռուսական «Սու-24»-ի կործանման հարցին մասին:

Ղազախստանի նախագահը ափսոսանք յայտնած է դէպքին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ նշած, որ մտահոգուած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վատթարացումով: Նազարպայեւ ստեղծուած կացութենէն ելք գտնելու համար առաջարկած է ստեղծել ռուս-թրքական յանձնախումբ մը, որ պիտի ուսումնասիրէ միջադէպին մանրամասնութիւնները:

Էրտողան իր կարգին ընդգծած է ամէնէն մօտ ժամանակին Փութինի հետ հանդիպելու իր պատրաստակամութիւնը: Նազարպայեւ յոյս յայտնած է, որ կողմերը օգտագործեն բոլոր կարելի միջոցները լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ օդուժի ներկայացուցիչ գնդապետ Իկոր Քլիմով յայտնած է. «Ռուսական «Սու-34 կործանիչ-ռմբաձիգները այսօր առաջին անգամ օդ բարձրացած են ոչ միայն ՕՖԱԲ-500 եւ ԿԱԲ-500 կառավարուող ռումբերով, այլ նաեւ մօտիկ եւ միջին հեռաւորութեան «Երկինք-երկինք» դասի հրթիռներով պաշտպանութեան համար»:

Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական սուզանաւեր մօտէն կը հետեւին արեւելեան Միջերկրականի մէջ գտնուող եւ «Էս-300»-ներով զինուած ռուսական «Մոսքվա» յածանաւի շարժումներուն:

Նշենք, որ Սուրիոյ վերեւ Թուրքիոյ կողմէ վար առնուած «Սու-24»-ի ռուս օդաչու Օլեկ Փեշքովի դիակը երէկ հասաւ Մոսկուա:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Յետասատեան Հանգրուանը Մօտալուտ Չէ» Կ՛ըսէ Ճենթիլոնի

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ Փութին-Օպամա Հանդիպում

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?